ՄԵՐ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ. ՊԶՏԻԿ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԱՐԱԳ ԼՈՒԾՈՒՄՆԵՐ
By adminx - Thu Oct 27, 5:35 am
- 0 Comments
- 75 views
- Tweet
Email
Print
Այդքան ալ ծանրակշիռ երեւոյթ չէ: Երկար ատեն կար այն համոզումը, թէ մատը ծծելը կը վնասէ քիմքին եւ ակռաներուն, յատկապէս կը ձեւափոխէ վերջին ծնօտը: Ներկայիս հաստատուած է, որ թէ՛ մատը եւ թէ՛ ծծակը նոյնքան վնասակար են քիմքին եւ ակռաներուն: Այն տարբերութեամբ, որ բութամատը միշտ ալ հասանելի է մանուկին եւ շատ աւելի մաքուր է, քան` ծծակը, որ յաճախ կը կորսուի եւ ասդին-անդին «կը թափառի»:
***
Երեխան ակռա՞յ կը հանէ:
Առաջին անքնութիւնները յաճախ հետեւանք են լինտի, ակռայի ցաւերու: Տունը ունենալ ցաւազրկիչ ժել եւ անով շփել մանուկին ցաւող լինտը: Ժելը կարելի է փոխարինել քանի մը կաթիլ օղիով:
**
Մանկամսուրին մէջ երեխան խածա՞ծ են…
Մի՛ խելագարիք, ասիկա շատ ընթացիկ երեւոյթ է: Խածուած բաժինը լուացէք պաղ ջուրով եւ օճառով, ապա հականեխիչով մը շփեցէք, քանի մը օրէն հետքն իսկ չի մնար:
***
Երեխան գիշերը սարսափահար կ՛արթննա՞յ:
Տեղւոյն վրայ երեխան հանդարտեցնել, գլուխը շոյել` գորովալի խօսքեր ըսելով եւ կրկին քնացնել: Յաջորդ օրը անոր պատմել տալ տեսածը, զգացածը. պատմելով` ան կը հանգստանայ եւ կը պարպէ ներսը կուտակուած վախը, մտահոգութիւնը: ակռա՞յ կը հանէ:
ԻՆՉՊԷ՞Ս ՅԱՂԹԱՀԱՐԵԼ
ՅՈԳՆԱԾՈՒԹԻՒՆԸ
Ամրան հանգիստէն եւ պայծառ ու լուսաւոր օրերէն ետք, աշունն ու ձմեռը կրնան ճնշուածութիւն եւ յոգնածութիւն պատճառել մարմնին եւ ազդել տրամադրութեան վրայ: Սովորութիւններու պզտիկ փոփոխութիւններով կրնանք յաղթահարել յոգնածութիւնը եւ անտրամադրութիւնը, որ առաւելաբար կապուած է եղանակի փոփոխութեան հետ:
-1-
Կէսօրէ ետք կարճ սիէսթ մը, շատ բան կը փոխէ յետմիջօրէի գործունէութենէն: 15 ժամուան հանգստութիւնը կ՛օգնէ, որ ուղեղը աւելի հանգիստ գործէ եւ կը բարելաւէ օրուան մնացած քանի մը ժամուան գործունէութեան արդիւնաւէտութիւնը:
-2-
Մարզանքը, հետեւողական ձեւով կատարուելու պարագային, կը ձերբազատէ յոգնածութենէ եւ ճնշուածութենէ:
-3-
Երբ աշնան եղանակը հասնի, շատեր կը մոռնան ջուր խմել, որովհետեւ երբ քրտինքը դադրի, ջուր խմելու պահանջը կը պակսի: Թթուածինէն ետք մարմնին ամէնէն կարեւոր նիւթը ջուրն է, որ կ՛աշխուժացնէ մարմնին գործարաններուն աշխատանքը, սկսեալ մորթէն մինչեւ աղիքները` տեւաբար ջուրի կարիք ունին:
Նախաճաշը պէտք չէ զեղչել: Լաւ նախաճաշ մը օրուան ընթացքին պիտի ձերբազատէ յոգնածութենէ, մինչդեռ լաւ կէսօրուան ճաշ մը պիտի թմրեցնէ օրուան կիսուն` քունի պահանջ ստեղծելու աստիճան:
-5-
Երեկոյեան, երբ ոգելից ըմպելիներ խմելու առիթներ կան, փորձեցէք նուազեցնել անոնց քանակը:
-6-
Մակնեզիոմ պարունակող ուտելիքները կը թեթեւցնեն յոգնածութիւնը: Նուշը եւ քաժոն մեծ քանակութեամբ մակնեզիոմ կը պարունակեն, նոյնպէս ալ` ձկնեղէնները:
-7-
Օմեկա 3 պարունակող ուտելիքները (ձուկ, ընդեղէն, մութ գոյնի կանաչեղէն) նոյնպէս կը նուազեցնեն յոգնածութեան զգացողութիւնը:
-8-
Հաւասարակշռել, չափաւորել քաֆէինի գործածութիւնը: Անոր չափազանցութիւնը յոգնածութիւն, սրտի տրոփում եւ գրգռուածութիւն կրնայ պատճառել:
-9-
Ճաշերու միջեւ անօթենալու պարագային, հրաժարիլ քաղցր ուտելիքներէ եւ նախապատուութիւնը տալ մածունի կամ թարմ պտուղի մը:
-10-
Չափաւոր քանակութեամբ տուրմը եւս կը բարձրացնէ տրամադրութիւնը եւ կը նուազեցնէ ճնշուածութիւնը:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ
10 ԿԱՆՈՆՆԵՐ` ՍԻՐՏԸ
ՊԱՇՏՊԱՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
Որպէսզի մարզանք կիրարկողները չանհանգստանան եւ մարզանք կատարելով իրենց սրտին չվնասեն, սրտաբաններ 10 թելադրանքներ կը կատարեն բոլոր անոնց համար, որոնք թեթեւ կամ ծանր մարզանքի մը կը հետեւին.
