Wednesday May 22, 2013

ԼԻՊԻԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ԻՐ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄԸ

By adminx - Mon Oct 24, 6:42 am

Լիպիացիք կը տօնեն Քազզաֆիի իշխանութեան հանգրուանի աւարտը

Լիպիոյ նախկին ղեկավար Մոամմար Քազզաֆիի սպանութենէն երեք օր ետք` երէկ, Պենկազիի մէջ Լիպիոյ Ազգային փոխանցման խորհուրդը, յաղթանակի փառատօնին մասնակցող հարիւր հազարաւոր քաղաքացիներու ներկայութեան պաշտօնապէս յայտարարեց Լիպիոյ ազատագրումը:

Փառատօնին սկիզբը հնչեցին Լիպիոյ քայլերգն ու Քորանէն տողեր, որոնցմէ ետք խօսք առաւ լիպիացի պատասխանատու մը` ամբողջ աշխարհին յայտարարելով, որ «լիպիացիներուն սիրելի երկիրը` իր քաղաքներով, գիւղերով, լեռներով, անապատներով եւ երկինքով, ազատագրուած է»:

Փառատօնին աւարտին բեմ բարձրացաւ Լիպիոյ Ազգային փոխանցման խորհուրդի ղեկավար Մուսթաֆա Ապտուլ Ժալիլ, որ իր խօսքը արտասանելէ առաջ աղօթեց բռնակալ Քազզաֆիին եւ անոր ուժերուն դէմ դրած նահատակներուն հոգիներուն համար:

«Այս դժուար հանգրուանին, մենք բոլորս պէտք է հանդուրժողականութիւն ցուցաբերենք: Պէտք է մերժենք ատելութիւնը: Ասիկա կարեւոր է մեր ապագային համար», նշեց Ապտուլ Ժալիլ, աւելցնելով. «Ուժի մի՛ դիմէք ձեր իրաւունքները ձեռք բերելու համար: Պէտք է ըլլալ հանդուրժող, համբերատար եւ հաւատարիմ»:

Ապտուլ Ժալիլ յայտարարեց, որ շուտափոյթ փոփոխութիւններ պիտի կատարուին Լիպիոյ օրէնսդրութեան մէջ` համապատասխանելու համար իսլամական օրէնքին:

Ան նաեւ խոստացաւ, որ Լիպիան ապագային պիտի ունենայ իր ազգային բանակը, որ պիտի ծառայէ ժողովուրդին եւ պիտի պաշտպանէ Լիպիոյ սահմանները:

Ազգային փոխանցման խորհուրդի ղեկավարը իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց այն բոլոր գործատէրերուն, որոնք նեցուկ կանգնեցան եւ ֆինանսաւորեցին ընդդիմադիր ուժերը:

Ապտուլ Ժալիլ ըսաւ, որ յառաջիկայ տարուան յունիսին տեղի պիտի ունենան ընտրութիւններ` ընտրելու համար կառավարման նոր մարմին մը` Հանրութեան ազգային համագումարը, որ պիտի նշանակէ նոր վարչապետ մը եւ փոխանցման կառավարութիւն մը, որմէ ետք հանրաքուէով մը պիտի վաւերացուի Լիպիոյ նոր սահմանադրութիւնը: Վերջապէս, վերջին հանգրուանին տեղի պիտի ունենան ընդհանուր եւ նախագահական ընտրութիւններ:

ՔԱԶԶԱՖԻԻ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱՑԱՅԱՅՏՈՒՄՆԵՐ

Մինչ լիպիացիք կը տօնէին Լիպիոյ ազատագրումը, դատական աւագ ախտաբան Օսման Զինթանի յայտարարեց, որ Քազզաֆիի դիակին դիազննութեան արդիւնքներուն համաձայն, Լիպիոյ նախկին ղեկավարը սպաննուած է գլուխէն փամփուշտ մը ստանալէ ետք:

Դիազննութենէն ետք Քազզաֆիի դիակը վերադարձուած է միսի այն սառնարանը, ուր երեք օրէ ի վեր կը ցուցադրուէր լիպիացի ժողովուրդին:

Իր կարգին, Լիպիոյ Ազգային փոխանցման խորհուրդի ղեկավար Մուսթաֆա Ապտուլ Ժալիլ «Պի.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած էր, որ «անձնական մակարդակի վրայ կը նախընտրէր, որ Քազզաֆին ողջ մնար», որպէսզի լիպիացի ժողովուրդին կողմէ հարցաքննութեան ենթարկուէր:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement