Saturday May 25, 2013

«ԳՐԱՒԷ՛ ՈՒՈԼ ՍԹՐԻԹԸ» ՑՈՅՑԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ. ՕՔԼԵՆՏԻ ՄԷՋ 85 ՑՈՒՑԱՐԱՐՆԵՐ ԿԸ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԻՆ

By adminx - Fri Oct 28, 6:26 am

Ցուցարարի մը ձերբակալման պահուն

Փորթլենտի մէջ շուրջ հազար ցուցարարներ մասնակցեցան առ ի զօրակցութիւն Նիւ Եորքի մէջ Ուոլ Սթրիթի դէմ տեղի ունեցող ցոյցերուն:

Օքլենտի մէջ եւս շուրջ հազար ցուցարարներ վերադարձան Օքլենտ Փլազա, ուրկէ մէկ օր առաջ վտարուած էին ոստիկանութեան հետ բախումներէ ետք, որոնց ընթացքին 85 ցուցարարներ ձերբակալուած էին: Վիրաւորուած էր Իրաքի մէջ երկու շրջան ծառայած նաւազ մը` 24-ամեայ Սքոթ Օլսըն: Անոր ճակատագիրը Միացեալ Նահանգներու տարածքին ցոյցերը աշխուժացնող յաւելեալ ազդակի մը վերածուեցաւ:

Նիւ Եորքի մէջ ցուցարարներ 20 հազար տոլար եւ 100 վրաններ ուղարկեցին Օքլենտի ցուցարարներուն: Օլսըն գլխէն վիրաւորուած էր ոստիկանութեան կողմէ արձակուած արցունքաբեր ռումբէ մը: Օքլենտի մէջ «Հայլենտ Ճեներըլ» հիւանդանոցի բանբեր մը ըսաւ, որ անոր վիճակը ծանր է:

Օքլենտի ոստիկանապետ Հաուըրտ Ժորտըն մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ ոստիկանութիւնը Օլսընի վիրաւորուելու պայմաններուն շուրջ հետաքննութիւն կը կատարէ եւ զայն հետաքննութեան առաջնահերթ դէպք մը կը նկատէ:

Աթլանթայի մէջ ոստիկանութիւնը քաղաքի պուրակէն վտարեց ցուցարարներ եւ ձերբակալեց անոնցմէ 53-ը, որոնք մերժած էին հեռանալ: Պալթիմորի մէջ քաղաքապետարանը նստացոյց կատարող ցուցարարներուն հրամայեց հեռանալ նստացոյցի վայրէն:

Նշեալ ցոյցերու ծննդավայր Նիւ Եորքի մէջ 700 ցուցարարներ խաղաղ քայլարշաւ մը կատարեցին` Մանհաթընի մէջ բողոքելով ընկերային անարդարութեան, անգործութեան բարձր համեմատութեան եւ դրամատուներուն տրամադրուած կառավարական նիւթական օժանդակութեան դէմ:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement