ԼՕԽ-Ի ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ` ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՏՈՀՄԻԿ ՕՐ
By adminx - Mon Oct 24, 6:32 am
- 0 Comments
- 13 views
- Tweet
Email
Print
Հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, գործակցութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, մասնակցութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ անոր հովանիին տակ գործող մասնաճիւղերուն, շաբաթ, 22 հոկտեմբեր 2011-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-էն սկսեալ Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ հայկական աւանդական ու տոհմիկ օր:
Նախաձեռնութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին ԼՕԽ-ի ձեռարուեստի եւ առողջապահական յանձնախումբերը, «Նայիրի», «Կարինէ», «Հայաշէն», «Սեւան», «Գայեանէ», «Աղթամար», «Արագած», «Ա. Ազիրեան», «Ա. Փափազեան», «Անի», «Աշխէն», «Անահիտ», «Ռուբինա», «Հ. Փափազեան» մասնաճիւղերը, ԼՕԽ-ի «Վ. Տեկիրմենճեան» խոհանոցն ու Հայ ֆուտը: Իւրաքանչիւրը հայկական աւանդական ուտելիքներ պատրաստելով` զանոնք ցուցադրած էր պատշաճ կերպով եւ անոնց վաճառքով առիթ կու տար տոհմիկ ուտելիքները հայ ու օտար տուներ տանելու:
Տոհմիկ օրուան բացումը կատարեցին Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանն ու ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Գլպաշեանը: Անոնք այցելեցին մասնաճիւղերուն կրպակները, շնորհաւորեցին ԼՕԽ-ականներուն տարած աշխատանքը եւ քաջալերեցին զանոնք:
Այս նախաձեռնութեան նպատակին մասին խօսելով` Թալին Գլպաշեան յայտնեց, որ անիկա կը միտի որոշ գումարներ ապահովել, որպէսզի վերամուտի առիթով շրջաններու կարիքաւոր աշակերտներուն օժանդակութիւն տրամադրելու կարելիութիւնները աւելնան, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր մասնաճիւղ յաւելեալ մուտք ունենայ` իր բարեսիրական ծրագիրները իրականացնելու: Անոր համաձայն, ասիկա նաեւ առիթ է հայկական տոհմիկ ճաշերուն ծանօթացնելու օտարները, ինչպէս նաեւ հայ անհատներուն այդ ուտելիքները տրամադրելու:
- 0 Comments
- 13 views
- Tweet
Email
Print





