ԱԼԻԵՒ ՄԷԿ ԱՄԻՍ ՈՒՇԱՑՈՒՄՈՎ ԿԸ ՀԱԿԱԶԴԷ ԵՐԵՒԱՆԻ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ՏՈՂԱՆՑՔԻՆ
By adminx - Thu Oct 27, 6:47 am
- 0 Comments
- 41 views
- Tweet
Email
Print
Ազրպէյճանական «Էյ.Էն.Էս.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ իր երկրին կառավարութեան նիստին ընթացքին յայտնած է, որ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած զինուորական տողանցքը անգամ մը եւս ապացուցեց, որ Հայաստան ոչ թէ անկախ պետութիւն է, այլ` առջեւի դիրք:
Ազրպէյճանական եւ հայկական բանակներուն միջեւ բաղդատութիւն կատարելով` Ալիեւ ըսած է, որ այդտեղ համեմատելու որեւէ բան չկայ. «Ազրպէյճան կը հզօրանայ, Հայաստանը` կը թուլանայ, Ազրպէյճանի բնակչութեան թիւը կ՛աճի, իսկ Հայաստանինը` կը նուազի»:
Ընդգծելով, որ Երեւանի մէջ զինուորական տողանցքի կայացումը «մեծ սխալ էր», Ազրպէյճանի նախագահը ըսած է. «Եթէ մինչեւ հիմա անոնք կը փորձէին որեւէ մէկուն առասպելներու եւ երեւակայածին պատմութիւններով համոզել, թէ հայկական բանակը ամէնէն հզօրն է, ապա անոնց կողմէ կատարուած այսպէս կոչուած զինուորական տողանցքէն ետք բոլորը հասկցան, որ ի՛նչ տխուր վիճակի մէջ է հայկական բանակը: Ես, հաւանաբար նաեւ դուք, եւ ամբողջ հանրութիւնը առաջին անգամ տեսանք, որ ռազմական մեքենան ընդունակ չէ տեղաշարժելու ինքնուրոյն կերպով, անիկա կը տեղաշարժէին բեռնատարներու եւ քարշակներու միջոցով: Այս ամէնը անգամ մը եւս ապացուցեց, որ Հայաստանը ոչ թէ անկախ պետութիւն է, այլ առջեւի դիրք»:
Ալիեւ նաեւ զարմանք յայտնած է զինուորական տողանցքին հայ հոգեւորականներու մասնակցութեան առնչութեամբ:
- 0 Comments
- 41 views
- Tweet
Email
Print




