Թուրքիոյ փոխվարչապետներէն Մեհմետ Շիմշեք յայտարարած է, որ երկիրը պէտք է շարունակէ եւրոպական համարկման հոլովոյթը եւ ատոր համար աւելի մեծ ուշադրութիւն դարձնէ օրէնքի գերակայութեան, ժողովրդավարական արժեչափերուն, մարդու հիմնարար ազատութիւններուն եւ իրաւունքներու խնդիրներուն:
Թրքական «Պիրկիւն» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Շիմշեք նշած է, որ այդ բոլորին իրագործման մեծ վնաս կը հասցնեն ահաբեկչական վտանգն ու երկրին ներքաղաքական իրավիճակը:
Թուրքիոյ փոխվարչապետը յիշեցուցած է եւրոպացի գործընկերներուն, որ Թուրքիան մեծ վերիվայրումներէ ու հարուածներէ վերապրած է, ինչպէս, օրինակ, զինուորական յեղաշրջման փորձը:
Յայտնենք, որ 25 ապրիլին Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը հաւանութեան արժանացուցած է Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարական կառոյցներու գործունէութեան հսկողութեան վերաբերեալ օրինագիծը: Օրինագիծը հիմնուած է Թուրքիոյ մէջ վերջին շրջանին մարդու իրաւունքներու, մամլոյ ազատութեան, օրէնքի գերակայութեան մարզին մէջ արձանագրուած լուրջ յետընթացին վկայող զեկուցումին վրայ:
Մեհմետ Շիմշեք խօսած է նաեւ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններուն մասին եւ յայտնած, որ ռուսական կողմին հետ գրեթէ բոլոր խնդիրները այս պահուս կարելի է լուծուած նկատել: