ՄԱՆՍՈՒՐ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ՊԷՅՐՈՒԹ
By adminx - Fri Nov 04, 10:19 am
- 0 Comments
- 7 views
- Tweet
Email
Print
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ վերադարձաւ Պէյրութ` աւարտելէ ետք Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած Արաբական լիկայի արտակարգ նիստին մասնակցելուն առումով իր աշխատանքները:
Մանսուր նկատել տուաւ, որ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն մասին Արաբական լիկային տուած որոշումը տեղին էր` աւելցնելով, որ այդ ջանքերը պիտի պսակուին սուրիական իշխանութիւններուն եւ ընդդիմութեան միջեւ երկխօսութիւն կատարելով:
Ան նշեց, որ երկխօսութեան վայրը տակաւին չէ ճշդուած` աւելցնելով սակայն, որ յստակ վայր մը ճշդելը դիւրաւ կարելի պիտի ըլլայ որոշել:
Մանսուր յայտնեց, որ Լիբանանի կեցուածքը կը զօրակցէր արաբական պատուիրակութեան տեսակէտներուն, ինչպէս նաեւ կը միտէր ամէն ջանք ի գործ դնել` օժանդակելու համար Սուրիոյ մէջ ապահովական կայունութեան վերահաստատման:
Մանսուր յայտնեց, որ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապիի Լիբանան կատարելիք այցելութիւնը առկախուած էր Արաբական լիկայի գումարած արտակարգ նիստին պատճառով` աւելցնելով, որ այդ այցելութիւնը անպայման պիտի կատարուի:
Անդրադառնալով դիւանագիտական նշանակումներուն` Մանսուր յայտնեց, որ դիւանագիտական այդ նշանակումները գրեթէ աւարտած են եւ անոնց շուրջ քաղաքական տարակարծութիւններ չկան. ան ըսաւ, որ նշանակումներուն անուանացանկը ամէնէն մօտիկ ապագային պիտի յանձնուի կառավարութեան:
- 0 Comments
- 7 views
- Tweet
Email
Print




