ԸՍՏ «ԺԱԶԻՐԱ»Ի ՔԼԻՆԹԸՆ ԵՒ ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ ՊԻՏԻ ՓՈՐՁԵՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ – ԱԼԻԵՒ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵԼ
By adminx - Fri Nov 04, 10:06 am
- 0 Comments
- 60 views
- Tweet
Email
Print
Ազրպէյճանական «Վեսթի.ազ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հարաւային Կովկասի շրջանին նուիրուած իր վաւերագրական ժապաւէնին մէջ հաղորդած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ 2012-ին տեղի ունենալիք հանդիպումները կրնան կազմակերպուիլ Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն նախաձեռնութեամբ:
Չբացառելով, որ 2012-էն սկսեալ ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ նախաձեռնութիւնը իրենց ձեռքը առնեն Միացեալ Նահանգները, «Ժազիրա» նշած է. «Նախագահներու հերթական հանդիպում կրնայ տեղի ունենալ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի նախաձեռնութեամբ: Այդ հանդիպումին ձախողութեան պարագային, Պաքու պիտի սկսի լրջօրէն մտածել խնդիրը ուժային միջոցներով լուծելու մասին: Ծանօթ է, որ Ալիեւ Թուրքիա կատարած իր վերջին այցելութեան ընթացքին այդ հարցը քննարկած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ: 2012-ը ամբողջ շրջանին համար վճռորոշ պիտի ըլլայ»:
- 0 Comments
- 60 views
- Tweet
Email
Print




