Saturday May 25, 2013

ՏԵԼ ՓԻԵՌՕ ԻՐ ԱՐՀԵՍՏԱՎԱՐԺ ԱՍՊԱՐԷԶԸ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

By adminx - Fri Oct 21, 6:59 am

Ալեսանտրօ Տել Փիեռօ

Իտալացի միջազգային նախկին յառաջապահ Ալեսանտրօ Տել Փիեռօ, որուն պայմանագրութիւնը այս տարեշրջանին վերջը կ՛աւարտի Եուվենթուսի հետ, մտադիր չէ հեռանալ ֆութպոլի աշխարհէն, որովհետեւ ան կ՛ուզէ իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակել Միացեալ Նահանգներու մէջ:

Կը կարծուի, որ 1993-էն ի վեր Եուվենթուսի հետ 682 մրցումի ընթացքին 285 կոլ նշանակած 36 տարեկան Տել Փիեռօ իր ակումբին կողմէ այժմէն իսկ կանաչ լոյս ստացած է այն իմաստով, որ եթէ ան օրին մէկը ուզէ վերադառնալ Եուվենթուս եւ ուզէ ստանձնել պատասխանատու պաշտօն մը, այդ մէկը ուրախութեամբ պիտի ընկալուի անոր ակումբին կողմէ:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement