Sunday May 19, 2013

ԻՍՐԱՅԷԼ – ԿԱԶԱ ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՌՄԲԱԿՈԾՈՒՄՆԵՐԷ ԵՏՔ ԵԳԻՊՏԱԿԱՆ ՄԻՋՆՈՐԴՈՒԹԵԱՄԲ ԶԻՆԱԴԱԴԱՐ

By adminx - Mon Oct 31, 7:33 am

Ժիհատ Իսլամիի զինեալներ` իրենց զինակիցներուն յուղարկաւորութեան ընթացքին

Պաղեստինցի պաշտօնատար մը կիրակի առաւօտեան յայտարարեց, որ Կազայի մէջ պաղեստինեան խմբաւորումներուն եւ Իսրայէլի միջեւ եգիպտական միջնորդութեամբ զինադադարը մուտք գործած է գործադրութեան հանգրուան:

Շաբաթ օր իսրայէլեան օդային հարուածի մը պատճառով Իսլամական Ժիհատի զինուորական թեւէն` Սարայա Քուտսէն պաղեստինցի հինգ զինեալներու սպանութենէն ետք Կազայի եւ Իսրայէլի միջեւ ապահովական կացութիւնը անակնկալ կերպով վատթարացած էր: Իսրայէլեան այլ օդային հարուածներու ընթացքին Սարայա Քուտսի չորս այլ անդամներ սպաննուեցան, իսկ պաղեստինեան խմբաւորումը հակադարձեց կատարելով հրթիռարձակումներ, որոնց պատճառով իսրայէլացի մը սպաննուեցաւ եւ տասնեակներով ուրիշներ վիրաւորուեցան:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ իսրայէլեան բանակէն զինուորական աղբիւրներ մէջբերելով հաղորդեցին, որ Հարաւային Իսրայէլը պաշտպանելու համար տեղակայուած  «Երկաթեայ գմբէթ» համակարգը թեքնիք խանգարում մը ունենալով չէ կրցած պաղեստինցիներուն արձակած հրթիռները վնասազերծել: Բայց եւ այնպէս, իսրայէլեան բանակի բանբեր գնդ. Եուաֆ Մորտախայ յայտարարեց, որ իսրայէլեան բանակը պատրաստ է Կազայի մէջ Իսլամական ժիհատին տարբեր մակարդակներու վրայ հակադարձելու:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը զգուշացուց Կազայի մէջ ապահովական կացութեան մագլցումէն եւ կողմերուն կոչ ուղղեց զինադադարին յանձնառու մնալու: Իսրայէլեան խորհրդարանի արտաքին յարաբերութեանց եւ ապահովական հարցերով յանձնախումբի նախագահ Շաուլ Մոֆազ իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին կոչ ուղղեց Համասի եւ Ժիհատ Իսլամիի ղեկավարները թիրախ դարձնելու եւ պաղեստինեան դիմադրութեան ենթակառոյցները հարուածելու: «Պէտք չէ զինեալ խմբաւորումներուն առիթ ընծայել, որ Հարաւային Իսրայէլի բնակիչները իրենց ուզած ատենը պատանդի վերածեն», ըսաւ ան: Իսրայէլի ներքին ապահովութեան հարցերով նախարար Եիցհաք Ահարոնովիչ իր կարգին յայտնեց, որ «անհրաժեշտ է Իսրայէլի դէմ Համասի հրթիռարձակումներուն խիստ կերպով հակադարձել»: Ան նախատեսեց, որ յառաջիկայ ժամերուն, եւ թերեւս օրերուն, հրթիռարձակումները շարունակուին: Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման իր կարգին յայտարարեց, որ «Իսրայէլ ներկայ կացութեան մէջ մագլցում չ՛ուզեր, սակայն պիտի չարտօնէ, որ առանց հակազդեցութեան իրերայաջորդ ռմբակոծումներ տեղի ունենան»: «Եթէ հրթիռարձակումները շարունակուին, քանի մը օրէն ուժեղ հակազդեցութիւն մը տեղի պիտի ունենայ», ըսաւ Լիպըրման:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement