Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ հանդիպումներ ունեցաւ երկրին քաղաքական բոլոր ղեկավարներուն հետ:
Ամբողջ օր մը տեւած հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականին հետեւանքով ստեղծուած տագնապն ու անոր լուծման հեռանկարները, ինչպէս նաեւ շեշտուեցաւ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը ամուր ու անխախտ պահելու կարեւորութիւնը:
Երեկոյեան նախագահ Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիէն, որ հաստատեց, որ լիբանանեան ներքին միասնականութիւնը կ՛երաշխաւորէ արտաքին սադրանքներն ու շրջանային հարցերը դիմագրաւելու կարելիութիւնը:
Նախագահ Աուն ընդունեց հանրապետութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլը, որ յայտնեց, թէ Լիբանան կը դիմագրաւէ լուրջ տագնապ մը, որուն արմատները խոր են` աւելցնելով, որ այդ տագնապը պէտք է լուծել եւ անոր լուծման առաջին քայլը վարչապետին հրաժարականն է:
«Վերջերս շատ լսեցինք, որ Լիբանանի մէջ կայ կողմ մը, որ շրջանային տագնապներուն յաղթած է, կարծէք այսօր Լիբանան այդ յաղթանակին գինը պիտի վճարէ: Պահանջուածը այն է, որ Լիբանան այլոց յաղթանակներուն գինը չվճարէ, այլ մնայ անկախ եւ չէզոք», ըսաւ Ժեմայէլ:
Նախագահ Աունի անջատաբար այցելեցին նաեւ հանրապետութեան նախկին նախագահներ զօր. Էմիլ Լահուտ եւ զօր. Միշել Սլէյման:
Հանդիպումէն ետք զօր. Միշել Սլէյման յայտնեց, թէ Լիբանան պիտի կարենայ լուծել այդ տագնապը` աւելցնելով, որ չէզոք անձերէ եւ մասնագէտներէ բաղկացած կառավարութեան մը կազմութիւնը լաւագոյն լուծումն է` երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու եւ վերահաստատելու «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը, ինչպէս նաեւ վերադառնալու երկրին պաշտպանութեան ռազմավարութեան քննարկումին:
Նախագահ Աունի այցելեց խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի, որ մեկնեցաւ մերժելով մեկնաբանութիւն կատարել:
Նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամ նախագահ Աունէն ներում հայցեց` ճամբորդութեան պատճառով հանդիպումին ներկայ չգտնուելուն համար:
Նախագահ Աուն ընդունեց նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ ինք լաւատես է, որ այդ տագնապը կարելի պիտի ըլլայ դիւրաւ լուծել` աւելցնելով, որ ինք նախագահ Աունի կեցուածքէն գոհ է:
Նախագահ Աուն ընդունեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան, որ գնահատեց երկրին անդորրը պահպանելու նախագահ Աունի ճիգերը եւ յայտնեց, թէ ինք Սաատ Հարիրիի հետ մնայուն կապի մէջ է:
Սինիորա ըսաւ, որ Հարիրի պիտի վերադառնայ Պէյրութ` աւելցնելով, որ իրենք միշտ կը զօրակցին Հարիրիին եւ վարչապետի պաշտօնին համար անոր թեկնածութիւնը կ՛առաջադրեն:
Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ երեսփոխան Պահիա Հարիրին:
Նախագահ Աուն ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի զաւակը` Թայմուր Ժոմպլաթը, ընկերակցութեամբ` երեսփոխան Ղազի Արիտիի:
Հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ շեշտեց, որ որեւէ մարտահրաւէր կարելի է դիմագրաւել երկխօսութեամբ` աւելցնելով, որ իրենք յանձնառու կը մնան այս տագնապը սահմանադրական հաստատութիւններուն ընդմէջէն լուծելու գաղափարին:
Նախագահ Աունի այցելեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ, որ մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:
Նախագահ Աուն ընդունեց Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, նախարար Թալալ Արսլանը, որ շնորհաւորեց նախագահը իր համբերատարութեան եւ որդեգրած ազգային կեցուածքներուն համար:
Նախագահ Աունի յաջորդաբար այցելեցին Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ, Ղովմի կուսակցութեան երեսփոխան Ասսատ Հարտան եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ:
Նախագահ Աուն իր խորհրդակցութիւնները աւարտեց ընդունելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլը:
Այցելութիւններուն աւարտին նախագահ Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նախկին վարչապետ Սելիմ Հըսի հետ:
Հըս շեշտեց լիբանանեան միասնականութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը, տարակարծութիւնները փարատելու անհրաժեշտութիւնը եւ ազգային միահեծան որոշումները արգիլելու հրամայականը:
Նախագահ Աուն խորհրդակցական իր հանդիպումները պիտի շարունակէ նաեւ այսօր:
ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ «Նաշրա» կայքը հաղորդեց, որ վաղը` հինգշաբթի, 9 նոյեմբեր 2017-ին, նախագահ Աուն հանդիպումներ պիտի ունենայ Լիբանանի մէջ Ապահովութեան խորհուրդի անդամ երկիրներու եւ արաբական երկիրներու դեսպաններուն հետ, ապա Հարիրիի հրաժարականին մասին կեցուածք մը պիտի հրապարակէ: