Wednesday Jun 19, 2013

ՊՈՏՐՈՒՄԻ ՄԷՋ ԹՈՒՐՔԵՐ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒ ԴԷՄ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ ԳՈՐԾԱԾ ԵՆ

By adminx - Mon Oct 24, 6:49 am

Թրքական «Վաթան» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Պոտրումի մէջ թուրքեր ամերիկացի զինուորներու դէմ յարձակում գործած են:

Քաղաքի նաւահանգիստներէն մէկուն մէջ խարսխուած ամերիկեան «Ռամէյճ» մարտանաւի զինուորները ժամանցի համար փողոց դուրս եկած են: Մինչ այդ,  Հայրենակցական նախաձեռնութիւն կազմակերպութեան, Թուրքիոյ երիտասարդական միութեան եւ Թուրքիոյ համայնավար կուսակցութեան անդամները Թուրքիոյ մէջ ամերիկացի զինուորներու ներկայութեան դէմ բողոքի ցոյց կազմակերպած են:

Ցոյցի մասնակիցներուն եւ զինուորներուն միջեւ տեղի ունեցած է քաշքշուք, որուն ընթացքին ցուցարարները ամերիկացիներէն մէկուն գլխուն պարկ անցուցած են: Դէպքին վայր հասած ոստիկանները ցրուած են ցուցարարները:

Նշենք, որ տարիներ առաջ ամերիկեան ուժերը Իրաքի Էրպիլ քաղաքին մէջ ձերբակալած էին թրքական մասնայատուկ ուժերու անդամներ, որոնք կը պատրաստուէին շրջանին մէջ գործողութիւն մը կատարելու: Ամերիկեան ուժերը թուրք զինուորներուն գլուխներուն պարկ անցուցած էին, ինչ որ Թուրքիոյ մէջ զայրոյթ յառաջացուցած էր:

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement