ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՎԱՐԿԱՒՈՐՈՒՄԻ ԾՐԱԳԻՐԻ ՀԱՄԱՐ ԸՆՏՐՈՒԱԾ ՄԻԱԿ ԿԵԴՐՈՆՆ Է ԼՕԽ-Ի «ԱՐԱՔՍԻ ՊՈՒԼՂՈՒՐՃԵԱՆ» ԿԵԴՐՈՆԸ
By adminx - Sat Oct 29, 6:27 am
- 0 Comments
- 14 views
- Tweet
Email
Print
ԼՕԽ-ը Լիբանանի մէջ գործող այն կառոյցն է, որ ո՛չ միայն ներքին իմաստով լծուած է իր ժողովուրդի զաւակներուն ծառայութեան, անոր կարիքներու ապահովման եւ բոլորին նեցուկ ու գործնական օժանդակ ըլլալու առաքելութեան, այլեւ իր տեղն ու դերը ունի նաեւ լիբանանեան մակարդակի վրայ: Այս երեւոյթին լաւագոյն դրսեւորումը կը հանդիսանայ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին տարած լայնածաւալ գործունէութիւնը, որուն մէջ ներառուած են կեդրոնին դիմող բոլոր անհատները` առանց որեւէ խտրականութեան: Աւելի՛ն. կեդրոնը նաեւ սերտօրէն կը գործակցի Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան հետ, որուն գնահատանքին արժանացած է տարբեր առիթներով:
Նախարարութիւնը, որ նախապէս հիւանդանոցներու վարկաւորման աշխատանքին ձեռնարկած էր, արդէն իսկ ընկերաբժշկական կեդրոններու հետ այս աշխատանքին լծուած է եւ այս ծրագիրի իրագործման համար համաձայնագիր մը կնքած է «Քանատա Աքրիթիթեյշըն»ի հետ` ընտրելով 23 ընկերաբժշկական կեդրոններ, որոնք յարմար նկատուեցան մասնակցելու վարկաւորման Ա. հանգրուանի աշխատանքներուն: 2008 թուականէն ի վեր «Քանատա Աքրիթիթեյշըն»ը կազմակերպեց բազմաթիւ գիտաշխատանոցներ, որոնց մասնակցեցան Լիբանանի մէջ գործող 23 ընկերաբժշկական կեդրոններու ներկայացուցիչներ, որոնց կարգին` ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը, որ Լեռնալիբանանի տարածքին առաջին հանգրուանի ծրագիրին մասնակից միակ կեդրոնն է:
Այս գործակցութեան ծիրին մէջ նախորդող երկու օրերուն` 27 եւ 28 հոկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 8:00-էն յետմիջօրէի ժամը 4:00, այսինքն` կեդրոնի գործունէութեան ամբողջ տեւողութեան, «Քանատա Աքրիթիթեյշըն»ի ներկայացուցիչներ մնացին կեդրոնին մէջ, հետեւեցան տարուած ամէն տեսակ աշխատանքի, քննեցին գործունէութեան տարբեր մարզերը` յատուկ կերպով ծանրանալով բժշկական սպասարկութեան եւ նպաստառու պարագաներու, ընկերային ծառայութեան վրայ: Արդարեւ, Քանատայէն այս առիթով յատուկ ժամանած Ճոն Հասսան եւ Լիբանանէն Նատիա Համատէ զրոյցներ ունեցան կեդրոնին մէջ գործող պաշտօնեաներուն եւ բժիշկներուն հետ, հարցումներ ուղղեցին անոնց գործունէութեան մասին, ինչպէս նաեւ տնօրէնութեան գործելադաշտին մասին մանրամասնութիւններ խնդրեցին:
«Ազդակ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Ճոն Հասսան դիտել տուաւ, որ իրենց պարտականութիւնն է քննել կացութիւնն ու տարուած աշխատանքը, ապա զեկուցումով մը նախարարութիւնը տեղեակ պահել, թէ կեդրոնին մէջ առկայ չափանիշները ի՛նչ վիճակ կը պարզեն լիբանանեան պայմաններու եւ պահանջներու հիման վրայ ճշդուած չափանիշներուն հետ բաղդատած: Անոր համաձայն, նկատի կ՛առնուին ծառայութիւններուն արդիւնաւէտութիւնը, ապահովութիւնը, մատչելիութիւնը, մասնագիտականացումը, առողջապահական եւ ընկերային խնամքի բծախնդրութիւնը:
Ճոն Հասսան դիտել տուաւ, որ յատուկ կերպով ողջունելի եւ իւրայատուկ են նախազգուշական եւ դաստիարակչական ծրագիրները, որոնք ի գործ դրուած են կեդրոնին կողմէ, նաեւ նշեց, որ տարուած աշխատանքը գնահատելի է եւ դրական տպաւորութիւն ձգող` աւելցնելով, որ յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի ներկայացուին նախարարութեան: Այնուամենայնիւ ան դիտել տուաւ, որ առաջին հանգրուանին մաս կազմելով, ինչպէս նաեւ քննութեան ենթարկուած առաջին կեդրոններէն հանդիսանալու հանգամանքը ինքնաբերաբար կեդրոնին կու տան առաւելութիւն ունենալու կարգավիճակ, որովհետեւ այդ կեդրոնները ինքնաբերաբար իբրեւ նմուշ կամ տիպար պիտի ծառայեն այլ կառոյցներու, որոնք յաջորդիւ նման ծրագիրի մաս պիտի կազմեն:
ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը անգամ մը եւս պատնէշի վրայ է, վերցուցած է ձեռնոցը` այս անգամ դատաւոր ունենալով միջազգային կազմակերպութիւնն ու առողջապահական նախարարութիւնը:
- 0 Comments
- 14 views
- Tweet
Email
Print



