ՄԻԹ-Ի ԵՒ ՄՈՍԱՏԻ ՄԻՋԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ Է
By adminx - Fri Oct 21, 6:25 am
- 0 Comments
- 5 views
- Tweet
Email
Print
Լրատուական աղբիւրներ եգիպտական «Ահրամ» օրաթերթին յայտնեցին, որ թրքական գաղտնի սպասարկութենէն (ՄԻԹ) պաշտօնատարներ պաղեստինցի գերիներու ազատ արձակումէն 42 ժամ առաջ հանդիպում ունեցած են իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութենէն` Մոսատէն պաշտօնատարներու հետ եւ երաշխիքներ տուած, որ Թուրքիա աքսորուելիք պաղեստինցի գերիները թրքական իշխանութեանց կողմէ խիստ հսկողութեան տակ պիտի ըլլան, անոնց կեցութեան վայրը ճշդուած պիտի ըլլայ եւ իրենց ազգականներուն հետ հանդիպումները հսկողութեան տակ պիտի ըլլան:
Աղբիւրները նշեցին, որ Թուրքիա գերիներու փոխանակման համաձայնութեան մասնակիցներէն դարձած է 12-14 սեպտեմբերին Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Եգիպտոս այցելութեան ընթացքին, երբ ՄԻԹ-ի ղեկավար Հաքան Ֆիտան հանդիպում ունեցած է եգիպտական գաղտնի սպասարկութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներու եւ Մոսատի ու իսրայէլեան արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատարներու հետ:
Նշենք, որ Թուրքիա հիւրընկալած է Իսրայէլի կողմէ աքսորուած քառասուն պաղեստինցիներէն 11-ը, որոնց մեծ մասը Համասի անդամներ են: Անոնց շարքին է Իսրայէլի համար ամէնէն վտանգաւոր դէմքերէն մէկը նկատուող Զաքարիա Ուալիտ Աքըլ, որ Համասի զինեալ թեւին` Քասսամի ջոկատներու հիմնադիրն է եւ իսրայէլեան իշխանութիւններուն կողմէ դատապարտուած էր 16 անգամ ցկեանս բանտարկութեան: Ան 19 տարիէ ի վեր իսրայէլեան բանտերու մէջ արգելափակուած էր:
- 0 Comments
- 5 views
- Tweet
Email
Print



