Friday May 24, 2013

Յայտարարութիւններ (25 հոկտեմբեր 2011)

By adminx - Tue Oct 25, 9:00 am

ՄԵՐ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐՈՒՆ
ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ

Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերաբացման, մատուցուած անդրանիկ Ս. պատարագին եւ խումբ մը իսլամացած հայերու մկրտութեան առիթով այսօր` երեքշաբթի, 25 հոկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին, «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի հայերէն լուրերու ժամէն դիտեցէք շահեկան հարցա-զրոյց մը Լիբանանի Տիգրանակերտի հայրենակցական միութեան անդամ Կիրակոս Մարտիրոսեանի հետ: Հարցազրոյցին զուգահեռ պիտի պատկերասփռուին նաեւ յատուկ տեսարաններ Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ մատուցւած Ս. պատարագէն:

———————————————————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տիկին Յարութ եւ Սիլվա Սիմոնեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Տիգրան եւ Սեդա Ճրճրեան եւ դուստրը
Տիկին Էլիզապեթ Սիմոնեան
Տէր եւ տիկին Նատեր եւ Էլիզ Նաքիպ եւ դուստրը
Տէր եւ տիկին Կարպիս եւ Հերմին Էմմիեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Օհան եւ Մարալ Էմմիեան եւ զաւակունք
Սիմոնեան եւ Նազարեան ընտանիքներ
Թերլեսքա եւ Դաւիթեան ընտանիքներ
Պալըգճեան եւ Արսէնեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, քրոջ, մեծ մօր, զոքանչին, հօրաքրոջ եւ հարազատին`

ՄԱՐԻ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԷՄՄԻԵԱՆ, 1921-ին)

մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 24 հոկտեմբեր 2011-ին, առաւօտեան ժամը 1:00-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի չորեքշաբթի, 26 հոկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղման արարողութենէն առաջ եւ ետք ժամը 2:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ «Կարպիս եւ Արեգ Նազարեան» սրահին մէջ, եւ յաջորդ օրը` հինգշաբթի, 27 հոկտեմբերին, նոյն վայրին մէջ, կէսօրուան ժամը 12:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:

———————————————————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

Տիար Սեդրակ Հալաճեան
Տէր եւ տիկին Գարեգին եւ Լուսին Հալաճեան եւ   զաւակները` Սեւակ, Հրակ եւ Խաժակ (Քանատա)
Տէր եւ տիկին Պետիկ եւ Լենա Սապունճեան եւ զաւակները`  Անժելիք եւ Ճորճ
Տէր եւ տիկին Փառէն եւ Սարին Ճինպաշեան
Տիկին Ազատուհի Ազատեան եւ զաւակունք
Տիկին Հայկուհի Թըղըլեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Վերա Ազատեան եւ զաւակունք
Տիկին Նորա Քիւրտեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Ազատեան եւ Հալաճեան ընտանիքներ
Ոսկերիչեան եւ Ասլանեան ընտանիքներ
Սապունճեան եւ Քահքեճեան ընտանիքներ
Ֆիլեան եւ Քորուքեան ընտանիքներ
Գըլընճեան եւ Ճինպաշեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց կնոջ, մօր, մեծ մօր, քրոջ, հօրաքրոջ, մօրաքրոջ եւ հարազատին`

ՄԱՐԻ ՀԱԼԱՃԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Ազատեան, 1934-ին)

մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 22 հոկտեմբեր 2011-ին, առաւօտեան ժամը 4:00-ին, իր բնակարանին մէջ, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր՝ երեքշաբթի, 25 հոկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան Անթիլիասի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:30, իսկ չորեքշաբթի, 26 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամ 10:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:30, նոյն վայրը:

Ծանօթ: Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կատարել ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան «Վարդուհի Տեքերմենճեան» խոհանոցի ծրագիրին:

———————————————————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղը կը գուժէ իր վաստակաւոր վարչական ընկերուհիներէն`

ՍԻԼՎԱ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ-ԿԷՕՔՃԵԱՆի

մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 22 հոկտեմբեր 2011-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:

———————————————————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Սոնա Աշըգեան-Թրթռեան եւ զաւակունք` Յակոբ, Սեւակ եւ Քեռի
Տիար Յակոբ Թրթռեան
Արժ. Տ. Արամ քհնյ. Գլընճեան եւ ընտանիք
Տիկին Զարմիկ Գարայեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յակոբ Կարճիկեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վարդան Կէօքճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ապպաս Մըսրի եւ զաւակունք
Աշըգեան եւ Թութիկեան ընտանիքներ
Գազազեան եւ Քէշիշեան ընտանիքներ
Քորթմոսեան եւ Դանիէլեան ընտանիքներ
Չելեպեան եւ Ղազարեան ընտանիքներ
Տեմիրճեան ընտանի
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, զաւկին, եղբօր եւ հարազատին`

ՓԱՆՈՍ ՅԱԿՈԲ ԹՐԹՌԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Քեսապ, 1958-ին)

մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 19 հոկտեմբեր 2011-ի առաւօտեան, իր բնակարանին մէջ, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ հինգշաբթի, 20 հոկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Քեսապի գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

———————————————————————————-

Կազմակերպութեամբ`
ՀՅԴ ԼԵՄ-Ի «Հայաստան» մասնաճիւղին

Մասնակցութեամբ`
Լիբանանի մէջ գործող հայրենակցական միութիւններու

ՄԵՆՔ ԵՆՔ ՄԵՐ ՄՇԱԿՈՅԹԸ

Տեղի կ՛ունենայ շաբաթ, 29 հոկտեմբեր 2011-ին, երեկոյեան ժամ 7:00-ին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ:

Կը բանախօսէ`
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Գեղարուեստական յայտագիր մասնակցութեամբ` Կարօ Ակոբեանի
Ընկերակցութեամբ` Սեդօ Պաղտասարեանի
Յայտագիրին հիւրաբար կը մասնակցի Գարմէն Աճեմեան

Ձեռնարկի աւարտին տեղի պիտի ունենայ իւրաքանչիւր շրջանի յատուկ իրերու եւ աւանդութիւններու ցուցադրութիւն:

Ծանօթ.- Փոխադրակառքեր տրամադրուած են Շաղզոյեան կեդրոնին կից գտնուող կառատունէն եւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային համալիրէն` երեկոյեան ժամը 6:00-էն սկսեալ:

ՀՐԱՒԷՐ

———————————————————————————-

«ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ»
ԵՐԳԱԽԱՌՆ ԹԱՏԵՐԳՈՒԹԻՒՆԸ
ԿՐԿԻՆ ԲԵՄԻ ՎՐԱՅ

Ընդառաջելով հանդիսատեսներուն, դպրոցներուն եւ աշակերտութեան առաջարկին` «Հայ մանուկի տարուան» առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ տնօրէնութեան կազմակերպութեամբ, «Ծիածան» մանկապատանեկան թատերախումբը կրկին կը ներկայացնէ «Հայ մանուկին իրաւունքը» երգախառն թատերգութիւնը` բեմադրութեամբ Յարութ Հարպոյեանի եւ երաժշտական սարքաւորում Սեդօ Պաղտասարեանի:

Ելոյթները տեղի պիտի ունենան շաբաթ, 29 հոկտեմբեր 2011-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին եւ կիրակի, 30 հոկտեմբեր 2011-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ: Իսկ աշակերտական ելոյթներ` ուրբաթ, 28 հոկտեմբեր 2011-ին եւ կիրակի, 30 հոկտեմբեր 2011-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:

Տոմսերը կարելի է ապահովել կաթողիկոսարանի, Համազգայինի եւ Նարեկացի գրատուներէն, Տիսքօ Եանկէն, ինչպէս նաեւ ելոյթի օրերը կիշէէն: Սակ` 7000 եւ 5000 լիբանանեան ոսկի:

ԾԱՆՕԹ.- Արդէն իսկ հրապարակի վրայ են «Հայ մանուկին իրաւունքը» երգախառն թատերգութեան խտասալիկները: Կարելի է ստանալ կաթողիկոսարանի, Համազգայինի եւ Նարեկացի գրատուներէն:

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ
ՎԱՐԻՉ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

———————————————————————————-

ARI (ARTSAKH ROOTS INVESTMENTS) LTD.

ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

ARI Ltd. ընկերութեան բոլոր բաժնետէրերը հրաւիրուած են ժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 26 հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:

  • Ժողովին պիտի յաջորդէ հիւրասիրութիւն:

———————————————————————————-

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՂՕԹՔ

Առ ի տեղեկութիւն յայտնենք, որ Ս. Աստուածածնայ նուիրուած աղօթքները կը շարունակուին:

Թեմիս Քրիստոնէական դաստիարակութեան գրասենեակին նախաձեռնութեամբ յառաջիկայ չորեքշաբթի, 26 հոկտեմբեր 2011-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին տեղի պիտի ունենայ Ս. Աստուածամօր նուիրուած աղօթք` Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ:

Աղօթքի արարողութեան պիտի հանդիսապետէ`

ԳԵՐՇ. Տ. ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց թեմի

Յիշեցնենք նաեւ, որ ամէն ամիս հերթական կարգով թեմիս տարբեր եկեղեցիներուն մէջ տեղի պիտի ունենայ Ս. Աստուածամօր նուիրուած աղօթքի արարողութիւն, որ ի մտի ունի վերականգնել հայկական-քրիստոնէական բարեպաշտութիւնը:

Կը հրաւիրենք ժողովուրդս ներկայ գտնուելու եւ ապրելու աղօթքի հոգեթով պահը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԹԵՄԻ
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ
ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ

———————————————————————————-

ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ
ԵԿԵՂԵՑԱՍԻՐԱՑ
ԵՂԲԱՅՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ (ԿԵԴՐՈՆ)

Կը հրաւիրէ ձեզ ներկայ գտնուելու`

ՀՈԳԵՒՈՐ ԶՐՈՅՑԻ ԵՒ ԱՂՕԹՔԻ

ՆԻՒԹ`

«ԱՊՐԻԼ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԱՄՔԻՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆ»

Կը ներկայացնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան
միաբան հայրերէն`

ՀՈԳՇ. ՏԷՐ ՊՕՂՈՍ ԱԲՂՅ. ԹԻՆՔԵԱՆ

Տեղի կ՛ունենայ երեքշաբթի, 25 հոկտեմբեր 2011-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-էն 8:30, Պուրճ Համուտ, ԱՖԷՏ-ի շէնքին կից, կեդրոնի աղօթասրահին մէջ:

———————————————————————————-

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Առողջապահական Յանձնախումբ
«Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնի
Նախազգուշական բաժանմունք

ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ՇԱՐՔ

«Սեռային առողջապահութիւնը իրաւունքն է բոլորին»

Տեղի կ՛ունենան չորեքշաբթի օրերը, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ

Շարքին 5-րդ դասախօսութիւնը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 26 հոկտեմբեր 2011-ին

ԱՌՈՂՋ ԿԵՆՑԱՂԸ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆ՝
ՍԵՌԱՅԻՆ ԱՌՈՂՋ ԿԵԱՆՔԻՆ

Դասախօս՝ Տոքթ. Վարուժ Պետիրեան
Ընդհանուր մարմնի բժշիկ

Հովանաւորութեամբ` ԱՏՔՈՄ ընկերութեան

- Հիւրասիրութիւն դասախօսութեան աւարտին:

————————————————————————————

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը կարիքը ունի հիւանդապահուհիի մը BS degree-ով: Դիմումնագիրները ուղարկել ե-նամակի arcl-absmc@hotmail.com հասցէին կամ հեռաձայնել 01-253793 թիւին:

————————————————————————————

ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ

Պուրճ Համուտ, Արաքս պողոտայ, 3 ննջասենեակ, հիւրասրահ, ճաշասրահ, 2 բաղնիք, պատշգամ: 4-րդ յարկ: Դիմել հեռ. 70-651311:

————————————————————————————

ԿԸ ՍՏԱՆՁՆԵՆՔ

Ելեկտրական եւ ելեքթրոնիք պիտոյքներու եւ կազմածներու նորոգութիւնը գրասենեակներուն եւ բնակարաններուն մէջ: Դիմել` հեռ. 71-027355:

————————————————————————————

365 ՕՐԵՐԷՆ ՕՐ ՄԸ`
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ԾԵՐԱՆՈՑԻՆ

Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Սեւան Պաղճեան իրենց հօր` Մինաս Մարթայեանի մահուան 3-րդ տարելիցին առիթով կը ստանձնեն օրուան մը ճաշի ծախսը` 300 ամ. տոլարով:

25 հոկտեմբեր

 

 

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement