Լիբանանահայ թատերասէրները երէկ երեկոյեան վերյիշեցին լիբանանահայ թատրոնի «Ոսկեդար»-ը կերտած թատերական տիտաններու երանելի գործերը, ուր թէեւ ֆիզիքապէս բացակայ, բայց հոգեպէս տիրական էր օրուան մեծարեալին` Ժորժ Սարգիսեանի ներշնչող ոգին:
Արդարեւ, հովանաւորութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ գործակցութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան ու «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան, երէկ` չորեքշաբթի, 27 սեպտեմբեր 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ ձեռնարկ մը, նուիրուած` վաստակաւոր բեմադրիչ, դերուսոյց, թարգմանիչ եւ դերասան Ժորժ Սարգիսեանի մահուան 35-ամեակին:
Խուռներամ բազմութեան ներկայութեան եւ բացառիկ կարգապահութեամբ կազմակերպուած այս ձեռնարկին հանդիսավարն էր Մարալ Մխսեան, որ ողջունելով ներկաները թուեց յայտագիրին գլխաւոր մասերը: «Այսօր կը յիշենք մարդ մը, որ զոհողութեամբ իր առաւելագոյնը տուաւ լիբանանահայ թատրոնին եւ անջնջելի հետք ձգեց Համազգայինի, լիբանանահայ եւ սփիւռքահայ թատերական կեանքին մէջ», հաստատեց Մարալ Մխսեան` նշելով, որ ձեռնարկը յատկացուած է նաեւ Ժորժ Սարգիսեանի թարգմանական ամբողջական արգասիքի շնորհահանդէսին: Այս առիթով ան ձեռնարկին կազմակերպիչ մարմինին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան բանախօսներուն` Արա Արծրունիին եւ Կարօ Յովհաննէսեանին, տեսերիզը պատրաստած Վարդան Մկրտիչեանին, Վիգէն Ստեփանեանին, Գուրգէն Փափազեանին, Արմէն Ապտալեանին, «Ազդակ» օրաթերթին եւ «Վանայ ձայն»-ին:
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը կարդաց Արին Գալուստեան` մէջբերելով հատուածներ Ժորժ Սարգիսեանի թարգմանչական աշխատանքին նուիրուած հատորներու յառաջաբանէն:
Գալուստեան վեր առաւ վաստակաւոր բեմադրիչի նուիրեալ աշխատանքին յատկութիւններն ու իրագործումները հայ թատրոնի բնագաւառին մէջ: Նմանապէս, Արին Գալուստեան խիստ բարձր գնահատեց Ժորժ Սարգիսեանի թատերական թարգմանութիւններն ու յատկապէս անոր արխիւը բծախնդրօրէն խմբագրած Արա Արծրունիի աշխատանքը: Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անունով Գալուստեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Ժորժ Սարգիսեանի նուիրուած հատորներու հրատարակման մեկենաս Անժել եւ Սինան Սինանեան բարերար ամոլին:
Ապա խօսք առաւ օրուան առաջին բանախօս, թատերասէր, մտաւորական Արա Արծրունի, որ կեդրոնացաւ Ժորժ Սարգիսեանի գործունէութեան եւ նկարագիրին վրայ` իբրեւ մարդ ու դերասան: Ան շեշտեց անոր առանձնայատկութիւնները իբրեւ մարդ, գլխագի՛ր մարդ: Այս առիթով Արծրունի վերյիշեց հանրածանօթ երգիծանկարիչ Տիրան Աճէմեանի «Երեք էին անոնք» խորագրեալ երգիծանկարը` նուիրուած Լեւոն Շանթին, Նիկոլ Աղբալեանին եւ Գասպար Իփէկեանին:
Օրուան երկրորդ բանախօսն էր լիբանանահայ ծանօթ մտաւորական Կարօ Յովհաննէսեան, որ հանգամանօրէն անդրադարձաւ Ժորժ Սարգիսեան բեմադրիչին, դերասանին, դերուսոյցին եւ թարգմանիչին: Ան թուեց Ժորժ Սարգիսեանի թարգմանական ու յատկապէս թատերական իրագործումները լիբանանահայ թէ սփիւռքահայ զանազան գաղութներու մէջ: Կարօ Յովհաննէսեան մէջբերեց 10 օգոստոս 1981-ին Քանատայի «Հորիզոն» թերթին տուած հարցազրոյցին ընթացքին Ժորժ Սարգիսեանի կատարած մէկ յայտարարութիւնը, ուր ան կ՛ըսէր. «Թատրոնը աւելի պահանջկոտ է, քան կինը, որմէ կրնաս ձերբազատիլ, բայց թատրոնէն ձերբազատում չունիմ»: Յովհաննէսեան մանրամասնեց Ժորժ Սարգիսեանի ներկայացումներու թուային պատկերները, նշեց անոր նկարագրային գիծերը, աշխատելաոճը, երազները, փափաքները, որոնցմէ գլխաւորը` հայրենի բեմին վրայ ներկայացնել իր թատերական գործերը: Փափաք մը, որ դժբախտաբար չիրականացաւ գէթ անոր կենդանութեան:
Իր սրտի խօսքը փոխանցեց նաեւ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի նախկին դերասաններէն, Արժանթինի մէջ Համազգայինի «Ժորժ Սարգիսեան» թատերախումբի հիմնադիր Գալուստ Ճանսզեան, որ ակներեւ յուզումով վերյիշեց իր վարպետին` բեմադրիչ Ժորժ Սարգիսեանին հետ իր թատերական օրերու յիշատակները: Ան մեծ հպարտութեամբ նշեց, որ ինչպէս յաջողած էր հայրենիքի մէջ ոգեկոչել Ժորժ Սարգիսեանի անունը, երբ Հայաստանի եւ Արժանթինի հետ մշակութային գործակցութեան բերումով, իր հիմնած նշեալ թատերախումբը կը հրաւիրուի Հայաստան, որուն բեմահարթակին վրայ իր ստացած ծափողջոյնները, խոր հպարտութեամբ կը յայտարարէ, թէ կը նուիրէ Ժորժ Սարգիսեանին:
Նմանապէս այս առիթով իր սրտի խօսքը փոխանցեց բարերար Սինան Սինանեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, որուն նախաձեռնութեամբ կարելի եղած է իրագործել իր աներհօր` Սարգիս Սարգիսեանի փափաքը` իր եղբօր` Ժորժ Սարգիսեանի արխիւներուն զտման, խմբագրութեան եւ հրատարակման գծով: «Այս իրագործումը մեզի համար հարազատ, զգացական կարեւորութիւն ունի», շեշտեց Սինան Սինանեան մեկենաս բարերարը:
Ձեռնարկին ներկայացուեցաւ Ժորժ Սարգիսեանի թատերական կեանքին մասին տեսերիզ մը` Արմէն Ապտալեանի ընթերցումով, ուր Ժորժ Սարգիսեանի մասին վկայութիւններ կը փոխանցէին անոր թատերական ընկերակից-գործակիցներն ու զինք ճանչցած մտաւորականներ եւ պատասխանատուներ, ինչպէս` Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան, նախկին ատենապետ Յակոբ Եափուճեան, վաստակաշատ դերասանուհի, մանկապարտիզպանուհի Գարմէն Տէր Կարապետեան, Գալուստ Ճանսզեան եւ այլն:
Նաեւ ներկայացուեցաւ հատուած մը Լեւոն Շանթի «Հին Աստուածներ»-էն` կատարողութեամբ հայրենի դերասան Վիգէն Ստեփանեանի:
Իսկ Գուրգէն Փափազեան ընթերցեց Լեւոն Շանթի «Շղթայուած»-էն «Նաղաշի ճարը»:
Ընթերցուեցաւ նաեւ յատուկ այս առիթով հայրենի թատերական մարզի դէմքերէն` Համազգայինի Հայաստանի թատերախումբի գեղարուեստական ղեկավար Վիգէն Չալտըրանեանի եւ Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմիայի ղեկավար Վարդան Մկրտչեանի ողջոյնի եւ շնորհաւորական ուղերձները:
Աւարտին, յատուկ յիշատակութեամբ նշուեցան Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի երբեմնի դերասաններէն, սրահին մէջ ներկաներուն անունները, որոնք ծաղկեփունջերով եւ հանդիսատեսներու ծափողջոյններով գնահատուեցան: Ներկայ էին Վազգէն Դարբինեան, Գալուստ Ճանսզեան, Նուպար Մանուկեան, Յակոբ Նոխուտեան եւ Րաֆֆի Թորիկեան: Կը բացակայէին Պայծառ Գարագաշեան եւ Գարմէն Տէր Կարապետեան: