ԶՕՐ. ԱՈՒՆ. «ԿԸ ՄԵՐԺԵՆՔ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՏԱԿԱՆ ԱՏԵԱՆԻՆ ՖԻՆԱՆՍԱՒՈՐՈՒՄԸ»
By adminx - Wed Oct 26, 6:31 am
- 0 Comments
- 12 views
- Tweet
Email
Print
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին:
Նիստէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին զօր. Աուն նշեց, որ իրենք կը մերժեն Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի ֆինանսաւորումը` աւելցնելով սակայն, որ իրենք ճշմարտութիւնը բացայայտելու դէմ չեն եւ համոզուած են, որ այդ ատեանին ֆինանսաւորումը մերժելով հանդերձ այդ ատեանը պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը:
«Միջազգային որեւէ համաձայնագիր պէտք է ամբողջանայ հանրապետութեան նախագահին եւ խորհրդարանին միջոցով, սակայն Միջազգային դատական ատեանի հիմնումին ընթացքին նման ոչ մէկ քայլ առնուած է», ըսաւ զօր. Աուն:
Զօր. Աուն դիտել տուաւ նաեւ, որ պատրաստուած 2012-ի պետական պիւտճէի նախագիծը սխալներով լեցուն է եւ անկարելի է, որ իրենք ընդունին այդ սխալները:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարը յայտնեց, որ Հըզպալլայի հետ իրենց յարաբերութիւնները լաւ են եւ հեզասահ` հերքելով այն տեղեկութիւնները, թէ անոնց միջեւ յարաբերութիւնները սառած են:
Միւս կողմէ, զօր. Աուն իր բնակարանին մէջ ընդունեց Պաաս կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար, նախկին նախարար Ֆայեզ Շքըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Շքըր յայտնեց, որ Սայիտաթ Ժապալի հանդիպումին իսկական նպատակն է մերժել մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին որդեգրած ուղեգիծը:
Միւս կողմէ, Շքըր անդրադառնալով Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն այդ ատեանին ֆինանսաւորումը:
Զօր. Աունի այցելեց նաեւ խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի, որ շեշտեց Լիբանանի մէջ ընտրական նոր օրէնք մը ունենալու կարեւորութիւնը: Ան աւելցուց, որ անհրաժեշտ է մշակել այնպիսի օրէնք մը, որ կ՛ապահովէ բոլոր համայնքներուն արդար ներկայացուցչութիւնը:
- 0 Comments
- 12 views
- Tweet
Email
Print




