Tuesday Jun 18, 2013

ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏԻ ՄԷՋ Ս. ԿԻՐԱԿՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՄԱՏՈՒՑՈՒԵՑԱՒ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

By adminx - Mon Oct 24, 7:13 am

Պատարագին մասնակիցները` եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ

30 տարուան ընդմիջումէ ետք, շաբաթավերջին Տիգրանակերտի մէջ վերաբացուեցաւ Ս. Կիրակոս եկեղեցին:

Երէկ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, շուրջ 2500 հայերու մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագ մատուցեց Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեան: Պատարագը մատուցուեցաւ Տիգրանակերտի քաղաքապետարանի աշխատակիցներուն եւ ոստիկանութեան հսկողութեան տակ:

Յատկանշական էր եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ թրքական դրօշներու չգոյութիւնը, մինչդեռ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ բացման օրը եկեղեցւոյ շրջակայքը բարձրացուած էին թրքական դրօշներ:

Նշենք, որ շաբաթ, 22 հոկտեմբերի երեկոյեան կատարուած էր Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերաբացումը եւ վերաօծումը, որմէ ետք Տիգրանակերտի քաղաքապետ Օսման Պայտեմիրն ու Սուրիի քաղաքապետը, Միացեալ Նահանգներէն եւ Հայաստանէն ժամանած հիւրերը հրաւիրած էին ընթրիքի: Ընթրիքի ընթացքին Պոլսոյ հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեանն ու Միացեալ Նահանգներու պատուիրակութիւնը պարգեւատրած էին երկու քաղաքապետները:

Յիշեցնենք, որ Համաշխարհային Ա. պատերազմին գերմանացիներուն կողմէ իբրեւ կեդրոնատեղի օգտագործուած, ապա պահեստանոցի վերածուած Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերանորոգման համար ծախսուած է 3.4 միլիոն տոլար, որուն 70 առ հարիւրը տրամադրած են Պոլսոյ հայ համայնքն ու տիգրանակերտցի հայերը, մինչ 30 առ հարիւրը հոգացած է Տիգրանակերտի քաղաքապետութիւնը:

Ս. Կիրակոս եկեղեցին այսուհետեւ պիտի ըլլայ գործող եկեղեցի:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement