ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
Ժողովուրդները պատմութիւն կը կերտեն միայն այն ատեն, երբ ունին արժանի առաջնորդներ, որոնք պատրաստ են ամէնէն դժնդակ պայմաններու տակ իսկ առաջնորդելու սեփական ժողովուրդը` անսակարկ նուիրումով եւ գիտակցական զոհողութեամբ:
Մեր պատմութիւնը վկայ, որ մեր ժողովուրդը ունեցած է այդ առաջնորդները: Նայինք մեր անցեալին, մանաւանդ` մեր յեղափոխական անցեալին, ուր պիտի տեսնենք հպարտօրէն տողանցող շարքը մեր ազգային հերոսներուն եւ առաջնորդներուն: Այդ երկար շարքին մէջ պիտի տեսնենք մանաւանդ յաղթ եւ պայծառ դիմագիծը Արամ Մանուկեանին, որ ազգը փրկեց եւ պետութիւն կերտեց, որպէսզի մեր ժողովուրդը ապահովէ իր լինելութիւնը մարդկային ընկերութեան մէջ:
Այս բովանդակութեան մէջ պէտք է ընկալել Երեւանի քաղաքապետարանի սքանչելի որոշումը` «Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր, պետական, քաղաքական եւ ռազմական գործիչ Արամ Մանուկեանի յուշարձան-կոթողի ստեղծման» մասին:
Ազգային առումով եւ ապագայի հեռանկարով գօտեպնդիչ է քաղաքապետարանին որոշումը: Մեր արդի պետականութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի յուշարձանը պիտի կառուցուի եւ տեղադրուի Երեւանի կեդրոնը` Հանրապետութիւն հրապարակի մուտքին:
Սակայն այս կոթողը սոսկ քարէ արձան մը պիտի չըլլայ մեր ժողովուրդին համար: Անոր նիւթական բաղադրութենէն անդին` Արամի յուշարձանը պիտի ըլլայ յուշարարը եւ թելադրիչը Արամի երկաթեայ կամքին եւ ազգային պատգամին, որոնք կը պատկանին մեր ժողովուրդին եւ մեր գալիք սերունդներուն:
Որովհետեւ, շատ քիչ են այն ժողովուրդները, որոնք իրենց պատմութեան մէջ հաւաքական լինելութեան ամէնէն ճակատագրական պահուն իրենց ծոցէն ծնին հարազատ զաւակ մը, որ փրկէ թէ՛ ազգը եւ թէ հայրենիքը: Մեր ժողովուրդը երիցս բախտաւոր է, նաեւ հպարտ եւ երախտաւոր, որ իր չարչարանքներով լի ծոցէն ծնաւ Արամ Մանուկեանը:
Արամը մեր ժողովուրդին հարազատ ծնունդ էր` միսը միսէն ու ոսկորը ոսկորէն: Արամը մեր ազգային ազատագրական պայքարի մարմնացումն էր: Արամը մեր յեղափոխական խոյանքներու դիմադրականութիւնն էր: Արամը Երկիր Հայաստանի շրջաններու ինքնապաշտպանութեան ոգին էր: Արամը հայութեան մնացորդացը ոչնչացնելու նպատակով գերազանց ուժերով արշաւող թրքական բանակը հարուածող բազուկն էր: Վեց դարերու պետականազուրկ գոյութենէ ետք, մեր ազգային ու անկախ պետութիւնը վերահաստատող կերտիչն էր Արամը:
Այս բոլորին հետ, Արամը Երեւանի պահապանն էր եւ Արարատեան դաշտի փրկարարը:
Արամի յուշարձանը պիտի բարձրանայ Երեւանի կեդրոնը, որպէսզի, ի լուր եւ ի տես բոլորին, մեր ժողովուրդը, անսալով Արամին կոչին, յայտարարէ. «Երեւանը չենք դատարկի մինչեւ մեր վերջին կաթիլ արիւնը»: Այդ վճռակամութեամբ, ի լուր եւ ի տես բոլորին, հետեւելով Արամին, մեր ժողովուրդը պիտի յայտարարէ նաեւ. «Հայրենի ազատագրուած հողերը չենք դատարկի մինչեւ մեր վերջին կաթիլ արիւնը»:
Երբ Արամի յուշարձանը խոյանայ շուտով վեր, Արամի ոգին եւ հայեացքը պիտի սեւեռեն նաեւ դէպի արեւմուտք` դէպի Երկիր, յուշելով բոլորին, թէ հայրենի բռնագրաւուած հողերը պիտի ազատագրուին: Որովհետեւ, Արամը նաեւ յոյսի եւ կամքի աղբիւրն է` ամբողջական Հայաստանի նուաճման:
Այս գաղափարներուն եւ իղձերուն, մեր անկատար տենչերուն ուխտավայրը պիտի ըլլայ Արամի կոթողը: