Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան, երէկ` ուրբաթ, 27 հոկտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Սիմոն Վրացեան» մասնաճիւղի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յուշ-երեկոյ` նուիրուած բեմադրիչ եւ դերասան Սիմոն Մնակեանի: Ներկայ էր նաեւ Սիմոն Մնակեանի կինը` Սօսէ Մնակեան, որ այս առիթով յատուկ եկած էր Մարսէյէն:
Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան անունով բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Արազ Գոճայեան: Ան նկատել տուաւ, որ արուեստասէր եւ թատերասէր լիբանանահայը լաւ կը յիշէ 1960-1970-ական թուականներուն լիբանանահայ թատերական կեանքի եռուն ընթացքը, որուն մէջ իր դրոշմը ունեցած է նաեւ Սիմոն Մնակեան` աւելցնելով, որ Մնակեան յաջողած է քանդել հանդիսատեսին եւ թատերախաղին միջեւ գոյութիւն ունեցող երեւակայական պատնէշը` կամուրջ մը հանդիսանալով երկուքին միջեւ, ինչպէս նաեւ ինքնաքննարկումի ու ինքնաքննադատութեան էջ մը բանալ: Մնակեան իր ներկայացումներով մասնակից դարձած է լիբանանահայ թատերական կեանքը քաղաքականացնելու ճիգին եւ անոր համար ալ թերեւս իր մասին կարելի է ըսել մշակութային գործիչ: Գոճայեան յայտնեց, որ Մնակեան իր թատերական գործունէութիւնը շարունակեց Ֆրանսայի մէջ` ընթերցումներով, մատուցումներով եւ բեմադրութիւններով, սակայն Ֆրանսայի ժլատ պայմանները այնքան ալ ձեռնտու չեղան եւ իրեն անհրաժեշտ ուժականութիւնը չպարգեւեցին:
Եզրափակելով իր խօսքը` Ա. Գոճայեան հաստատեց, որ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը պարտք կը զգայ յարգելու, պատուելու եւ յիշելու բոլոր անոնք, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերած են լիբանանահայ թէ սփիւռքահայ թատերական կեանքին:
Սրտի խօսք արտասանեց Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» Ճեմարանէն Սիմոն Մնակեանի դասընկերուհին` Արփի Մինասեան-Կոստանեան, որ հաստատեց, որ Մնակեան հաճելի ներկայութիւն էր դասարանին մէջ եւ իր ներաշխարհը թատրոնն էր: Ան նկատել տուաւ, որ իր դասընկերներէն շատերուն մէջ Մնակեան արթնցուց թատրոնի հանդէպ սէրը եւ անոնք հետագային շարունակեցին դերեր ստանձնել տարբեր թատերախումբերու մէջ:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, ուր ներկայացուած էին Սիմոն Մնակեանի բեմադրած թատերախաղերէն հատուածներ: Տեսերիզին մէջ Մնակեանի մասին վկայութիւններ տուած էին Արա Մածունեան, Վահէ Պէրպէրեան եւ Զոհրապ Եագուպեան:
Արազ Գոճայեան կարդաց Յասմիկ Սիւրմէլեանի սրտի խօսքը Մնակեանի մասին:
Օրուան բանախօսն էր լիբանանահայ հանրածանօթ բեմադրիչ Յարութ Գնդունի: Ան լուսարձակի տակ առաւ 1920-1970-ական թուականներու թատերական կեանքը Լիբանանի մէջ` անդրադառնալով 1960-1970-ական թուականներուն թատերական կեանքին մէջ Սիմոն Մնակեանի ունեցած դերակատարութեան:
Ան ըսաւ, որ 1920-1940-ական թուականներուն թատրոն չենք ունեցած Լիբանանի մէջ: Գաղթական հայերը կրցած են հազիւ եկեղեցի, դպրոց, նաեւ բեմ մը շինել` աւելցնելով, որ օրին թատրոնի մասնագէտ չկար, որ բացատրէր անոր իմաստը: Գնդունի ըսաւ, որ այդ ժամանակաշրջանին Եգիպտոսէն, Պոլիսէն, Պարսկաստանէն եւ այլ երկիրներէ հայ դերասաններ այցելած են Լիբանան եւ թատերախաղեր ներկայացուցած, ինչ որ նպաստած է ճանչցնելու թատրոնի բնոյթը, եւ անիկա հետզհետէ սկսած է զարգանալ: 1940-էն ետք, երբ «Լեւոն Շանթ» թատերախումբը հետագային «Գասպար Իփէկեան»-ը թատերական շարժում ստեղծեցին, թատրոնը սկսաւ աւելի ճաշակաւոր ձեւով ներկայացուիլ, թատերախաղերուն մէջ իմաստ ու խորք սկսաւ ըլլալ եւ ժողովուրդը սկսաւ սիրել թատրոնը. մինչեւ 1960-ական թուականները թատրոնը բաւական յառաջացաւ: Անդրադառնալով Սիմոն Մնակեանի գործունէութեան` Գնդունի ըսաւ, որ 1969-1970-ական թուականներուն ան մուտք գործեց թատերական կեանքին մէջ` մնայուն կերպով գործակցելով Զոհրապ Եագուպեանի հետ` աւելցնելով, որ անոնք մասնագիտանալու համար ճամբորդած են Եւրոպա եւ վերադարձին ուզած են նորութիւն բերել թատրոնին ու յեղափոխութիւն մը ստեղծել թատերական կեանքին մէջ: Անոնք հիմնած են «Նոր թատրոն» խումբը` իրենց շուրջ համախմբելով երիտասարդներ, որոնց մէջ ստեղծած են խանդավառութիւն թատրոնին նկատմամբ: Գնդունի հաստատեց, որ Մնակեան բծախնդիր աշխատանք տարած է: Լիբանանի մէջ մօտաւորապէս 8 ներկայացումներ բեմադրած է: Ան «Նոր թատրոն» խումբին հետ բեմադրած է «Արա Գեղեցիկ»-ը, «Շողոքորթը»-ը եւ այլ թատերախաղեր: 1975-ին եղած է «Լեւոն Շանթ» թատերախումբի բեմադրիչը եւ բեմադրած է «Վաճառորդի մը մահը» իր թարգմանութեամբ: Նոյն շրջանին Զոհրապ Եագուպեանի հետ նաեւ իր եղբօր` Ալեքսան Մնակեանի հետ գործակցաբար հրապարակ իջեցուցած է պատմուածքներու ձայնասկաւառակ մը:
Եզրափակելով իր խօսքը` Յարութ Գնդունի մաղթեց, որ նման յուշ-երեկոներ կրկնուին, որպէսզի հայ թատրոնը չկորսուի, նաեւ յոյս յայտնեց, որ դպրոցներուն մէջ թատրոնը մուտք գործելով` դերասաններու եւ բեմադրիչներու նոր սերունդներ պատրաստէ:
Աւարտին շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Սիմոն Մնակեանի կինը` Սօսէ Մնակեան, որ շեշտեց արուեստի կարեւորութիւնը եւ թատրոնի շարունակականութիւնը: