23 նոյեմբերին կը սկսին Եւրոպայի տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումները, որոնց իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստանի ազգային հաւաքականը:
Նիքշա Փաւցեւիչի գլխաւորած խումբին 14 մարզիկները այժմ կը գտնուին Դաւթաշէնի Ողիմպիական աւանին մէջ, ուր կը պատրաստուին այս ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն:
Հայրենի կազմը իր խմբակին մէջ ունի Ալպանիան եւ Դանիան:
Հայկական խումբը 23 նոյեմբերին Թիրանայի մէջ իր առաջին մրցումը կը կատարէ Ալպանիոյ դէմ, իսկ այդ մրցումէն երեք օր ետք Երեւանի մէջ կը հիւրընկալէ Դանիան: