50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (27 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 1961)
By adminx - Thu Oct 27, 5:32 am
- 0 Comments
- 9 views
- Tweet
Email
Print
ԱՅՍ Է ՊԷՅՐՈՒԹԸ
ՀՈՂ ԵՒ ՓՈՇԻ
Եթէ չէք ապրիր Պէյրութի մէջ, եթէ չէք պտտած այս մայրաքաղաքի փողոցներուն մէջ եւ չէք գտնուած հրապարակներուն վրայ, պիտի չկարենաք հաւատալ մեր գրածներուն: Չկայ փողոց մը, հրապարակ մը, որ հողով շրջապատուած եւ փոշիի ամպերով ծածկուած չըլլայ:
Տարուան ո՛ր եղանակին ալ որ կ՛ուզէք, եթէ կրնաք, անցէք որեւէ թաղէն. անպայման պիտի գտնէք հաւաքուած հողեր, կուտակուած գարշահոտ աղբեր եւ կիսաքանդ մայթեր: Երթեւեկը անկարելի դառնալու աստիճան նեղ անցք մը միայն պիտի գտնէք եւ ինքնաշարժներու աղմուկէն ու փոշիի գուլաներէն պիտի կորսնցնէք ձեր գլուխը:
Եթէ չէք հաւատար, մէկ անգամուան համար բարձրացէք Զոքաք Պլաթ թաղը: Ճիշդ երեք ամիսէ ի վեր տակն ու վրայ եղած են փողոցները, աւելի քան 300 մեթր երկարութեամբ: Անմրցելի դանդաղութեամբ եւ մէկ մեթր խորութեամբ փորուած են փողոցները եւ հողերը անուշադիր կերպով նետուած` երկու կողմերը, հազիւ կարելի դարձնելով ինքնաշարժի մը անցքը: Անցորդները ստիպուած են մագլցիլ բարձրացած հողերու վրայէն` շարունակելու համար իրենց ճամբան:
Պիտի ըսէք, թէ մայրաքաղաքի հեռաձայնային, ջրաբաշխական կամ քաղաքապետական կարիքներուն համար անհրաժեշտ նկատուած են այդ գործողութիւնները: Նոր եւ աւելի մեծ խողովակներ պիտի դրուին, կոյուղիները պիտի ընդլայնուին եւ հեռաձայնային նոր գիծեր պիտի տեղաւորուին:
Շատ լաւ եւ անհրաժեշտ ծրագիր: Մեր առարկութիւնը այդ աշխատանքներու եւ ծրագիրներու մասին չէ: Պէյրութի պէս արագօրէն աճող ու զարգացող արդիական մայրաքաղաքի մը համար ստիպողական են նման ծրագիրներ: Պէտք է հիմնական փոփոխութիւններու ենթարկուին քաղաքաշինական ծրագիրները: Ո՛չ մէկ առարկութիւն:
Բայց այդ ծրագիրներու գործադրութեան եղանակն է, որ տարիներէ ի վեր սխալ ըմբռնուած է եւ պատճառ կը դառնայ բնակչութեան դժգոհութեան, տառապանքին եւ զայրոյթին:
Պէտք կ՛ըլլայ, որ մէկ կողմէն միւսը խողովակ մը զետեղելու համար ճամբան փորուի. այս առ առաւելն քանի մը ժամուան մէջ աւարտելի գործողութիւնը առնուազն շաբաթ մը կը տեւէ: Ճամբան կը փորուի, խողովակը կը զետեղուի, վերստին կը գոցուի` գոյացնելով ճամբու վրայ ճեղք մը: Շաբաթներ շարունակ եկող-գացող ինքնաշարժներ կը ցնցուին այդ կէտին վրայ, ճամբորդները կ՛իյնան ու կ՛ելլեն, ճեղքը կը մեծնայ. մօտակայ խանութպաններ կամ թաղի բնակիչներ քարեր կը շարեն երթեւեկը դիւրացնելու համար: Ինկողներ, շարժավարներ, թաղեցիներ բազմատեսակ հայհոյութիւններ կ՛ընեն եւ անէծքներ կը թափեն, մինչեւ որ շաբաթներ եւ երբեմն ամիսներ վերջ, պատասխանատու սպասարկութիւնները բարեհաճին կուպրով ծածկել տալ այդ ճեղքը: Կէս ժամուան պարզ գործողութիւն մը:
Նշանաւոր դանդաղութեամբ կը փորուի ճամբան. շաբաթներ վերջ խողովակները կը զետեղուին: Մինչեւ հոս դժուար եւ մասնագիտական աշխատանք մը գուցէ: Մնացեալը` վերստին գոցել բացուած փոսը, կուպրել եւ աւելցած հողերը բեռնակառքերով փոխադրել առաջուան վիճակը վերագտնելու համար: Առաջին գործողութիւնը, եթէ, ըսուի, թէ ժամանակ պահանջող, դժուար մասնագիտական աշխատանք մըն է, երկրորդ մասը պարզ, արագ ըլլալիք հասարակ բանուորական աշխատանք մըն է, որ կրնայ կատարուիլ օրուան որեւէ ժամուն, գիշեր թէ ցերեկ, ամէն դասակարգի աշխատաւորներուն կողմէ:
Բայց տեսէք, Զոքաք Պլաթի փողոցները փորուած, գոցուած եւ կուպրուած են երեք երկար ամիսներ թաղը տակն ու վրայ ընելէ ետք: Վերջապէս լրացած են աշխատանքներ: Այժմ (եւ շաբաթներէ ի վեր) աւելցած հողերը կուտակուած կը մնան ճամբաներու եւ մայթերու վրայ` դժուարացնելով երթեւեկը դպրոցականներու, թաղեցիներու եւ անցորդներու: Ս. Նշան փողոցէն վեր բարձրացող ճամբորդը տեղ-տեղ ստիպուած է մագլցիլ բարձրացած հողերու վրայէն, ուրիշ տեղ ինքնաշարժներու անիւներու մօտէն եւ տեղ-տեղ ալ, իրենց կեանքը վտանգելով, ճամբաներու մէջտեղէն: Ծնողներ ճգնաժամային վայրկեաններ կ՛ապրին, մինչեւ որ իրենց սրտահատորները վերադառնան դպրոցէն, կամ իրենց հարազատները տուն դառնան աշխատանքէն:
Քաղաքը ամբողջ ծածկուած կը մնայ փոշիի ամպով: Բնակարանները կը մնան ազատութեան մէջ` անդադրում աշխատանք պարտադրելով տանտիկիններուն:
Գաղտնիք է. ինչո՞ւ կը պահուին այդ անպէտ հողերը: Մէկ-երկու բեռնակառքեր մէկ գիշերուան մէջ կրնան թաղը մաքրել այդ աւելորդ հողերէն:
Արդեօք պատասխանատու սպասարկութիւնները կը սպասեն, որ սկսին անձրեւները եւ խայտառակութիւնը կատարեա՞լ ըլլայ, փոշին անհետանայ եւ տիրապետէ ցեխը` աւելի դժուարին դարձնելով երթեւեկը:
Այսպէս են Պէյրութի բոլոր փողոցները անխտիր եւ կարգով կ՛ենթարկուին նոյն ճակատագրին` պատճառ դառնալով աներեւակայելի դժբախտութիւններու եւ դժուարութիւններու: Այսպէս էին երէկ. այսպէս կը մնան ներկայիս` նշմարելի դարձնելով աւելի մեծ անփութութիւն հանրային գործերու հանդէպ:
Ո՞վ է պատասխանատուն այս յանցապարտ երեւոյթին: Կը զգուշանանք առ այժմ հասցէներ մատնանշելէ` սպասելով, որ ի վերջոյ անդրադառնան այս անբաղձալի վիճակին եւ վճռական միջոցներ ձեռք առնեն` վերջ տալու այս սքանչելի մայրաքաղաքի վարկին անհամապատասխան ցաւալի կացութեան:
Մինչ այդ հարցում մը` Պէյրութի քաղաքապետութեան պատասխանատուներուն:
Արդեօք լուր չունի՞ն այնքան երկար տարիներէ ի վեր շարունակուող այս վիճակէն. քաղաքապետութեան պաշտօնեաները երբեք առիթ չե՞ն ունեցած նշմարելու Պէյրութի փողոցներուն վրայ կուտակուած եւ շաբաթներ, ամիսներ, ճամբաներու վրայ բացուած ճեղքերը եւ բարձրացող փոշիները:
ՊԷՅՐՈՒԹՑԻ
- 0 Comments
- 9 views
- Tweet
Email
Print



