Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԽՕՍՔԸ. «ՃԱՆԱՉԵԼ ԶԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԶԽՐԱՏ, ԻՄԱՆԱԼ ԶԲԱՆՍ ՀԱՆՃԱՐՈՅ»

October 24, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սիրելի՛ ընթերցող, հոկտեմբերի` «Մշակոյթի ամիս»ին մէջ ենք տակաւին: Այս անուանումին պատճառն է Սրբոց Թարգմանչաց տօնը, որ ամէն տարի կը կատարուի ընդհանրապէս հոկտեմբերի երկրորդ շաբաթ օրը:

Սրբոց Թարգմանչաց աստղահոյլին կը պատկանին 36 մատենագիր կաթողիկոսներ, եպիսկոպոսներ, վարդապետներ ու միակ աշխարհականը` Գրիգոր Մագիստրոս, որոնք իբրեւ թարգմանիչ կամ ինքնագիր հեղինակներ` գործեցին եւ արդիւնաբերեցին Ե.-ԺԲ. դարերուն: «Երանաշնորհ ու լուսապանծ հայրեր»էն կը յիշեմ ամէնէն գլխաւորները` Ս. Սահակ Պարթեւ, Ս. Մեսրոպ Մաշտոց, Կորիւն վարդապետ, Եզնիկ Կողբացի, Ղազար Փարպեցի, Մովսէս Խորենացի, Եղիշէ վարդապետ, Դաւիթ Անյաղթ, Ս. Յովհան Մանդակունի, Պետրոս Սիւնեցի, Թէոդորոս Քռթենաւոր, Ս. Յովհան Օձնեցի, Խոսրով Անձեւացի, Ս. Գրիգոր Նարեկացի, Ս. Ներսէս Շնորհալի, Ս. Ներսէս Լամբրոնացի եւ Յովհաննէս սարկաւագ:

Յուսամ` դեռ առիթը կու գայ ծանօթացնելու այս Ս. Թարգմանիչները, որոնք իրենց կեանքն ու կարողութիւնը նուիրաբերեցին Աստուծոյ այգիին եւ ազգին անդաստանին` միշտ հոգիները գեղակերտելու եւ միտքերը լուսաւորելու հայավարի մտահոգութեամբ:

Ինչպէս անցեալին, նոյնպէս ներկային մէջ, ա՛յս մտահոգութենէն վարակուած Ս. Թարգմանիչներուն եւ անոնց վաւերական հետեւորդներուն պէտք ունին Աստուած եւ ազգը, որպէսզի հայրենիքն ու սփիւռքը այսօր դառնան եւ դիմեն համազգային կեանքը լիցքաւորող «սուրբգրային վերակերտումին», «հոգեւոր վերածնունդին» ու «կրօնական վերապրումին»:

Այսօր խորհրդային ու համայնավար 70 տարիներուն տիրակալութեամբ հոգեւորէն ու բարոյականէն ուծացած հայրենիքը դեռ կը շարունակէ պարպուիլ եւ տկարանալ անոր մէջ գործող ու պաշտօնավարող մութ ուժերու, դրամապաշտ ապիկարներու եւ աթոռասէր անհոգներու ոչ միայն անձնօգուտ դիւանագիտութեամբ, այլ նաեւ` խաւարածին «դիւագիտութեամբ»…

Այսօր սփիւռքը ոչ միայն ազգաքանդ այլանդակութեան ու վատասերումի դամոկլեան սուրին տակ է, այլ նաեւ վտանգուած է ազգակուլ «նոր կարգ»ի տեսաբանութենէն ու ամէն ինչ ստորակարգող համաշխարհայնացումի համարեա անկասելի յորձանքէն…:

Անշուշտ, Ե. դարուն, պատմական զանազան պայմաններու մէջ եւ քաղաքական ու նուաճողական տարբերակներով, բայց առաւել կամ նուազ նոյն կացութեան մէջ կը գտնուէին մեր աշխարհն ու ժողովուրդը, որոնց ամենավերին աշխարհական եւ եկեղեցական իշխանութիւնները հայուն ինքնութեան սպառնալիքներուն եւ հայուն գոյատեւումին վտանգներուն գիտակցելով` ամէն ինչ կատարեցին եւ ամէն բան նախաձեռնեցին իրենց կարելիութեան ծիրին մէջ ու իրենց կարողութեան համաձայն:

Դրամը` Վռամշապուհ արքային արկղէն, հոգին` Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսին անձնաւորութեամբ, եւ միտքը` Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետին հանճարին մէջ, միասնաբար կերտեցին հայկական ոսկեդարը` ստեղծելով մեր մեծասքանչին 36 աթութաները, որոնցմէ ծնան եւ որոնցմով երկնեցին Ս. Թարգմանիչները:

Ի.-ԻԱ. դարաշրջանին, այսօր ալ հայաշխարհին նոյնանման իշխանութիւնները կրնայի՜ն կերտել մերօրեայ ոսկեդարը, եւ այն` Հայաստանի անկախութենէն ծնած ու հանրապետութենէն սնած ոսկեդարը…

Այդ յաւերժական պատիւին արժանանալու եւ այդ մասիսափառ զենիթին հասնելու համար, սակայն, օժտուա՜ծ ըլլալու էին Վռամշապուհի հեռատես դիւանագիտութեամբ, Սահակ Պարթեւի ազգաշէն հոգեկանութեամբ ու Մեսրոպ Մաշտոցի երկրապահ իմացականութեամբ…

Այո՛, կրնայի՜ն, բայց չկրցա՛ն ցայսօր…: Օժտուա՜ծ ըլլալու էին, սակայն չեղա՛ն ցայժմ…: Պատմութիւնը պիտի գոռայ անոնց երեսին. «Մեղքը ձե՛ր վիզին»: Իսկ արեւելահայը պիտի գոչէ իւրաքանչիւրին. «Մեղքը ճի՛տդ, քո՛ մեղքը քո՛ վիզ»:

Որովհետեւ կրցան մոռնալ եւ գիտեն մոռնալ Սահակ Պարթեւի, Մեսրոպ Մաշտոցի ու Ս. Թարգմանչաց հայացուցած եւ առաջին հայատառ նախադասութիւնը. «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս համճարոյ» (Առ.1,2):

Պիտի ունենայի՜ն «իմաստութիւն»ը, որուն «սկիզբը Տիրոջ երկիւղն է»: Պիտի առաջնորդէի՜ն իրենց կեանքին խրատով, որ սկիզբն է զգօնութեան (Առ. 1,7):

Պիտի իմանայի՜ն եւ հասկնայի՜ն խօսքերը Հանճարին, որ Աստուծոյ Բանն է` Յիսուս Քրիստոս, պատմութեան միակ Մարդկայնականը, որուն հրահանգը մոռցած են մերօրեայ իշխանաւորները. «Եթէ ձեր մէջէն մէկը ուզէ մեծ ըլլալ, թող ըլլայ ձեր սպասաւորը, եւ եթէ ուզէ առաջին ըլլալ, թող ծառայէ ձեզի: Ինչպէս Մարդու Որդին (Յիսուս Քրիստոս) չէ եկած ծառայութիւն ընդունելու, այլ` ծառայելու եւ իր կեանքն իբրեւ փրկանք տալու բազմութեան» (Մտթ. 20, 27-28):

Հուսկ, «իսկ հանճարեղն զառաջնորդութիւն ստացի շնորհօք Աւետարանին» (Սամուէլ Կամրջաձորեցի, Ժ. դար), որ ուղեգիծն է արդարին, ճշմարտութիւնն է կեանքին մէջ եւ լոյսը` աշխարհին համար:

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Այնճար, 17 Հոկտեմբեր  2011

Նախորդը

96 ՏԱՐԻ ԵՏՔ ԹՈՒՐՔԻԱՆ ՏԱԿԱՒԻՆ ԳԻՆ ԿԸ ՎՃԱՐԷ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԽՏՄԱՆ ՀԱՄԱՐ

Յաջորդը

ԼՕԽ-Ի ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ` ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՏՈՀՄԻԿ ՕՐ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.