Thursday May 23, 2013

ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԴԵՍՊԱՆԸ ՏՈՒՆ ԿԱՆՉՈՒԵՑԱՒ

By adminx - Tue Oct 25, 6:19 am

Ռոպըրթ Ֆորտ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաստատեց, որ «Սուրիոյ մէջ ամերիկեան դեսպան Ռոպըրթ Ֆորտ իր անձնական ապահովութեան դէմ նոր սպառնալիքներու գոյութեան պատճառով տուն կանչուեցաւ»:

Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր յայտարարեց, որ «ներկայ հանգրուանին չենք կրնար ըսել, թէ ան ե՛րբ պիտի վերադառնայ Սուրիա: Այդ մէկը կախեալ է սուրիական վարչակազմին ղեկավարութեամբ հրահրումին եւ գետնի վրայ ապահովական կացութեան մեր գնահատականէն»:

«Ռոյթըրզ» հաղորդեց, որ դեսպան Ֆորտ արդէն հեռացած է Սուրիայէն: «Եոմ Սապեհ» կայքէջը` վկայակոչելով Դամասկոսի մէջ ամերիկեան դեսպանատունէն պաշտօնատար մը, կը հաղորդէ, որ դեսպան Ֆորտ անժամկէտ արձակուրդով մը Ուաշինկթըն վերադարձած է:

Աղբիւրը նշած է, որ Ֆորտ Սուրիայէն հեռացած է, որովհետեւ «սուրիական իշխանութեանց գիտութեամբ տեղական լրատուամիջոցներուն մէջ անոր դէմ հետզհետէ աւելցող եւ լայն տարածում գտած հրահրումին պատճառով, ներկայ կացութեան մէջ իր անձնական ապահովութիւնը այլեւս չէ երաշխաւորուած»:

Լաւատեղեակ աղբիւրներ իրենց կարգին յայտնած են, որ դեսպան Ֆորտ մեկնելէ առաջ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեակ պահած է կացութենէն եւ նախարարութեան պաշտօնատարներուն հետ իր անձնական ապահովութեան շուրջ կարծիքներու փոխանակում կատարած:

Միւս կողմէ, ծերակուտական Ճոն ՄքՔէյն կիրակի օր Սեւ ծովու տնտեսական համախմբումին առջեւ արտասանած իր խօսքին մէջ յայտարարեց, որ Սուրիոյ դէմ զինուորական գործողութիւն մը «կրնայ նկատի առնուիլ»` աւելցնելով, որ «այժմ, որ Լիպիոյ մէջ զինուորական գործողութիւնները վերջ գտած են, Սուրիոյ մէջ քաղաքայինները պաշտպանելու համար զինուորական գործնական ընտրանքներ նկատի առնելու աշխատանքին վրայ պիտի կեդրոնացուի»:

ՄքՔէյն աւելցուց, որ «յստակ է, որ սուրիական ընդդիմութեան կողմէ օտար զինուորական միջամտութեան ի նպաստ յաւելեալ կոչեր գոյութիւն ունին, եւ մենք անոնց ականջ կու տանք ու Սուրիոյ ազգային խորհուրդին հետ կ՛աշխատինք»:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement