ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
150 տարի առաջ գերմանացի փիլիսոփայ Քարլ Մարքս հրատարակեց իր հանճարեղ «Դրամագլուխը. քննադատութիւն քաղաքական տնտեսութեան» (ծանօթ է նաեւ իբրեւ «Բանուոր դասակարգի աւետարան») աշխատութիւնը, որ տեսական բնոյթի հսկայական աշխատանք մըն է նիւթապաշտական փիլիսոփայութեան դպրոցին ծիրին մէջ: Աշխատութիւնը կը բաղկանար երեք հատորներէ: Առաջին հատորը միայն լոյս տեսաւ Մարքսի ողջ եղած ժամանակ, իսկ միւս երկու հատորները հրատարակուեցան իր մահէն ետք, իր գաղափարակից եւ գործընկեր Ֆրիտրիխ Էնկելսի կողմէ: Առաջին հատորը հրատարակուեցաւ 1867-ին` «Դրամագլուխի արտադրութեան հոլովոյթը» խորագիրով: Անոր յաջորդեցին երկրորդ եւ երրորդ հատորները, որոնք հրատարակուեցան Էնկելսի կողմէ` Մարքսի յուշատետրին օգտագործումով` «Դրամագլուխի շրջանառութեան հոլովոյթը» խորագիրով` 1885-ին եւ «Դրամատիրական արտադրութեան հոլովոյթը իբրեւ ամբողջութիւն» խորագիրով՝ 1894-ին: Հետագային «Դրամագլուխը» դարձաւ մարքսական տնտեսագիտութեան գլխաւոր աղբիւրներէն մէկը` «Համայնավարական մանիֆեստ»-ի կողքին:
Այս աշխատութիւնը արդի միջազգային տնտեսագիտութեան մարզին մէջ կը նկատուի ամէնէն կարեւոր երեք հրատարակութիւններէն մէկը: Անոր կողքին են բրիտանացի երկու տնտեսագէտներու` Ատամ Սմիթի «Հետազօտութիւն ժողովուրդներու հարստութեան բնոյթին եւ պատճառներուն շուրջ» (հրատարակուած է 1776-ին` իբրեւ դասական ազատական տնտեսութեան օրինակ) եւ Ճոն Մէյնարտ Քէյնզի «Աշխատանքի, տոկոսի եւ դրամի ընդհանուր տեսութիւն» (հրատարակուած է 1936-ին եւ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք դարձած արեւմտեան պետութիւններու օրինակ) հրատարակութիւնները:
Մարքսը իր փիլիսոփայական աշխատանքը գրեց իբրեւ քննադատութիւն դրամատիրական արտադրութեան եղանակին, երբ նոր ձեւաւորուած էր դրամատիրական տնտեսութիւնը, եւ նոր սկսած էին շուկաները աճիլ, դրամատուները տարածուիլ եւ գաղութատիրական ծրագիրները կազմակերպուիլ:
Քարլ Մարքս նախ եւ առաջ կը բացատրէ դրամագլուխի ծագումն ու ձեւաւորումը, երբ ան կ՛ըսէ. «Ապրանքային շրջանառութիւնը դրամագլուխի ելակէտն է: Անոր ծագման պատմական նախադրեալներն են ապրանքային արտադրութիւնը եւ զարգացած ապրանքային շրջանառութիւնը, առեւտուրը: Համաշխարհային առեւտուրն ու համաշխարհային շուկան 16-րդ դարուն կը բանան դրամագլուխի նոր պատմութիւնը»: Այսինքն դրամագլուխը ձեւաւորուած ու ծնած է զուգահեռաբար առեւտուրի եւ շուկայի ձեւաւորման ու ծնունդին հետ:
Դրամագլուխի ծագումը իրեն հետ զարգացուց արտադրութեան միջոցներու որակը` ծնունդ տալով 18-րդ դարու ճարտարարուեստական յեղափոխութեան, որ փոխարինեց գիւղատնտեսութեան ժամանակաշրջանը: Դրամագլուխի` ճարտարարուեստական յեղափոխութեան դերակատարութեան մասին Մարքս կը գրէ. «Պատմականօրէն դրամագլուխը ամէն տեղ կանգնած է հողային սեփականութեան դէմ` սկիզբը դրամի ձեւով, իբրեւ դրամական գոյք, իբրեւ վաճառականական ու վաշխառուական դրամագլուխ»:
Ճարտարարուեստական յեղափոխութիւնը յանկարծակիօրէն կը փոխէ աշխատանքի շուկայի ժողովրդագրութիւնը` պատճառ դառնալով գիւղացիներու գաղթին` դէպի ճարտարարուեստական քաղաքներ: Եւ ահաւասիկ քաղաքներուն մէջ ձեւաւորուած գործարաններէն կը ծնի աշխատաւորութիւնը: Գործարաններուն մէջ ձեւաւորուած նոր աշխատաւորութիւնը կարիքը կ՛ունենայ աշխատուժի, զոր Մարքս հետեւեալ տողերով կը սահմանէ. «Աշխատուժ կամ աշխատունակութիւն ըսելով` մենք կը հասկնանք ֆիզիքական ու մտաւոր այն ընդունակութիւններուն ամբողջութիւնը, որ ունի մարդու կազմը, անոր կենդանի անձնաւորութիւնը եւ որ ան կը գործադրէ ամէն անգամ, երբ որեւէ սպառողական արժէք կ՛արտադրէ»: Այդ աշխատուժը կը դառնայ աշխատանքի հիմքը, որ իր կարգին կը վերածուի փոխադարձ հասկացողութիւններու, քանի առանց աշխատուժի` աշխատանք չկայ: Աշխատանքը Մարքսի կողմէ կը սահմանուի իբրեւ «նախ եւ առաջ մարդու ու բնութեան միջեւ կատարուող հոլովոյթ. հոլովոյթ մը, որուն մէջ մարդը իր սեփական գործունէութեամբ կը միջնորդէ, կը կարգաւորէ եւ կը վերահսկէ նիւթերու փոխանակութիւնը բնութեան եւ իր միջեւ: Բնութեան նիւթին դիմաց մարդն ալ կանգնած է իբրեւ բնութեան ուժ: Իր մարմինին պատկանող բնական ուժերը` բազուկներն ու ոտքերը, գլուխն ու մատները ան շարժման մէջ կը դնէ, որպէսզի բնական նիւթը իւրացնէ իր սեփական կեանքին համար պիտանի որոշ ձեւով: Այդ շարժման միջոցով ներգործելով իրմէ դուրս գտնուող բնութեան վրայ եւ զայն փոխելով` ան միեւնոյն ժամանակ կը փոխէ իր սեփական բնութիւնը: Ան կը զարգացնէ իր բնութեան մէջ գտնուող կարողութիւնները եւ այդ ուժերուն խաղը կ՛ենթարկէ իր սեփական իշխանութեանը»: Այսպիսով, ոեւէ մարդ-անհատ, որ կը գործածէ իր աշխատուժը, կը դառնայ աշխատաւոր:
Իւրաքանչիւր աշխատաւոր կ՛ունենայ իր գործատիրոջ կողմէ նշանակուած աշխատաժամ, ուր կը պարպէ իր աշխատուժը` յանուն արդիւնաբերական արտադրութեան: Աշխատաժամը, ըստ Մարքսին, «ունի լրիւ 24 ժամ, հանած` հանգիստի այն սակաւաթիւ ժամերը, առանց որոնց` աշխատուժը բացարձակապէս անպէտք կը դառնայ իր ծառայութիւնը վերսկսելու համար: Ըստ էութեան, հասկնալի է, որ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին բանուորը, առանց բացառութեան, ոչ այլ ինչ է, եթէ ոչ` աշխատուժ, ուստի եւ անոր տրամադրութեան տակ եղած ամբողջ ժամանակը, բնականօրէն եւ իրաւունքի համաձայն, աշխատաժամանակ է, հետեւապէս ամբողջովին կը պատկանի դրամագլուխի ինքնաճի հոլովոյթին: Ինչ կը վերաբերի այն ժամանակին, որ մարդուն անհրաժեշտ է կրթական, մտաւոր զարգացման, ընկերային գործունէութիւններ կատարելու` ընկերական հաղորդակցութեան, ֆիզիքական ու մտաւոր ուժերու ազատ խաղի համար, նոյնիսկ կիրակին տօնելու համար, ապա այդ բոլորը դատարկ ցնդաբանութի՜ւն են»: Բոլոր այս չարիքները Մարքսի կողմէ կը նկատուին դրամատիրական համակարգի չարիքներ, հետեւաբար ան կը շեշտէ. «Դրամատիրական արտադրութիւնը, որ ըստ էութեան, յաւելեալ արժէքի արտադրութիւն, յաւելեալ աշխատանքի ներծծումն է, աշխատանքային օրուան երկարացումով յառաջ կը բերէ ո՛չ միայն մարդկային աշխատուժի սպառումը, որմէ կը խլուին զարգացման ու գործունէութեան բարոյական ու ֆիզիքական բնականոն պայմանները: Դրամատիրական արտադրութիւնը յառաջ կը բերէ բուն աշխատուժի վաղաժամ սպառում եւ ոչնչացում: Ան որոշ ատեն մը կ՛երկարացնէ տուեալ բանուորին արտադրական ժամանակը, բայց անոր վնաս կը հասցնէ` անոր կեանքին տեւողութիւնը կարճցնելով»:
Մարդկային-հասարակական կեանքին մէջ, մարդկային ընկերութեան ձեւաւորման առաջին օրերէն իսկ կը գործէր աշխատանքի բաժանումը: Սակայն աշխատանքի այդ բաժանումը աւելի խստացաւ դրամատիրութեան ծագումէն ետք: Մարքս կ՛անդրադառնայ այս բաժանումին` նշելով. «Աշխատանքի բաժանումը հասարակութեան մէջ եւ անհատի համապատասխան սահմանափակումը զբաղմունքի որոշ ոլորտով, ունի, ինչպէս եւ` աշխատանքի բաժանումը ճարտարարուեստին մէջ, զարգացման երկու հակադիր ելակէտներ: Ընտանիքի սահմաններուն, իսկ հետագայ զարգացումով` տոհմի սահմաններուն մէջ: Աշխատանքի բնական բաժանումը կը ծագի սեռի ու տարիքի տարբերութիւններէն, այսինքն` զուտ բնախօսական հիմքի վրայ, եւ աշխատանքի այդ բաժանումը իր ոլորտը կ՛ընդարձակէ հասարակական կեանքի ծաւալման, բնակչութեան աճին, իսկ առանձնապէս երկու տարբեր տոհմերու միջեւ ընդհարումներու ծագելուն եւ մէկ տոհմը միւս տոհմերուն ենթարկուելուն զուգընթաց: Միւս կողմէ, ինչպէս ես արդէն նկատած եմ, արդիւնքներու փոխանակութիւնը կը ծագի այն կէտերէն, ուր շփման մէջ կը մտնեն տարբեր ընտանիքներ, տոհմեր, համայնքներ, որովհետեւ մարդկային մշակոյթի սկիզբին ո՛չ թէ առանձին անհատները, այլ ընտանիքները, տոհմերը եւ այլ խումբերն են յարաբերութեան մէջ մտած միմեանց հետ` իբրեւ ինքնուրոյն միաւորներ: Տարբեր համայնքներ արտադրութեան տարբեր միջոցներ ու տարբեր կենսամիջոցներ կը գտնեն զիրենք շրջապատող բնութեան մէջ: Այդ պատճառով ալ անոնք մէկը միւսէն կը տարբերին արտադրութեան եղանակով, ապրելակերպով եւ զիրենք արտադրած արդիւնքներով: Անոնք այն բնական տարբերութիւններն են, որոնք համայնքներու շփման հոլովոյթին մէջ կը յառաջացնեն արդիւնքներու փոխադարձ փոխանակութիւն: Հետեւաբար նաեւ այդ արդիւնքներու աստիճանական փոխարկում` ապրանքներու: Փոխանակութիւնը տարբերութիւն չի ստեղծեր արտադրութեան ոլորտներուն միջեւ, բայց արդէն մէկը միւսէն տարբերող ոլորտներու միջեւ կապ կը հաստատէ եւ զանոնք կը դարձնէ հասարակական ամբողջական արտադրութեան աւելի կամ նուազ չափով իրարմէ կախում ունեցող ճիւղեր: Այստեղ աշխատանքի հասարակական բաժանումը յառաջ կու գայ փոխանակութեան միջոցով, որ կը կատարուի արտադրութեան սկիզբէն տարբեր, բայց իրարմէ անկախ ոլորտներու միջեւ: Այնտեղ, ուր ելակէտը աշխատանքի բնախօսական բաժանումն է, անմիջականօրէն շաղկապուած ամբողջութեան առանձին օրկանները կը բաժնուին, կը քայքայուին, ընդ որում` այդ քայքայման գլխաւոր խթանը կը հանդիսանայ օտար համայնքներու հետ կատարուած ապրանքափոխանակութիւնը, եւ օրկանները կը դառնան ինքնուրոյն` պահպանելով այն փոխադարձ կապը միայն, որ կը հաստատէ տարբեր աշխատանքներու միջեւ անոնց արդիւնքները` ապրանքներու փոխանակման միջոցով: Պարագայի մը իր ինքնուրոյնութիւնը կը կորսնցնէ այն, ինչ որ առաջ ինքնուրոյն էր, միւս պարագային ինքնուրոյն կը դառնայ այն, ինչ որ առաջ ինքնուրոյն չէր»: Մարքսը նաեւ կ՛աւելցնէ, որ աշխարհագրութիւնն ալ իր դերակատարութիւնը ունի աշխատանքի բաժանման մէջ. «Աշխատանքի զարգացած ու ապրանքափոխանակութեան միջոցով իրականացուող ամէն մէկ բաժանման հիմքը քաղաքի եւ գիւղի անջատումն է իրարմէ: Կարելի է ըսել, որ հասարակութեան տնտեսական ամբողջ պատմութիւնը կ՛ամփոփուի հակադրութեան այդ շարժման մէջ»:
Մարքսը աւելի խոր կը վերլուծէ դրամատիրական համակարգի շահոյթը` գրելով. «Դրամատէրը ապրանքը կ՛արտադրէ ո՛չ ապրանքի սիրոյն, ո՛չ ալ անոր սպառողական արժէքի կամ թէ իր անձնական սպառման համար: Այն արդիւնքը, որով իսկապէս կը շահագրգռէ դրամատէրը, ոչ թէ նոյնինքն շօշափելի արդիւնքն է, այլ արդիւնքի արժէքի այն յաւելոյթն է, որ կը ստացուի արդիւնքին վրայ գործադրուած դրամագլուխի արժէքէն վեր: Դրամատէրը կանխաւ կը վճարէ ամբողջ դրամագլուխը` առանց ուշք դարձնելու այն տարբեր դերերուն, որոնք կը խաղան անոր բաղադրամասերը յաւելեալ արժէքի արտադրութեան մէջ: Ան (դրամատէրը) այս բոլոր բաղադրամասերը միակերպ կը կանխավճարէ` ո՛չ միայն կանխավճարուած դրամագլուխը վերարտադրելու, այլ նաեւ ատկէ վեր արժէքի յաւելոյթ արտադրելու համար: Դրամատէրը կը կանխավճարէ փոփոխուն դրամագլուխ, որուն արժէքը ան կրնայ աւելի բարձր արժէքի փոխարկել` յիշեալ արժէքը կենդանի աշխատանքի հետ փոխանակելով, կենդանի աշխատանքը շահագործելով: Բայց ան լոկ այն ժամանակ կրնայ աշխատանքը շահագործել, երբ միաժամանակ կը կանխավճարէ այս աշխատանքը կիրարկելու անհրաժեշտ պայմաններուն համար` աշխատանքի միջոցներն ու աշխատանքի առարկան, մեքենաներն ու հումքը, այսինքն` երբ ան իր ձեռքին ունեցած արժէքի գումարը կը փոխարկէ արտադրապայմաններու ձեւերուն»:
Մարքսի խոր վերլուծումը կը հասնի մինչեւ դրամատիրական համակարգի սկզբունքային ակունքները, ուր ան կը քննարկէ դրամատիրական արտադրութիւնն ու վերաբաշխումը: «Արտադրութեան դրամատիրական եղանակի գիտական վերլուծումը կ՛ապացուցէ, ընդհակառակն, որ ան յատուկ տեսակի, յատուկ պատմական որոշակիութիւն ունեցող արտադրութեան եղանակ է, որ ան, ինչպէս եւ` արտադրութեան ամէն մէկ այլ որոշակի եղանակ, հասարակական արտադրողական ուժերու եւ անոնց զարգացման ձեւերու տուեալ աստիճանը կ՛ենթադրէ իբրեւ իր պատմական պայմանը, պայման մը, որ ինքը նախընթաց հոլովոյթի մը պատմական հետեւանքն ու արդիւնքն է եւ որմէ, ինչպէս` իր տուեալ հիմքերէն, կ՛ելլէ արտադրութեան նոր եղանակը. այդ յատուկ, պատմականօրէն որոշակի արտադրութեան եղանակին համապատասխանող արտադրական յարաբերութիւնները. յարաբերութիւններ, որոնք կը մեղմացնեն մարդիկ իրենց հասարակական կեանքի հոլովոյթին մէջ, իրենց հասարակական կեանքի արտադրութեան մէջ` յատուկ, պատմական եւ անցողիկ բնոյթ կը կրեն, որոնք, վերջապէս, իրենց էութեամբ բաշխման պայմանները, որոնք նոյնական են արտադրութեան պայմաններուն հետ, կը կազմեն այս վերջիններուն հակապատկերը. այնպէս որ, թէ՛ արտադրական եւ թէ՛ բաշխման յարաբերութիւնները հաւասարապէս միեւնոյն պատմական անցողիկ բնոյթը կը կրեն»: Մարքս կը շարունակէ մերկացնել դրամատիրական համակարգը` փաստելով անոր հակաբանուորական ուղղութիւնը. «Ի հարկէ, կարելի է ըսել, որ դրամագլուխը (որուն մէջ կը ներառուի նաեւ հողային սեփականութիւնը` իբրեւ անոր հակադրութիւն) ինքը արդէն կ՛ենթադրէ բաշխում` բանուորի սեփականազրկումը իր աշխատանքի պայմաններէն. այդ պայմաններուն համակեդրոնացումը անհատներու փոքրամասնութեան ձեռքին մէջ. հողի բացառիկ սեփականութիւնը ուրիշ անհատներու համար… Այս պարագային նկատի կ՛ունենան տարբեր տիտղոսներ` արդիւնքի այն բաժինին համար, որ կը հասկցուի անհատական սպառում: Ընդհակառա՛կն, բաշխման վերը նշուած յարաբերութիւնները հիմք կը հանդիսանան յատուկ հասարակական գործառոյթներու, որոնք նոյնինքն արտադրական յարաբերութեան սահմաններուն մէջ բաժին կ՛իյնան անոր որոշակի գործակալներուն` ի հակադրութիւն անմիջական արտադրողներու: Անոնք յատուկ հասարակական որակ կը հաղորդեն իրենց իսկ արտադրութեան պայմաններուն եւ անոնց ներկայացուցիչներուն: Անոնք կ՛որոշեն արտադրութեան ամբողջ բնոյթը եւ ամբողջ շարժումը»:
Վերջաւորութեան Մարքսը կը նշէ դրամատիրական համակարգէն յառաջացած երեք դասակարգերը` գրելով. «Լոկ բանուորական ուժի սեփականատէրերը, դրամագլուխի սեփականատէրերը եւ հողի սեփականատէրերը, որոնց եկամուտներուն համապատասխան աղբիւրներն են աշխատավարձը, շահոյթը եւ հողային վարձքը: Ուրեմն, վարձու բանուորները, դրամատէրներն ու հողային սեփականատէրերը կը գոյացնեն դրամատիրական արտադրութեան եղանակի վրայ խարսխուած ժամանակակից հասարակութեան երեք մեծ դասակարգերը»:
Քարլ Մարքսի այս միտքերը գրուած են 150 տարի առաջ, երբ նոր ձեւաւորուած էր դրամատիրութիւնը: Այսօր արդեօք Մարքսը ի՞նչ պիտի գրէր, երբ տեսնէր, որ աշխարհի վրայ մեծ ձեռնարկութիւնները աւելի ագահացած են եւ անմարդկային ձեւով կը մրցակցին, տեսնէր պատերազմները, որոնք կը մղուին յանուն քարիւղի, տեսնէր նաեւ կրթութեան եւ առողջապահութեան սեփականաշնորհումը, գաղթականներու շահագործումը, դրամատուներու հասարակական դերակատարութեան լայնացումը եւ բնութեան բնաջնջումը: Մարքսի գաղափարները կը հանդիսանան պատասխանը դրամատիրական վայրագութեան, եւ Մարքսը կը մնայ այլընտրանք, մինչեւ որ վերացուի մեծ ձեռնարկութիւններու դերը, պետականացուին քարիւղի ընկերութիւնները, հանրային սեփականատիրութեան ենթարկուին կրթական եւ առողջապահական հիմնարկները, պաշտպանուին գաղթականներու եւ տեղահանուածներու իրաւունքները, հսկողութեան ենթարկուին դրամատուները եւ պահպանուի բնութիւնը: Ահա այս է 21-րդ դարու մարքսական պատգամը: