ՄԻՔԱՅԷԼ ՄԻՆԱՍԵԱՆ ԱԶԱՏ ԿԱՑՈՒՑՈՒԵՑԱՒ ԻՐ ՊԱՇՏՕՆԷՆ
By adminx - Fri Nov 04, 10:14 am
- 0 Comments
- 13 views
- Tweet
Email
Print
Հայաստանի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդեց, որ նախագահ Սերժ Սարգսեանի երէկուան հրամանագիրով` իր դիմումին համաձայն իր պաշտօնէն ազատ կացուցուեցաւ Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի առաջին տեղակալ Միքայէլ Մինասեանը:
Աւելի ուշ տրուած հարցազրոյցի մը մէջ, Միքայէլ Մինասեան նշեց, որ իր հրաժարականը անսպասելի չէր եւ ինքը կ՛երթար օգնելու Յովիկ Աբրահամեանին` խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւնները պատշաճ կերպով նախապատրաստելու համար:
Ըստ անոր, նախագահ Սարգսեան տրամադրուած է լաւագոյն ընտրութիւններու կայացման: Ան յայտնեց, որ իրենք պատրաստուած են ոչ միայն նախագահի կուսակցութեան յաղթանակը ապահովելու յառաջիկայ ընտրութիւններուն ընթացքին, այլեւ նպաստելու այնպիսի ընտրութիւններու կայացման, որմէ Հայաստանը դուրս պիտի գայ զօրացած եւ վստահօրէն դէպի ապագայ նայող: «Կը կարծեմ, որ այս ընտրութիւնները որակական յեղափոխութիւն պիտի ըլլան մեր երկրին եւ բոլորիս համար», ըսաւ Մ. Մինասեան:
Անդրադառնալով այն հարցումին, թէ արդեօք այս հրաժարականով պիտի աւարտի՞ պաշտօնաթողութիւններու շղթան, ան պատասխանեց, որ այսպիսի հարցումներու պատասխանը գիտէ միայն մէկ մարդ` հանրապետութեան նախագահը:
Յայտնենք, որ Միքայէլ Մինասեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի փեսան է:
- 0 Comments
- 13 views
- Tweet
Email
Print




