Saturday May 25, 2013

ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՔՆԵՍԵԹԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՄՏԱԴԻՐ Է ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՄԱՆ ՀԱՍՆԻԼ

By adminx - Thu Nov 03, 7:57 am

Իսրայէլի խորհրդարանի նախագահը

«Ասպարէզ» կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի խորհրդարանի նախագահ Ռէուվեն Ռիվլին երեքշաբթի օր յայտարարած է, որ կ՛ուզէ Քնեսեթը Հայոց ցեղասպանութեան հարցով լիագումար նիստի հրաւիրել: «Իբրեւ հրեայ եւ իսրայէլացի իմ պարտականութիւնս է ճանչնալ այլ ժողովուրդներու ողբերգութիւնները», ըսած է ան:

Իսրայէլի խորհրդարանի նախագահը աւելցուցած է, որ որքան ալ դիւանագիտական նկատառումները կարեւոր ըլլան, անոնք «պէտք չէ մեզի խանգարեն ճանչնալու այլ ժողովուրդի մը ապրած ողբերգութիւնը», ըսած է Ռեվլին:

«Ասպարէզ» կ՛ընդգծէ, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը այս տարուան մայիսի կէսերուն Քնեսեթի կրթութեան եւ մշակոյթի յանձնախումբին ներկայացուեցաւ ընկերվարական Մերեց կուսակցութեան կողմէ, որուն աջակցած էր նաեւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի ղեկավարած Լիքուտ կուսակցութիւնը, իսկ 24 ապրիլը Իսրայէլի մէջ իբրեւ ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր նշելու բանաձեւը Քնեսեթին ներկայացուցած էր Առիէ Էլտատ: Բանաձեւը կը նախատեսէ նաեւ ապրիլ 24-ին իսրայէլեան դպրոցներուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նիւթով դասընթացքներ կատարել:

«Ասպարէզ» կը նշէ, որ երկու բանաձեւերու քննարկումները Իսրայէլի խորհրդարանին մէջ տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ շաբաթներուն:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement