Wednesday May 22, 2013

ՍԱՐՔՈԶԻ ՆԱՄԱԿ ՅՂԵՑ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆԻՆ

By adminx - Fri Oct 21, 6:52 am

Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի նամակ մը յղած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին` շնորհակալութիւն յայտնելով Հայաստան կատարած իր պետական այցելութեան նախապատրաստման եւ ընթացքին անոր ունեցած մասնակցութեան համար:

«Ձեզի շնորհուած Պատուոյ լեգէոնի բարձրագոյն սպայի կոչումը ընդունեցէք իբրեւ Ֆրանսայի երախտագիտութեան խօսուն վկայութիւն` այն օրինակելի յանձնառութեան համար, զոր դուք ստանձնած էք, որպէսզի մեր երկու երկիրներուն եղբայրական բարեկամութիւնը, որուն մասին յատուկ կ՛ընդգծէինք նախագահ Սարգսեանն ու ես թէ՛ Փարիզի, թէ՛ Երեւանի մէջ, չըլլայ սոսկական խօսք», նշուած է նամակին մէջ:

Սարքոզի գրած է, որ այն փոխադարձ վստահութիւնը, որ իբրեւ արտաքին գործոց նախարար Նալբանդեան հաղորդած է Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ յարաբերութիւններուն, պիտի հանդիսանայ ամէնէն հաստատուն երաշխիքը, որպէսզի յստակ գործերու վերածուին այն հեռանկարները, որոնք քննարկուած են նախագահ Սարգսեանի հետ ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին, ինչպէս նաեւ համագործակցութեան այն համաձայնութիւնները, որոնք ձեռք բերուած են Սարքոզիի Հայաստան կատարած այցելութեան ընթացքին:

«Հայաստանին կը մաղթեմ խաղաղ եւ բարեկեցիկ ապագայ, որուն իրաւունքը ան նուաճած է», ըսուած է Ֆրանսայի նախագահի նամակին մէջ:

Անցեալ շաբաթ նախագահ Սարքոզի նամակ յղած էր նաեւ նախագահ Սերժ Սարգսեանին` շնորհակալութիւն յայտնելով 6-7 հոկտեմբերին Հայաստան կատարած պետական այցելութեան ընթացքին իր նկատմամբ ցուցաբերուած «բացառիկ ընդունելութեան համար»:

 

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement