ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
By adminx - Mon Oct 31, 7:38 am
- 0 Comments
- 5 views
- Tweet
Email
Print
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ շաբաթ երեկոյեան վերադարձաւ Պէյրութ: Նշենք, որ ան կը գտնուէր Թուրքիա, ուր հանդիպումներ ունեցած էր թուրք պետական պաշտօնատարներու հետ եւ քննարկած Լիբանանին ու շրջանին զարգացումները:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի յայտնեց, որ Լսատեսողական լրատուամիջոցներու ազգային խորհուրդը իրաւունք չունի տեղեկատու կայքէջերուն աշխատանքներուն միջամուխ ըլլալու:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի քաղաքական գրասենեակի անդամ Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կառավարութենէն հրաժարելով շատ լաւ իրագործում մը կատարած կ՛ըլլայ` նկատի ունենալով, որ ան կառավարութեան մէջ ոչ մէկ դերակատարութիւն ունի:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ղազի Զաայթեր շեշտեց, որ Լիբանան պիտի շարունակէ Իսրայէլի դէմ պայքարիլ բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութեան եռեակ տարազին հիման վրայ:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ղաթթաս Խուրի յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի` ընդդիմութեան շարքերը անցնելու հանգրուանը առկայ է, սակայն անիկա յետաձգուած է` հարցերու առաջքը առնելու նպատակով:
ՑԱՄԱՔԱՅԻՆ փոխադրութեան ինքնաշարժներու վարորդներու համադաշնակցութեան նախագահ Ապտել Էմիր Նաժտէ յայտնեց, որ վարորդները պետութեան կողմէ իրենց յատկացուած գումարները վաղն իսկ պիտի սկսին ստանալ:
ՖՐԱՆՍԱՅԻ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պեռնար Վալերօ յայտնեց, որ եթէ Լիբանան Միջազգային դատական ատեանը չֆինանսաւորէ, ապա եւրոպական օժանդակութիւններ պիտի չտրամադրուին անոր:
ԸՍՏ «Նահար» օրաթերթին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեակ պահած է Լիբանանի մէջ իր դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը, թէ Լիբանանի դէմ միջազգային պատժամիջոցներ պիտի պարտադրուին, եթէ Լիբանան մերժէ իրեն յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մոհամետ Շաթահ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւն չկայ` աւելցնելով, որ երկրին ապահովութիւնը ամրապնդելու առաքելութեան մէջ կառավարութեան բացթողումները բացայայտ են: Ան աւելցուց նաեւ, որ կառավարութեան կողմէ Միջազգային դատական ատեանը չֆինանսաւորելու քայլը լիբանանեան իրականութեան վրայ քաղաքական հետեւանքներ պիտի ունենայ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ իրենց գոյութիւնը կարելի է արդարացնել միայն փոփոխութիւններ կատարելով:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդականներէն մէկը հաստատած է, որ Սուրիոյ կացութեան վատթարացումին զուգահեռ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը խախտումներ կրնայ արձանագրել:
«ԱՆՊԱ» օրաթերթ. «Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կողմէ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման մերժումը անպայման ճակատում չի պատճառեր վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ Հըզպալլայի միջեւ»:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպարա յայտնեց, որ իրենք Հըզպալլային պիտի չարտօնեն Թրիփոլիի սիւննի խարիսխը հարուածել:
«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Ալպերթօ Ասարթա 28 նոյեմբերին պիտի մեկնի Լիբանանէն:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պատըր Ուաննուս յայտնեց, որ Լիբանանի ալեւի համայնքը վտանգի ենթարկուած չէ:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով դիւանագիտական աղբիւրներէ, յայտնեց, որ ՄԱԿ-ը անշեղ կը մնայ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1559 բանաձեւին նկատմամբ իր կառչածութենէն եւ ամէն գնով կը պահանջէ Լիբանանի մէջ անոր գործադրութիւնը:
«ՌԻԱՏ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա աւազակախումբ մըն է, որ կը փորձէ իր հակակշիռին տակ առնել բանակը, ինչպէս նաեւ ջնջել Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը թռիչքներ եւ կեղծ յարձակումներ գործեց Պընթ Ժպէյլի եւ Մերժահիունի վերեւ` խախտելով Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը:
ՄՈՒՐԱՊԻԹՈՒՆ շարժումի ընդհանուր քարտուղար Մուսթաֆա Համտան յայտնեց, որ Պաղեստինը կարելի պիտի չըլլայ ազատագրել, բացի Դիմադրութեան ուժով եւ հզօրութեամբ:
- 0 Comments
- 5 views
- Tweet
Email
Print



