«ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԷՆ ԵՏՔ ԱՒԵԼԻ ՑԱԾ ՊԱՇՏՕՆ ՊԻՏԻ ՉՍՏԱՆԱՄ» Կ՛ԸՍԷ ՅՈՎԻԿ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
By adminx - Thu Nov 03, 7:59 am
- 0 Comments
- 3 views
- Tweet
Email
Print
Մեկնաբանելով իր հրաժարականին վերաբերող լուրերը` Հայաստանի Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Յովիկ Աբրահամեան «Արմնիուզ»ին յայտնեց, որ իր հրաժարականը ներկայացնելով ինք ապացուցեց իր նուիրուածութիւնը երկրի նախագահին:
Ան նշեց, որ օրէնսդրութիւնը չէր արգիլեր պահել Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնը` միաժամանակ կատարելով Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան նախընտրական արշաւի ղեկավարի գործառոյթները:
«Բայց ես նպատակայարմար կը տեսնեմ, որ անթերի աշխատանքները կազմակերպելու համար պէտք է այդպէս վարուինք: Ես չուզեցի, որ ատիկա նաեւ քննարկման առարկայ դառնայ, թէ Ազգային ժողովի նախագահը, ըլլալով կուսակցութեան գործադիրի անդամ, ղեկավարէ նաեւ նախընտրական արշաւը: Այդ քայլով ես իմ նուիրուածութիւնս ապացուցեցի երկրի նախագահին, Հանրապետական կուսակցութեան: Ապացուցեցի, որ պաշտօնը չէ, որ զիս կը պահէ կուսակցութեան անդամ: Ես աւելի կը նախըտրեմ նախընտրական արշաւի ղեկավար դառնալ եւ յաջողութիւններ ունենալ, քան թէ Ազգային ժողովի նախագահ ըլլալ: Օրինակ ծառայեցի շատերուն համար, որ կարելի չէ կուսակցութեան նուիրուիլ միայն պաշտօն վարելու համար», ընդգծեց Յովիկ Աբրահամեան:
Ան յայտնեց, որ բոլորովին վերջերս ընդունուած է Ընտրական օրէնսգիրքը եւ խնդիր դրուած է պատշաճ կազմակերպել եւ կայացնել ընտրութիւնները: Ան աւելցուց, որ վատ չէ, եթէ 5-6 ամիս Ազգային ժողովը ուրիշ ղեկավար ունենայ: Ըստ անոր, պէտք չէ խորքային պատճառներ փնտռել վերջին իրադարձութիւններուն մէջ:
«Կարեւոր է մեր կուսակցութեան ապագան, ուր ես կը տեսնեմ նաեւ իմ ապագաս», յայտարարեց ան:
Յովիկ Աբրահամեան նշեց նաեւ, որ ինք Հանրապետական կուսակցութեան նախընտրական արշաւը ղեկավարած է թէ՛ 2007-ի խորհրդարանական, թէ 2008-ի նախագահական ընտրութիւններու շրջանին:
Յովիկ Աբրահամեան իր հրաժարումէն ետք պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը խորհրդարանին մէջ:
Ան չբացառեց, որ ընտրութիւններէն ետք կրնայ վարչապետի պաշտօնը ստանձնել, քանի որ քաղաքականութեան մէջ ոչինչ բացառուած է: Ան հարց տուաւ, թէ ո՞վ կը մտածէր, որ ինք հրաժարական կու տայ` աւելցնելով, որ Հանրապետական կուսակցութեան մէջ այսպիսի քննարկում չէ եղած:
Միւս կողմէ, երէկ աւելի կանուխ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տրուած հարցազրոյցին ընթացքին Յովիկ Աբրահամեան նշեց, որ ընտրութիւններուն Հանրապետական կուսակցութեան յաղթանակէն ետք ինք աւելի ցած պաշտօն պիտի չստանձնէ: «Պարզ չէ, չէ՞, որ Յովիկ Աբրահամեան աւելի ցած պաշտօն պիտի չստանար: Եւ ես կը հաւատամ, որ իմ որոշումս ճիշդ էր», նշեց ան:
- 0 Comments
- 3 views
- Tweet
Email
Print




