Wednesday May 22, 2013

ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՍԱՏ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐՍԼԱՆԸ

By adminx - Wed Nov 02, 7:49 am

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երէկ Դամասկոսի մէջ ընդունեց Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանը, որուն ընկերակցեցան պետական նախարար Մարուան Խէյրէտտինը եւ տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նասրէտտին Ղարիպը:

Հանդիպումէն ետք Արսլան յայտնեց, որ նախագահ Ասատի հետ քննարկած են տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները` տրուած ըլլալով, որ կան արտաքին դաւադրութիւններ, որոնք թիրախ կը դարձնեն Միջին Արեւելքը եւ անոր ապահովական կայունութիւնը:

Արսլան նկատել տուաւ, որ իրենց եւ նախագահ Ասատի տեսակէտը նոյնանման էր` շրջանին քաղաքական իրականութեան վերաբերեալ: Ան նշեց, որ ամբողջ շրջանը եւ անխտիր բոլոր պետութիւնները թիրախ դարձնող հարուածին առումով իրենք նոյն կեցուածքները բաժնած են` աւելցնելով, որ այդ հարուածը Սուրիայէն սկսած է, որովհետեւ Սուրիա կը կազմէ արաբ ազգին պաշտպանութեան հիմնական ճակատը` պայքարելու Արեւմուտքին եւ շրջանային կարգ մը երկիրներու զօրակցութիւնը վայելող Իսրայէլի դէմ:

Արսլան հաստատեց, որ իրենք պիտի շարունակեն զօրակցիլ Սուրիոյ, որ ամբողջ աշխարհին համար դարձած է քաղաքակրթութեան եւ արաբականութեան բնօրրանը. ան շեշտեց, որ Սուրիա շրջանցած է տագնապը եւ շատ աւելի հզօր դուրս պիտի գայ անկէ:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement