8 Երիտասարդ Արուեստագէտներ Համազգայինի «Լ. Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահին Մէջ
Համազգայինի Հայաստանի գրասենեակը` հաւատարիմ իր առաքելութեան, երիտասարդ ստեղծագործողներու առաջին քայլերուն հաստատուն ընթացք հաղորդելու եւ անոնց գեղարուեստական որոնումներուն ասպարէզ տալու նպատակով, 28 ապրիլ 2017 թուականին նախաձեռնեց «ԵՍ ԵՄ» խորագիրը կրող ցուցահանդէսի կազմակերպման: Հայաստանի տարբեր շրջաններ ներկայացնող 8 արուեստագէտներ հանդէս եկան իրենց ստեղծագործական ներաշխարհով եւ տեսլականով, կերպարուեստի մէկ եւ ընդհանրական լեզուով հաղորդակցելու համարձակ միտումով: Ցուցահանդէսը լայն արձագանգ գտաւ Հայաստանի մէջ:
Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը նպատակայարմար գտաւ նոյն ցուցահանդէսը կազմակերպել նաեւ Լիբանանի մէջ եւ այս առիթով ներկայացնել նոյն խումբէն 8 արուեստագէտներ` համոզուած ըլլալով, որ լիբանանահայ արուեստասէր հանրութիւնը մեծապէս պիտի գնահատէ այս նախաձեռնութիւնը եւ իր քաջալերանքով յաւելեալ խթան պիտի հանդիսանայ նշեալ արուեստագէտներու ստեղծագործական երթին:
Բարի՛ վայելում բոլորիդ:
——————-
Արման Ասատրեան
Ծնած եմ Շիրակի մարզի Ցօղամարգ գիւղը, 1992-ին: Կ՛ուսանիմ Երեւանի Գեղարուեստի պետական ակադեմիայի Գիւմրիի մասնաճիւղի գեղարուեստական ձեւաւորումի բաժինին մէջ:
Մասնակցած եմ շարք մը ցուցահանդէսներու` Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ:
Գայեանէ Աւետիսեան
Ծնած եմ 1995 թուականին, Երեւան:
Ուսանած եմ Երեւանի Փ. Թերլեմեզեանի անուան գեղարուեստի պետական քոլեճի գեղանկարչութեան բաժինին մէջ:
Մրցանակակիր եմ «Արթ-Ֆեսթ» երիտասարդական միջազգային բաց փառատօնին եւ «Հոգեւոր վերածնունդ» ցուցահանդէսին:
Մասնակցած եմ «Փլեն էյր» միջազգային փառատօնին, Վորոնեժի մէջ, Ռուսիա:
Առաջին անհատական ցուցահանդէսս տուած եմ 2015-ին, «Թերլեմեզեան» ցուցասրահին մէջ:
Գայեանէ Բարխուդարեան
Ծնած եմ 1990 թուականին, Սիւնիքի մարզի Սիսեան քաղաքը:
Ուսանած եմ Սիսեանի «Զ. Խաչատուրեան»-ի անուան նկարչական դպրոցին մէջ:
2010 թուականին աւարտած եմ Երեւանի Փ. Թերլեմեզեանի անուան գեղարուեստի պետական քոլեճը, իսկ 2017 թուականին` Երեւանի Գեղարուեստի պետական ակադեմիայի գեղանկարչութեան բաժինը:
Մասնակցած եմ շարք մը ցուցահանդէսներու` Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ: Մրցանակակիր եմ միազգային մրցում- փառատօներու:
Էլմիրա Թումանեան
Ծնած եմ 1996-ին, Շիրակի մարզի Գիւմրի քաղաքը:
Ուսանած եմ Գիւմրիի Ն. Տիգրանեանի անուան արուեստի դպրոցին մէջ:
Այժմ ուսումս կը շարունակեմ Երեւանի Գեղարուեստի պետական համալսարանին մէջ: Մասնակցած եմ շարք մը ցուցահանդէսներու` Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ:
Արսէն Յարութիւնեան
Ծնած եմ 1982 թուականին, Երեւան:
2004 թուականին աւարտած եմ Երեւանի Փ. Թերլեմեզեան անուան գեղարուեստի պետական քոլեճը, իսկ 2017 թուականին` Երեւանի Գեղարուեստի պետական ակադեմիայի գեղարուեստական ձեւաւորումի բաժինը:
Մասնակցած եմ շարք մը ցուցահանդէսներու` Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ:
Իմ առաջին անհատական ցուցահանդէսս տուած եմ «Հայ-Արը» մշակութային կեդրոնին մէջ:
Վահէ Եղեան
Ծնած եմ 1998 թուականին, Սիւնիքի մարզի Սիսեան քաղաքը:
Կ՛ուսանիմ Երեւանի Փ. Թերլեմեզեանի անուան գեղարուեստի պետական քոլեճին մէջ:
Մասնակցած եմ շարք մը ուսանողական ցուցահանդէսներու եւ մրցումներու:
Ռիմա Նանեան
2013-ին աւարտած եմ Երեւանի Փ. Թերլեմեզեանի անուան գեղարուեստի պետական քոլեճը: Այժմ ուսումս կը շարունակեմ Երեւանի Գեղարուեստի պետական ակադեմիային մէջ:
Մասնակցած եմ շարք մը ցուցահանդէսներու եւ մրցումներու եւ մշակութային նախագիծներու:
Մրցանակակիր եմ «Արթ-Ֆեսթ» (2013, 2014) երիտասարդական միջազգային բաց փառատօնին:
Նուշիկ Պետրոսեան
Ծնած եմ 1995-ին, Շիրակի մարզի Գիւմրի քաղաքը:
Յաճախած եմ Երեւանի Գեղարուեստի պետական ակադեմիայի Գիւմրիի մասնաճիւղը:
Մասնակցած եմ շարք մը ցուցահանդէսներու:
2015-ին գործերս ներկայացուած են Նիւ Եորքի ժամանակակից արուեստի թանգարանին մէջ, Միացեալ Նահանգներ: