ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒԱԾ Է ՔԱԶԶԱՖԻԻ ՎԵՐՋԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ
By adminx - Tue Oct 25, 6:18 am
- 0 Comments
- 15 views
- Tweet
Email
Print
Ալճերիական «Ալճերիա-ԻՍՓ» համացանցային օրաթերթը` վկայակոչելով «Սեւըն Տէյզ Նիուզ» կայքէջը, հրապարակած է Մոամմար Քազզաֆիի վերջին պատգամը:
«Սեւըն Տէյզ Նիուզ» իր աղբիւրները վկայակոչելով կը հաղորդէ, որ Քազզաֆի կեանքի վերջին օրերուն այդ պատգամը իր երեք մերձաւոր զինակիցներուն յանձնած է: Անոնցմէ մէկը զոհուած է, երկրորդը գերեվարուած է, իսկ երրորդը յաջողած է փախչիլ եւ պատգամը փոխանցել:
Կը հաղորդուի, որ Քազզաֆի իր մահէն առաջ «դասաւորած է», որպէսզի զինք իսլամական օրէնքին համաձայն թաղեն եւ այն նոյն հագուստով, որ իր վրայ պիտի ըլլայ մահուան ժամանակ: «Ան կ՛ուզէր թաղուիլ իր հայրենի Սըրթ քաղաքի գերեզմանոցին մէջ` իր ժողովուրդին եւ ընտանիքին կողքին: Ան կ՛ուզէր, որ իր ընտանիքի անդամներուն, մասնաւորաբար կիներուն եւ երեխաներուն հետ լաւ եւ յարգալից վարուին:
Քազզաֆի իր զինակիցներուն յայտնած է, որ «Լիպիոյ ժողովուրդը պէտք է պահպանէ իր ինքնութիւնը, իր արժանիքները, իր պատմութիւնը եւ իր նախնիներուն ու հերոսներուն կերպարները: Պէտք է շարունակել պայքարիլ օտարերկրեայ որեւէ յարձակումի դէմ»:
Ան նաեւ հրաժեշտի խօսքեր փոխանցած է իր ընտանիքի բոլոր անդամներուն, բոլոր անոնց, որոնք հաւատարիմ են Լիպիոյ եւ աշխարհի բոլոր այն մարդոց, որոնք իրենց կը զօրակցին` հոգ չէ, թէ սրտով:
- 0 Comments
- 15 views
- Tweet
Email
Print




