Wednesday May 22, 2013

Յայտարարութիւններ (26 հոկտեմբեր 2011)

By adminx - Wed Oct 26, 11:00 am

 

 

 

Մարի Սիմոնեանի մահուան առիթով`

 

Տէր եւ տիկին Կարօ եւ Անի Նազարեան (Քանատա)50$
Պեթի եւ Ռիթա Նազարեան (Քանատա)50$
Տէր եւ տիկին Նիլս եւ Զազա Փիլ եւ ընտանիք (Սպանիա)50$

———————————————————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տիկին Յարութ եւ Սիլվա Սիմոնեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Տիգրան եւ Սեդա Ճրճրեան եւ դուստրը
Տիկին Էլիզապեթ Սիմոնեան
Տէր եւ տիկին Նատեր եւ Էլիզ Նաքիպ եւ դուստրը
Տէր եւ տիկին Կարպիս եւ Հերմին Էմմիեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Օհան եւ Մարալ Էմմիեան եւ զաւակունք
Սիմոնեան եւ Նազարեան ընտանիքներ
Թերլեսքա եւ Դաւիթեան ընտանիքներ
Պալըգճեան եւ Արմէնեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, քրոջ, մեծ մօր, զոքանչին, հօրաքրոջ եւ հարազատին`

ՄԱՐԻ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԷՄՄԻԵԱՆ, 1921-ին)

մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 24 հոկտեմբեր 2011-ին, առաւօտեան ժամը 1:00-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի  այսօր` չորեքշաբթի, 26 հոկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղման արարողութենէն առաջ եւ ետք ժամը 2:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ «Կարպիս եւ Արեգ Նազարեան» սրահին մէջ, եւ յաջորդ օրը` հինգշաբթի, 27 հոկտեմբերին, նոյն վայրին մէջ, կէսօրուան ժամը 12:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:

———————————————————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տիկին Սեդրակ Դանիէլեան եւ զաւակունք
Տիկին Մարօ Դանիէլեան
Տիկին Ազատ Գոզայլի եւ զաւակունք
Օրիորդ Ալիս եւ Ժաքլին Դանիէլեան
Տէր եւ տիկին Յարութիւն Դանիէլեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Թալին Եսայեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Նաամէ եւ Ճոյս Ապի Աատ եւ զաւակը
Հարֆուշ եւ Եսայեան ընտանիքներ
Արապեան եւ Ապի Աատ ընտանիքներ
Կէօզիւպէօյիւքեան եւ Սթանպուլեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց եղբօր, հօրեղբօր, քեռիին եւ հարազատին`

ՄԻՍԱՔ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1937-ին)

մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 25 հոկտեմբեր 2011-ին, առաւօտեան ժամը 7:00-ին, իր բնակարանին մէջ, սրտի կաթւածի հետեւանքով:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` չորեքշաբթի, 26 հոկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Նորաշէնի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, ինչպէս նաեւ հինգշաբթի, 27 հոկտեմբերին, նոյն վայրին մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:

ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել ՔԱՀԼ-ի ծերանոցին:

———————————————————————————-

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ

Արիստակէսեան ընտանիքի անդամները շնորհակալութիւն կը յայտնեն բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ, հեռաձայնով կամ այլապէս մասնակից եղան իրենց ամուսնոյն, հօր եւ հարազատին` ԳՐԻԳՈՐ ԱՐԻՍՏԱԿԷՍԵԱՆի (ՀԵՆՑ) մահուան սուգին:

———————————————————————————-

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

ՄԱՐԱԼ Յ. ԿԵՊԵՆԼԵԱՆի մահուան 9-րդ տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 30 հոկտեմբեր 2011-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

———————————————————————————-

Կազմակերպութեամբ`
ՀՅԴ ԼԵՄ-Ի «Հայաստան» մասնաճիւղին

Մասնակցութեամբ`
Լիբանանի մէջ գործող հայրենակցական միութիւններու

ՄԵՆՔ ԵՆՔ ՄԵՐ ՄՇԱԿՈՅԹԸ

Տեղի կ՛ունենայ շաբաթ, 29 հոկտեմբեր 2011-ին, երեկոյեան ժամ 7:00-ին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ:

Կը բանախօսէ`
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Գեղարուեստական յայտագիր մասնակցութեամբ` Կարօ Ակոբեանի
Ընկերակցութեամբ` Սեդօ Պաղտասարեանի
Յայտագիրին հիւրաբար կը մասնակցի Գարմէն Աճեմեան

Ձեռնարկի աւարտին տեղի պիտի ունենայ իւրաքանչիւր շրջանի յատուկ իրերու եւ աւանդութիւններու ցուցադրութիւն:

Ծանօթ.- Փոխադրակառքեր տրամադրուած են Շաղզոյեան կեդրոնին կից գտնուող կառատունէն եւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային համալիրէն` երեկոյեան ժամը 6:00-էն սկսեալ:

ՀՐԱՒԷՐ

———————————————————————————-

ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃ

ՅՈՒՇԱԿՈԹՈՂԻ ԲԱՑՈՒՄ

Հիմնադիր տնօրէններու նուիրուած

Հովանաւորութեամբ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ
ԳԵՐՇ. Տ. ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆԻ

Տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ, 28 հոկտեմբեր 2011-ին, երեկոյեան ժամ 8:00-ին, «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ:

ՀՐԱՒԷՐ

———————————————————————————-

ARI (ARTSAKH ROOTS INVESTMENTS) LTD.

ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

ARI Ltd. ընկերութեան բոլոր բաժնետէրերը հրաւիրուած են ժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 26 հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:

  • Ժողովին պիտի յաջորդէ հիւրասիրութիւն:

———————————————————————————-

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը կարիքը ունի հիւանդապահուհիի մը BS degree-ով: Դիմումնագիրները ուղարկել ե-նամակի arcl-absmc@hotmail.com հասցէին կամ հեռաձայնել 01-253793 թիւին:

————————————————————————————

ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ

Պուրճ Համուտ, Արաքս պողոտայ, 3 ննջասենեակ, հիւրասրահ, ճաշասրահ, 2 բաղնիք, պատշգամ: 4-րդ յարկ: Դիմել հեռ. 70-651311:

————————————————————————————

ԿԸ ՍՏԱՆՁՆԵՆՔ

Ելեկտրական եւ ելեքթրոնիք պիտոյքներու եւ կազմածներու նորոգութիւնը գրասենեակներուն եւ բնակարաններուն մէջ: Դիմել` հեռ. 71-027355:

————————————————————————————

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

Քարտուղարուհի մը, համակարգիչ գործածել գիտնալը` պայման, Տորայի շրջան: Հեռ. 03-615158:

————————————————————————————

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

Հագուստի հաստատութիւն մը` Պուրճ Համուտի մէջ, կարիքը ունի հայ երիտասարդի մը, delivery-ի համար: Ինքնաշարժ ունենալը` պայման: Հեռ. 01-269090:

————————————————————————————

ՍԱԿԱՐԱՆ

Սուրիական թղթոսկի28,3528,85
Քուէյթեան տինար54405465
Յորդանանեան տինար21002125
Պահրէյնեան տինար39553980
Ա. Մ. Էմիրութեանց տիրհամ407,50409,50
Քաթարեան ռիալ410,50412,50
Սէուտական ռիալ399401
Օմանեան ռիալ38653890
Եգիպտական կինէ247257
Անգլիական սթերլին23802390
Զուիցերիական ֆրանք16901700
Թրքական լիրա832842
Ճափոնական եէն19,4519,65
Ամերիկեան տոլար15011514
Քանատական տոլար14651475
Աւստրալիական տոլար15551565
Եւրօ20732083
ՈՍԿԻ
Անգլիական մէկ ոսկի598500618500
Իրանեան մէկ ոսկի583500603500
Օսմանեան մէկ ոսկի539000559000
Մեքսիքական փեսոս3,045,0003,065,000
Մէկ քիլոկրամ ձոյլ ոսկի80,820,00081,820,000
Մէկ օնս ոսկի16871688
Մէկ օնս արծաթ32,2832,33
Ամերիկեան տոլարի փոխանակման սակերը.
Եւրօ1,38901,3895
Քանատական տոլար1,01551,0160
Զուիցերիական ֆրանք0,88100,8815
Ճափոնական Եէն75,9576,00
Մէկ սթերլին1,59751,5980
Մէկ տոլար378 դրամ

ԼՈՒՄԱՅԱՓՈԽ ԱԼԵՔՍԱՆԵԱՆ ԵՂԲԱՐՔ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ: ՀԵՌ. 01/252852

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement