Friday May 24, 2013

ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴԻ ՅՈՒՇԱՀԱՄԱԼԻՐ

By adminx - Wed Nov 02, 7:55 am

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ընդունեց Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան Արեւելքի հարցերով քարտուղար Սանճայ Սինկը:

Ողջունելով հիւրը, նախարար Նալբանդեան բարձր գնահատեց վերջին շրջանին հայ-հնդկական յարաբերութիւններուն մէջ նկատուող յստակ աշխուժացումը: Ան ընդգծեց, որ ատիկա երկու կողմէ ցուցաբերուող հետեւողականութեան արդիւնք է, եւ Հայաստան շահագրգռուած է հայ-հնդկական աւանդական ջերմ ու բարեկամական յարաբերութիւններու հետագայ զարգացումով եւ խորացումով:

Սանճայ Սինկ ընդգծեց, որ Հնդկաստանի մէջ առանձնայատուկ ջերմութեամբ կը վերաբերին Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին նկատմամբ եւ երկրին իշխանութիւնները նպատակադրուած են ընդլայնել Հայաստանի հետ բարեկամական գործընկերութիւնը եւ համագործակցութիւնը:

Զրուցակիցները գոհունակութեամբ արձանագրեցին, որ անցեալ տարի Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին Հնդկաստան կատարած պաշտօնական այցելութեան ընթացքին գոյացած համաձայնութիւնները արդէն կ՛իրագործուին:

Էդուարդ Նալբանդեան եւ Սանճայ Սինկ քննարկեցին 31 հոկտեմբերին տեղի ունեցած տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնախումբի նիստին եւ երէկ տեղի ունեցած երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ խորհրդակցութիւններուն արդիւնքները:

Հանդիպման ընթացքին կողմերը անդրադարձան երկկողմանի քաղաքական, տնտեսական, կրթութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութեան, մշակութային եւ առողջապահութեան մարզերուն մէջ համագործակցութեան ընդլայնման ուղղուած ծրագիրներուն եւ այդ ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք քայլերուն` մասնաւորաբար համապատասխան նախարարութիւններուն միջեւ խորհրդակցութիւններու կայացման, գործարար շրջանակներու միջեւ յարաբերութիւններու աշխուժացման, ինչպէս նաեւ իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնման միջոցով:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին շրջանային եւ միջազգային շարք մը հարցերու շուրջ:

Է. Նալբանդեան ներկայացուց Հարաւային Կովկասի շրջանային խնդիրները եւ անոնց լուծման վերաբերեալ Հայաստանի դիրքորոշումները: Է. Նալբանդեան բարձր գնահատեց Հնդկաստանի հաւասարակշռուած դիրքորոշումը արցախեան հիմնախնդիրին վերաբերեալ:

Յայտնենք, որ երէկ աւելի կանուխ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ տեղի ունեցան քաղաքական խորհրդակցութիւններ Հայաստանի եւ Հնդկաստանի միջեւ: Խորհրդակցութիւնները կը վարէին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Սերկէյ Մանասարեան եւ Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան Արեւելքի քարտուղար Սանճայ Սինկ:

Խորհրդակցութիւններուն ընթացքին արծարծուեցան երկկողմանի եւ բազմակողմանի համագործակցութեան տարբեր հարցեր, մասնաւորաբար բարձրաստիճան փոխադարձ այցելութիւններու կազմակերպման, հայ-հնդկական առեւտրական-տնտեսական կապերու եւ ներդրումային ծրագիրներու, իրաւապայմանագրային խարիսխի արդիականացման, միջազգային կազմակերպութիւններու ծիրին մէջ փոխադարձ գործակցութեան հետագայ զարգացման ուղղուած խնդիրներ:

Կողմերը միտքեր փոխանակեցին միջազգային եւ շրջանային շարք մը հարցերու շուրջ:

Հնդկական պատուիրակութեան անդամները այցելեցին նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձան եւ թանգարան:

Նոյն օրը ստորագրուեցաւ Հայաստանի կառավարութեան եւ Հնդկաստանի կառավարութեան միջեւ գիտութեան եւ արհեստագիտութեան մարզերուն մէջ 2012-2015 թուականներուն համագործակցութեան մասին ծրագիրը, որ նախատեսուած է «Գիտութեան եւ արհեստագիտութեան մարզին մէջ համագործակցութեան մասին» 25 մարտ 1994-ի համաձայնագիրով:

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement