ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՍՈՒԼԹԱՆ ՊԸՆ ԱՊՏԵԼ ԱԶԻԶ ԻՇԽԱՆԻ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ
By adminx - Tue Oct 25, 6:40 am
- 0 Comments
- 2 views
- Tweet
Email
Print
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի այսօր Ռիատի մէջ պիտի մասնակցի Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Սուլթան պըն Ապտել Ազիզի յուղարկաւորութեան արարողութեան:
Նշենք, որ այս առիթով վարչապետը հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Սուլթան պըն Ապտել Ազիզ իշխանի մահուան առիթով այսօր Լիբանանի մէջ պաշտօնական սուգի օր է առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ յուղարկաւորութեան արարողութեան աւարտը: Շրջաբերականին մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանանի մէջ գործող պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայանները պէտք է սուգի այս առիթին համապատասխանող յայտագիրներ սփռեն:
Մինչ կառավարութեան վաղուան նիստը ջնջուեցաւ` վարչապետին անակնկալ ճամբորդութեան պատճառով, կը նախատեսուի, որ կառավարութեան գումարելիք չորեքշաբթի օրուան նիստը, որուն պիտի նախագահէր հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, փոխարինուի վարչապետարանին մէջ տեղի ունենալիք կառավարութեան նիստով, որուն պիտի նախագահէ վարչապետ Միքաթի:
Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի երէկ ընդունեց ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց ընկերային հարցերու նախարարութեան վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ գործող ընկերային ծառայութեան հաստատութիւններն ու կազմակերպութիւնները ատակ են եւ պարկեշտ` աւելցնելով, որ կայ նաեւ կազմակերպութեանց որոշ թիւ մը, որ իր ստորագրած համաձայնագիրներուն յանձնառու չի մնար:
Ընդառաջելով վարչապետ Միքաթիի ճաշի հրաւէրին` վարչապետարանին այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Մըր, որ յայտնեց, թէ վարչապետը հաստատած է, որ ինք յանձնառու կը մնայ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումին, այլ խօսքով` Լիբանանի յատուկ միջազգային բանաձեւերուն գործադրութեան:
- 0 Comments
- 2 views
- Tweet
Email
Print