-1-
Նախքան մարզանքի սկսիլը 10 վայրկեան մարմինը «տաքցնել» եւ պատրաստել մարզանքին:
-2-
3-4 կում ջուր խմել 30 վայրկեանը անգամ մը, մարզանքի ամբողջ տեւողութեան:
-3-
Խուսափիլ ծանր մարզանքներէ, երբ ջերմաստիճանը -5-էն ցած կամ + 30-էն բարձր է:
-4-
Երբեք չծխել մարզանքէն 1 ժամ առաջ եւ մարզանքի աւարտին յաջորդող 2 ժամերուն:
-5-
Պաղ ջուրի լոգանք չառնել մարզանքի աւարտին յաջորդող 15 վայրկեաններու ընթացքին:
-6-
Ծանր մարզանքէ խուսափիլ ջերմ ունենալու պարագային, ինչպէս նաեւ` կրիփին յաջորդող 8 օրերուն ընթացքին:
-7-
35 տարիքը թեւակոխած տղամարդիկ եւ 45-ը թեւակոխած կիները բժշկական ընդհանուր քննութիւն կատարեն` նախքան ծանր մարզանք մը կիրարկելը:
-8-
Բժիշկը տեղեակ պահել, եթէ մարզանքի ընթացքին կամ մարզանքէն ետք կուրծքի ցաւեր զգացուին:
-9-
Բժիշկը տեղեակ պահել նաեւ անբնական շնչասպառութեան կամ շունչի նեղութեան պարագային:
-10-
Բժիշկը տեղեակ պահել մարզանքի ընթացքին կամ անկէ ետք զգացուող որեւէ անհանգստութեան պարագային:
ՆՈՐԱՁԵՒՈՒԹԻՒՆ
2012-Ի ԱՄՐԱՆ ՆՈՐԱՁԵՒՈՒԹԻՒՆԸ
Ինչպէս միշտ, դարձեալ լիբանանցի ձեւագէտները փայլեցան Փարիզի մէջ` 2012-ի ամրան իրենց հաւաքածոներով:
Անուանի ձեւագէտ Էլի Սաապ կինը հագցուց ամրան բոլոր գոյներով` դեղին, ոսկեգոյն, կապոյտ, ճերմակ…
Հոյակապ ասեղնագործերով, ուլունքի աշխատանքներով հարստացած գիշերային հագուստները հմայեցին ներկաները անխտիր:
Թոնի Ուարտ իր կարգին ցուցադրեց 2012-ի ամրան իր հաւաքածոն: Հագուստներէն շատեր կը յատկանշուէին իրենց երկրաչափական գիծերով: Ինչ կը վերաբերի գոյներուն, Ուարտ ընտրած էր մեղմ գոյներ, ինչպէս` բաց վարդագոյնը, չոր վարդի գոյնը, բաց կապոյտը եւ այլն… Տիրական կտորներն էին` քրեփը, մուսլինը, կիւփիւրը, եւ այլն…
ԽՈՀԱԳԻՐ
ՇՈՔՕ ՈՒԱՅՆ
100 կրամ տուրմ
1 բաժակ կա
1 շիշ կարմիր գինի
1 թէյի դգալ փոշի կասիա
2 հատ մեխակի գամ
Պատրաստութիւն.-
Գինին կաթսայի մէջ լեցնել, աւելցնել կասիան եւ մեխակի գամը, կրակի վրայ դնել եւ եռացնել այնքան, որ սկզբնական քանակի մէկ երրորդը մնայ:
Կաթը եռացնել, տուրմը մէջը լուծել եւ գինիին վրայ աւելցնել:
Ստացուած խմիչքը բաժակներու մէջ լեցնել եւ հրամցնել:
ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆԸ
ԵՍ ՊԱՏՐԱՆՔԸ ՍԻՐԵՑԻ
Շուրջիս նիւթի ցամքած կեանքէն զայրացկոտ`
Կանչեցի ես իտէալըս կենսածին.
Բայց ետեւէս կըծու ծաղրով անամօթ
«Է՜, ան միայն գրքի մէջն է» պոռացին,
Ես ալ գիրքը ինծի ընկեր ընտրեցի…
Ես պատրանքը սիրեցի:
Երբ գեղեցիկ, թարմ աղջիկը ժըպտեցաւ,
Սիրտըս դողաց յուզումով մը ներդաշնակ.
Սիրեցի ալ, միայն ոչ այն որ անցաւ,
Այլ անոր նուրբ, յափշտակիչ դէմքին տակ
Նո՛ր էակ մը որ մըտքէս հոն անցուցի.
Ես պատրանքը սիրեցի:
Հայրենիքի հուր կարօտը բընածին
Երբ բըռընկցուց յուզուած լանջըս տենդօրէն,
«Դուն հայրենիք, դուն հող չունիս» հըծծեցին,
Ես դառնացայ, բայց ա՛լ ուժգին այդ օրէն
Իմս չեղող Հայրենիքըս պաշտեցի.
Ես պատրանքը սիրեցի:
Ինծի համար այն ժամերը թանկ եղան,
Երբ ներշընչուած ստեղծեցի, միշտ անգոյ,
Բայց անձնուրաց, վեհ էակներ սիրեկան.
Երբ իրական աշխարհին մէջ միշտ դժգոհ
Իտէալի կեանքը երգել ուզեցի.
Ես պատրանքը սիրեցի:
ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
- 0 Comments
- 75 views
- Tweet
Email
Print







