Sunday May 19, 2013

«ՀՅԴ-Ն ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՆՈՐ ՊԱՏԿԵՐՈՎ» «ԱՌԱՒՕՏ»ԻՆ ԸՍԱՒ ՍՊԱՐՏԱԿ ՍԷՅՐԱՆԵԱՆ

By adminx - Thu Oct 20, 6:47 am

Սպարտակ Սէյրանեան

ՀՅ Դաշնակցութիւնը սկսած է իր նախընտրական ծրագիրը մշակել եւ իր օրակարգը չի ծանրաբեռներ անիմաստ հարցերով: Այս մասին խօսելով` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Սպարտակ Սէյրանեան հայրենի «Առաւօտ» օրաթերթին հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ կուսակցութիւնը զբաղած է մասնաւորաբար ընկերային եւ տնտեսական մարզերուն մէջ օրէնսդրական բարեփոխումներու նախագիծերու մշակումով, եւ անոնք պիտի ներկայացուին միջազգային փորձագէտներուն, որոնց համապատասխան եզրակացութենէն ետք անոնք ոչ միայն շրջանառութեան մէջ պիտի դրուին Ազգային ժողովին մէջ, այլեւ ՀՅԴ նախընտրական ծրագիրին իբրեւ հիմք պիտի ծառայեն:

«Այսօր մենք զբաղած ենք զուտ ծրագրային հարցերով, որպէսզի ժողովուրդին ներկայացնելու ծանրակշիռ բան ունենանք, ոչ թէ ըսենք` անոնք վատ են, մենք` լաւ, այլ ներկայացնենք, թէ ինչո՛վ մենք միւսներէն կը տարբերինք», նշեց Ս. Սէյրանեան:

Ըստ Սէյրանեանի, ասոնք զուտ խմբագրական ու գեղեցկագիտական առաջարկներ պիտի չըլլան եւ պիտի վերաբերին ընկերային հնչեղութիւն ունեցող խնդիրներուն եւ որոշեն ՀՅԴ-ի նախընտրական ծրագիրի ու քարոզարշաւի հիմնական ուղղութիւնը, որ ընկերային պիտի ըլլայ:

Ս. Սէյրանեան ըսաւ, որ ՀՅԴ-ն յառաջիկայ ընտրութիւններուն մտադիր է նոր պատկերով հանդէս գալ` նշելով միաժամանակ, որ կուսակցութիւնը ոչ միայն ազգային եւ յեղափոխական է, այլեւ ընկերվարական եւ ժողովրդավարական, ինչ որ ամրագրուած է կուսակցութեան ծրագիրին մէջ:

«Երբ մենք ընկերային արդարութեան եւ իրաւական պետութեան, արդար ընտրութիւններու մասին կը խօսինք, կ՛ըսեն` ատիկա լաւ է, բայց ատիկա ձեր գործը չէ: Ձեր գործը ասոնց ջարդել, փշրել, քշելն է: Ասիկա շատ ժամանակէ ի վեր կը սպասեն ՀՅԴ-էն: Լեւոնենք ալ շատ ժամանակէ ի վեր ՀՅԴ-ն կը կապեն ահաբեկչութեան հետ, եւ ահա ատիկա է այն կաղապարուած մտապատկերը, որ կայ ՀՅԴ-ի պատկերին մասին: Դրական է, որ ՀՅԴ-ն կ՛ընկալուի իբրեւ ազգային կուսակցութիւն, որովհետեւ մենք կը խօսինք հայ-թրքական յարաբերութիւններուն, Հայ դատի եւ Ղարաբաղի մասին, ոչ ոք կը կասկածի մեր անկեղծութեան, չի ալ վիճիր, որովհետեւ գիտէ, որ մենք ճիշդ ենք, եւ անոր վառ օրինակը հայ-թրքական արձանագրութիւններն էին: Բայց իբրեւ ընկերվարական, ժողովրդավարական կուսակցութիւն Դաշնակցութիւնը այդ ընկալումը չունի հասարակութեան մէջ: Հիմա Դաշնակցութիւնը կ՛ուզէ ընտրութիւններուն մասնակցիլ իր ամբողջ գաղափարական ուժով, թէ՛ ազգային խնդիրներով, թէ՛ ընկերվարական գաղափարախօսութեամբ` ընկերային արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան իր ընկալումներով», շեշտեց Սպարտակ Սէյրանեան:

Ինչ կը վերաբերի յառաջիկայ ընտրութիւններուն արտակա՞րգ, թէ՞ հերթական ըլլալուն, ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչը նշեց. «Մենք կ՛ըսենք, որ կը պատրաստուինք յառաջիկայ ընտրութիւններուն. այդ յառաջիկան ըլլայ հերթական, թէ արտակարգ` էական չէ»:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք ասիկա կը նշանակէ՞, որ Դաշնակցութեան «ամբողջական իշխանափոխութեան պատրաստուելու» մասին յայտարարութիւնը տարրալուծուեցա՞ւ յառաջիկայ ընտրութիւններու նախապատրաստական հոլովոյթին մէջ, Ս. Սէյրանեան հարց տուաւ. «Իշխանափոխութիւնը ինչպէ՞ս կը կատարուի. ընտրութիւններու միջոցով»: «Բոլոր անոնք, որոնք կ՛ըսէին, թէ Դաշնակցութիւնը կեղծ ընդդիմութիւն է, արտակարգ ընտրութիւններ չի պահանջեր եւ այլն, ես կ՛ըսեմ, որ արտակարգ ընտրութիւններ պահանջողները հիմա ինչի՞ կը նախապատրաստուին` արտակարգի՞, թէ՞ հերթականի: Իրենք կ՛ըսէին արտակարգ շատ լաւ իմանալով, որ արտակարգը ցանկութեամբ իսկ չ՛ըլլար: Իշխանութիւնն ալ ուզէ արտակարգ կատարել` այս երկրին մէջ սահմանադրութիւն կայ, որ որոշակի ընթացակարգ կ՛ենթադրէ: Իրարու հետ երկխօսելով  երկրին օրէնքները չե՞ն շրջանցեր: Այդ պահանջով այդ մարդիկ իրենց համախոհները կը խաբեն, մենք մեր համախոհները պիտի չխաբենք», յայտնեց ՀՅ Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամը:

 

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement