Sunday May 26, 2013

ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԱՐԳԱՒՈՐՈՒՄԸ ԱՄԲՈՂՋ ՇՐՋԱՆԻՆ ՀԱՄԱՐ ՕԳՏԱԿԱՐ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ԿՈՐՏԸՆ

By adminx - Wed Nov 02, 7:57 am

Ֆիլիփ Կորտըն

Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆիլիփ Կորտըն յայտարարած է, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը ամբողջ շրջանին համար օգտակար պիտի ըլլայ:

«Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը ոչ միայն Հայաստանի եւ Թուրքիոյ օգտակար պիտի ըլլայ, այլեւ` ամբողջ շրջանին համար», ըսած է Կորտըն` նշելով, որ Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ այդ հոլովոյթին աջակցիլ:

Անդրադառնալով թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն` Ֆիլիփ Կորտըն ըսած է, որ Միացեալ Նահանգներ Թուրքիայէն աւելի կարեւոր գործընկեր չունի:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարարը ընդգծած է, որ իրենք բոլոր այն հարցերը, որոնց շուրջ Ուաշինկթընի եւ Անգարայի միջեւ տարակարծութիւններ գոյութիւն ունին, կը փորձեն լուծել անկեղծ երկխօսութեան միջոցով:

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement