ՀԻՒՍԷՅՆ ՀԻՒՍԷՅՆԻ – ԹՈՒՖԻՔ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
By adminx - Thu Oct 20, 6:37 am
- 0 Comments
- 1 view
- Tweet
Email
Print
Խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի երէկ իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Թուֆիքը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւններն ու շրջանային զարգացումները:
Հանդիպումէն ետք Թուֆիք շեշտեց, որ Հիւսէյնիի հետ հանդիպումը շինիչ էր` աւելցնելով, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են նաեւ լիբանանեան-եգիպտական յարաբերութիւններն ու զանոնք բարելաւելու հեռանկարները:
Թուֆիք նկատել տուաւ, որ անհրաժեշտ է արաբ ժողովուրդներուն միջեւ ազգային միասնականութիւնը պահպանել եւ մնայուն կերպով գործակցիլ` ամրապնդել կարենալու համար երկկողմանի յարաբերութիւնները:
- 0 Comments
- 1 view
- Tweet
Email
Print



