ՈՒԺԳԻՆ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺ ՄԸ ՑՆՑԵՑ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹՈՒՐՔԻԱՆ
By adminx - Mon Oct 24, 6:51 am
- 0 Comments
- 17 views
- Tweet
Email
Print
Երէկ յետմիջօրէին, 7.2 ռիխթըր աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը ցնցեց արեւելեան Թուրքիան: Երկրաշարժին յաջորդեցին աւելի քան 70 յետցնցումներ:
Նախնական տուեալներուն համաձայն, երկրաշարժը պատճառած է նիւթական ծանր վնասներ, ինչպէս նաեւ աւելի քան 100 զոհ եւ 300 վիրաւոր: Կը նախատեսուի, որ զոհերուն թիւը հասնի հազարի:
Թրքական Քանտիլլի աստղադիտական եւ երկրաշարժի հետազօտական հիմնարկին փոխանցած պաշտօնական տեղեկութիւններուն համաձայն, երկրաշարժին կեդրոնը եղած է Վան քաղաքի հիւսիսը գտնուող Թապանլը գիւղին մէջ` հինգ քմ խորութեան վրայ:
Մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամերը, փրկարար աշխատանքները շարունակուեցան խիստ նախնական միջոցներով: Փրկարար խումբերուն անդամները իրենց սեփական ձեռքերով, առանց արդիական սարքերու, փորձեցին փլատակներուն տակէն դուրս բերել վիրաւոր քաղաքացիները: «Չունինք շտապ օգնութեան փոխադրակառքեր, չունինք դեղորայք: Ունինք մէկ հիւանդանոց: Շտապ պէտք ունինք վրաններու», յայտարարեց Արճէշի քաղաքապետը:
Արձագանգելով օգնութեան կոչերուն` ՕԹԱՆ, Չինաստան, Ճափոն, Միացեալ Նահանգներ, Ազրպէյճան, եւրոպական կարգ մը երկիրներ, ինչպէս նաեւ Իսրայէլ օգնութեան առաջարկներ կատարեցին Թուրքիոյ:
Թրքական լրատուամիջոցներուն համաձայն, երկրաշարժէն վնասուած շրջաններու մէջ ամբողջովին անջատուած են ելեկտրականութիւնն ու հեռաձայնային գիծերը:
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան թուրք նախարարներու ընկերակցութեամբ ուղղուեցաւ երկրաշարժին վայրը: Կը սպասուի, որ այսօր կառավարութիւնը գումարէ արտակարգ ժողով մը` քննելու համար երկրաշարժին վերաբերող հարցերը:
Նշենք, որ Թուրքիոյ մէջ 1999-էն ի վեր մեծագոյնը նկատուող այս երկրաշարժին ցնցումները զգացուեցան Իրանի եւ Հայաստանի կարգ մը շրջաններուն եւ յատկապէս Երեւանի մէջ, ուր ժողովուրդը խուճապի մատնուեցաւ:
- 0 Comments
- 17 views
- Tweet
Email
Print




