ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԶՕՐԱՎԻԳ ԿԸ ԿԱՆԳՆԻ ՊԱՂԵՍՏԻՆԵՒԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐՍԿՍԵԼՈՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՂ ՈՐԵՒԷ ՔԱՅԼԻ
By adminx - Thu Oct 20, 6:20 am
- 0 Comments
- 4 views
- Tweet
Email
Print
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր յայտնեց, որ «Միացեալ Նահանգներ իսրայէլացի զինուոր Կիլատ Շալիթի հետ փոխանակելու նպատակով ազատ արձակման համար նկատի առնուած պաղեստինցի կարգ մը ձերբակալեալներու շուրջ իրենց մտահոգութիւնը Իսրայէլին փոխանցեցին»:
Թոնըր յայտնեց, որ «կ՛ուզեմ ըսել, որ մենք ազատ արձակուած անհատներու անուններէն տեղեակ պահուեցանք եւ մեր կեցուածքը փոխանցեցինք, երբ անդրադարձանք, որ փոխանակման համաձայնութեան մէջ կարգ մը անհատներ ներառուած են: Ինչպէս նախապէս ըսի, որեւէ բանակցութեան մասնակից չէինք, սակայն մեր կեցուածքը իսրայէլեան կառավարութեան փոխանցեցինք»` աւելցնելով, որ «ամերիկեան վերապահութիւնները գերիներու ազատ արձակման գործողութեան վրայ որեւէ ազդեցութիւն չունեցան»: Ան շեշտեց, որ Համասի հետ գերիներու փոխանակման համաձայնութիւնը «իսրայէլեան կառավարութեան գերիշխանական որոշում մըն է»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը վերստին ներկայացուց խաղաղութեան հոլովոյթին վերաբերեալ Ուաշինկթընի կեցուածքը` աւելցնելով, որ «ինչ կը վերաբերի յառաջընթացին, մենք կ՛ուզենք խաղաղութեան բանակցութեանց մէջ յառաջընթաց տեսնել, ինչպէս նաեւ` պաղեստինեան ու իսրայէլեան կողմերուն ուղղակի բանակցութեանց վերադարձը, եւ ասոր վրայ շարունակ կը կեդրոնանանք»:
Սպիտակ տան բանբեր Ճէյ Քառնի գոհունակութիւն յայտնեց իսրայէլացի զինուորին ազատ արձակման համար եւ վստահեցուց, որ Ուաշինկթըն կը զօրակցի «որեւէ միջոցառումի, որ Իսրայէլի եւ պաղեստինցիներուն միջեւ բանակցութեան վերսկսման կ՛օժանդակէ»:
- 0 Comments
- 4 views
- Tweet
Email
Print



