ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐՆԵՐՈՒ ՏԱՐԵԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ
By adminx - Sat Oct 22, 6:16 am
- 0 Comments
- 3 views
- Tweet
Email
Print
17-20 հոկտեմբեր 2011, Սիլվըր Սփրինկի մէջ (Մերիլընտ, Միացեալ Նահանգներ), գալստական եկեղեցւոյ կեդրոնատեղիին մէջ գումարուեցաւ եկեղեցական ընտանիքներու քարտուղարներու տարեկան ժողովը, որուն մասնակցեցաւ Նարեկ արք. Ալեէմեզեան (Վարիչ միջեկեղեցական յարաբերութիւններու եւ տեսուչ դպրեվանքի):
Ժողովին մասնակցեցան ուղղափառ, հռոմէական կաթողիկէ, բողոքական, անկլիքան, լուտերական, բարեկարգեալ, մկրտչական, մեթոտիսթ, գալստական եւ ազատ եկեղեցիներու գլխաւոր ընտանիքներէն երեսուն ներկայացուցիչներ:
18 հոկտեմբերին, ժողովականներ այցելեցին Ուաշինկթըն եւ հանդիպումներ ունեցան Սպիտակ տան ու արտաքին գործոց նախարարութեան պատասխանատուներուն հետ եւ արդարութեան, մարդկային իրաւունքներու ու կրօնական ազատութեան առնչուած հարցեր արծարծեցին: Այս շրջագիծին մէջ, Նարեկ սրբազան խօսեցաւ Միջին Արեւելքի ներկայ կացութեան, քրիստոնեաներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն ու Հայոց ցեղասպանութեան ու հայ ժողովուրդի արդար դատին մասին:
Միւս օրերը յատկացուեցան միջեկեղեցական եւ ներեկեղեցական յարաբերութիւններուն առնչուած հիմնական հարցերու եւ համաքրիստոնէական մտահոգութիւններու:
Իր զեկուցումին մէջ, Նարեկ սրբազան ներկայացուց Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու այլ եկեղեցական ընտանիքներու հետ ունեցած աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութիւնները եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեկեղեցական ու միջկրօնական յարաբերութիւններուն գլխաւոր երեսները:
Յանուն Արամ Ա. կաթողիկոսին, Նարեկ սրբազան ժողովականները հրաւիրեց 2012-ի հոկտեմբերին իրենց ժողովը Անթիլիասի մէջ գումարելու:
- 0 Comments
- 3 views
- Tweet
Email
Print



