ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՈՐՈՇԵՑ ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ ՊԱՇՏՕՆԸ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆԷՆ ԱՆՋԱՏԵԼ
By adminx - Wed Nov 02, 7:51 am
- 0 Comments
- 1 view
- Tweet
Email
Print
Կառավարութիւնը երէկ երեկոյեան ժամը 4:30-ին նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:
Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Միքաթի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող հարցերը:
Կառավարութիւնը քննարկեց 80 կէտերէ բաղկացող օրակարգ մը, որուն մէջ ներառուած էր նաեւ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի մշակած ընտրական օրինագիծը, որ նիստին ներկայացուեցաւ Շարպելի կողմէ:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ կառավարութիւնը որոշեց նախարարական պաշտօնը անջատել խորհրդարանականէն եւ այդ օրէնքը փոխանցեց խորհրդարանին, որպէսզի զայն վաւերացնէ:
Տաուք յայտնեց, որ կառավարութիւնը որոշած է Բարգաւաճման եւ վերակառուցման խորհուրդէն 6 միլիոն տոլարի գումար մը պահանջել` Տէյր Քամարի մէջ շտապ օգնութեան հիւանդանոց մը հիմնելու նպատակով:
«Նախարարաց խորհուրդը որոշեց Իքլիմ Թուֆֆահի, Նապաթիէի, Սայտայի, Զահրանիի եւ Ժեզզինի քաղաքապետարաններուն կատարել անոնց նիւթական յատկացումները, ինչպէս նաեւ որոշեց զանց առնել ճարտարարուեստի հաստատութիւններուն արձանագրութիւնը` Առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան գրասենեակներուն մէջ», ըսաւ Տաուք:
Կառավարութեան որոշումները յայտարարելու շրջագիծին մէջ Տաուք յայտնեց, որ կառավարութեան որոշումով 11 միլիոն 600 հազար տոլարի յատկացում պիտի կատարուի Արքուպի մէջ ջրային աշխատանքներու յատուկ երկու ծրագիրներ իրագործելու համար, ինչպէս նաեւ հանրօգուտ փոխադրութեան համար պետական գանձարկղը պիտի տրամադրէ առ հաշիւ գումար մը:
Տաուք նշեց, որ կառավարութիւնը առ հաշիւ 25 միլիառ լ. ոսկիի գումար մը պիտի յատկացնէ ուժանիւթի նախարարութեան, որպէսզի ան գործադրէ ոռոգման յատուկ ծրագիրներ:
Տաուք յայտնեց նաեւ, որ կառավարութիւնը ընթացիկ ամսուան կէսէն ետք ամէնօրեայ դրութեամբ ժողովներ պիտի գումարէ` քննարկելու համար այնպիսի հարցեր, որոնք կը հետաքրքրեն քաղաքացիները, ինչպէս նաեւ քննարկելու համար ընտրական օրինագիծն ու պետական պիւտճէի նախագիծը:
Անդրադառնալով նիստին ընթացքին իշխանութեան պետերուն կատարած յայտարարութիւններուն` Տաուք նշեց, որ նախագահ Սլէյման շնորհաւորած է Պաղեստինեան իշխանութիւնը` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին անոր անդամակցութեան առիթով: «Նախագահ Սլէյման ողջունեց այս առիթով ցուցաբերուած արաբական միասնականութիւնը եւ մաղթեց, որ ժողովրդավարութեան ջատագով պետութիւնները Միջին Արեւելքի մէջ ժողովրդավարութեան մէկ չափանիշ որդեգրեն եւ զօրակցին Պաղեստինեան իշխանութեան, որպէսզի ան անդամակցի ՄԱԿ-ին:
«Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ շրջանին մէջ այլոց հողերը բռնագրաւողը, Շեպաայի եւ Քֆարշուպայի, ինչպէս նաեւ Կոլանի հողերը բռնագրաւողը եւ պաղեստինեան հողերուն վրայ բնակեցման վայրերու կառուցումը շարունակողը կ՛ոտնակոխէ միջազգային բանաձեւերը: Հետեւաբար, մենք Միջազգային ընտանիքէն կը խնդրենք, որ ճնշում բանեցնէ իսրայէլեան գոյացութեան վրայ, որպէսզի ան վերջ տայ շրջանին մէջ իր բռնարարքներու քաղաքականութեան», ըսաւ Տաուք:
Անդրադառնալով վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կատարած յայտարարութիւններուն` Տաուք նշեց, որ ան շեշտած է ընտրական օրինագիծին քննարկման անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդգծած Լիբանանի մէջ արդիական չափանիշերով ընտրութիւններ կատարելու կարեւորութիւնը:
Տաուք նկատել տուաւ նաեւ, որ Միքաթի նշած է, թէ աշխատավարձերու յաւելման թղթածրարը տակաւին կը քննարկուի: Ան նաեւ կառավարութիւնը տեղեակ պահած է յառաջիկայ շաբաթավերջին Լոնտոն կատարելիք իր այցելութեան եւ Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնի հետ ունենալիք իր հանդիպումին մասին:
- 0 Comments
- 1 view
- Tweet
Email
Print




