ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՌՈՒՍԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ԵՐԿՈՒ ՊԱԼԱՏՆԵՐՈՒ ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
By adminx - Wed Oct 26, 6:48 am
- 0 Comments
- 7 views
- Tweet
Email
Print
Պետական այցելութեամբ Ռուսիա գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ Դաշնակցային ժողովի Դաշնութեան խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքոյի եւ Պետական տումայի նախագահ Պորիս Կրիզլովի հետ:
Ըստ Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակին, հանդիպման մասնակիցները նշեցին, որ նախագահ Սերժ Սարգսեանի Ռուսիա կատարած պետական այցելութիւնը բաւական արդիւնաւէտ ձեւով կ՛ընթանայ եւ ստորագրուած փաստաթուղթերը նոր հեռանկարներ կը բանան երկկողմանի յարաբերութիւններու յաւելեալ ամրապնդման գործին մէջ:
Նախագահ Սարգսեան կարեւոր նկատեց Հայաստանի Ազգային ժողովի եւ Ռուսիոյ խորհրդարանի երկու պալատներուն միջեւ համագործակցութիւնը, շնորհակալութիւն յայտնեց միջխորհրդարանական յանձնախումբին եւ անոր համանախագահներուն, որոնց շարքին հանդիպման ներկայ Նիքոլա Ռիժքովին, արդիւնաւէտ գործունէութեան եւ հայ-ռուսական բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ մեծ ներդրման համար:
Երկու երկիրներու խորհրդարաններուն միջեւ գործակցութեան ծիրին մէջ կարեւոր նկատուեցաւ նաեւ համագործակցութիւնը միջազգային կազմակերպութիւններու, մասնաւորաբար` խորհրդարանական վեհաժողովներու ծիրին մէջ:
Զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին Հայաստանի մարզերուն եւ Ռուսիոյ վարչական միաւորներուն միջեւ ընդլայնուող գործակցութիւնը:
Կարեւոր նկատուեցաւ նաեւ Ռուսիոյ հայ համայնքին դերը երկու երկիրներու յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ:
Պետական այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստանի նախագահը հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութինի եւ Մոսկուայի քաղաքապետ Սերկէյ Սոպիանինի հետ:
- 0 Comments
- 7 views
- Tweet
Email
Print




