«ԷՍ. ԷՄ. ԷՍ.» ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԹԵԺ ԳԻԾԻ ԾՐԱԳԻՐ` ՍԻՏԱ-Ի ԿԱՆԽԱՐԳԻԼՄԱՆ ՀԱՄԱՐ
By adminx - Mon Oct 24, 6:33 am
- 0 Comments
- 13 views
- Tweet
Email
Print
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» եւ «Օրենճ» բջիջային ընկերութիւնները Հայկական կարմիր խաչին եւ Միացեալ Նահանգներու Խաղաղութեան մարմինի հայաստանեան գրասենեակին հետ միասին կը ձեռնարկեն դարուն չարիքը հանդիսացող ՍԻՏԱ-ի հիւանդութեան կանխարգիլման ուղղուած միացեալ գործողութիւններու:
21 հոկտեմբերին Հայկական կարմիր խաչի ընկերակցութեան մասնաշէնքին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը` «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»ի, «Օրենճ»ի, Հայկական կարմիր խաչի ընկերակցութեան եւ Միացեալ Նահանգներու Խաղաղութեան մարմինի հայաստանեան գրասենեակի ղեկավարներուն մասնակցութեամբ` դարուն չարիքը հանդիսացող ՍԻՏԱ-ի հիւանդութեան կանխարգիլման ուղղուած միացեալ գործողութիւններու «Բջիջային կարճ հաղորդագրութիւններու տեղեկատուական թեժ գիծ» ծրագիրին սկիզբը ազդարարելու նպատակով:
1 յունիս 2011-էն սկսեալ Հայկական կարմիր խաչի ընկերութիւնը եւ Միացեալ Նահանգներու Խաղաղութեան մարմինի հայաստանեան գրասենեակը միասին նախաձեռնեցին «Բջիջային կարճ հաղորդագրութիւններու տեղեկատուական թեժ գիծ» ծրագիրը: Անոր նպատակն է անդրադառնալ ՍԻՏԱ-ի վերաբերեալ ազգաբնակչութեան իրազեկուածութեան խնդիրին, արձագանգել հարցումներուն եւ նուազեցնել ՍԻՏԱ-ի վարակին վերաբերեալ ոչ լիարժէք տեղեկատուութեան տարածումը եւ խտրականութիւնը:
Ծրագիրին շնորհիւ 21 հոկտեմբերէն սկսեալ
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» եւ «Օրենճ» բջիջային ընկերութիւններուն բոլոր բաժանորդները կարելիութիւն պիտի ունենան ՍԻՏԱ-ի խնդիրներուն առնչուող զիրենք յուզող հարցումը անանուն ուղղել տրամադրուած 6428 կարճ թիւին (Էս.էմ.էս.ը ձրի է) եւ 24 ժամուան ընթացքին կրնան ստանալ ճշգրիտ ու հակիրճ պատասխան:
Բջիջային կարճ հաղորդագրութիւններու տեղեկատուութեան թեժ գիծին մասին հանրութեան տեղեկացնելու նպատակով, կը նախատեսուի ծրագիրի ամբողջ ընթացքին իրականացնել ազգային տեղեկատուական քարոզարշաւ` թռուցիկներու եւ պաստառներու տարածում, տեղեկատութիւն ընկերային ցանցերուն մէջ, ինչպէս նաեւ յայտարարութիւններ ձայնասփիւռով եւ պատկերասփիւռով:
Ծրագիրը կ՛իրականացուի «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» եւ «Օրենճ» բջիջային կապի ընկերութիւններուն հետ համագործակցութեամբ: Ծրագիրին կ՛աջակցի նաեւ «Նիքիթա Մոպայլ» ընկերութիւնը:
- 0 Comments
- 13 views
- Tweet
Email
Print




