ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ՊԷՅՐՈՒԹ
By adminx - Mon Oct 31, 7:38 am
- 0 Comments
- 1 view
- Tweet
Email
Print
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ վերադարձաւ Պէյրութ, ուր շեշտեց, որ ինք ոչինչ իմացած է Սայիտաթ Ժապալի հանդիպումին մասին:
Ան դիտել տուաւ, որ ինք Միացեալ Նահանգներու մէջ հաստատած է, որ իրենք` իբրեւ եկեղեցի, պատրիարքութիւն եւ եպիսկոպոսներ, կը զօրակցին բոլոր լիբանանցիներուն, կազմակերպութիւններուն, քաղաքական կուսակցութիւններուն եւ համայնքներուն: «Մենք ոչ ոքի կամ քաղաքական ուժի գոյնով կը ներկուինք, այլ` մենք կը փափաքինք, որ բազմազանութիւնը Լիբանանի մէջ ստեղծէ գեղեցիկ ընկերութիւն մը», ըսաւ ան:
Պէյրութի միջազգային օդակայանէն իր կատարած յայտարարութիւններուն մէջ Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներ կատարած իր հովուապետական այցելութեան արդիւնքները պիտի քննարկէ Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ Պքերքէի մէջ, յառաջիկայ հինգշաբթի առաւօտեան:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ ունեցած իր հանդիպումին մասին Ռայի պատրիարքը նկատել տուաւ, որ ինք դիտել տուած է, թէ Հըզպալլայի ապազինումը կարելի է կատարել, երբ միջազգային ընտանիքը իր պարտականութիւնները կատարէ եւ Իսրայէլը մղէ գործադրելու միջազգային բոլոր բանաձեւերը: Այս ծիրին մէջ Ռայի պատրիարքը ընդգծեց նաեւ լիբանանեան բանակի հզօրացման անհրաժեշտութիւնը:
- 0 Comments
- 1 view
- Tweet
Email
Print



