50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (20 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 1961)
By adminx - Thu Oct 20, 5:20 am
- 0 Comments
- 6 views
- Tweet
Email
Print
ՀԱՅԱՍՏԱՆ
ԻՆՔՆՈՒՍ ՆԿԱՐԻՉԸ` ԱԹՈՅԵԱՆ
Յարութիւն Աթոյեան մասնագիտութեամբ բնագէտ էր եւ երկար տարիներ կը դասաւանդէր Երեւանի համալսարանին մէջ, ուր վարիչն ու սիրուած դասախօսն էր ռատիօելեկտրոնիկի եւ տատանումներու ամպիոնին:
Ազատ ժամերուն կը զբաղէր նկարչութեամբ: Մանուկ հասակէն սիրելով նկարչութիւնը եւ երեւան բերելով ընդունակութիւններ` Յ. Աթոյեան (1907-1859) մինչեւ իր կեանքին վերջը սիրով կը նկարէր պատկերներ, որոնցմէ մօտ յիսուն գործեր ներկայացուեցան իր մահէն ետք:
Յ. Աթոյեանի գործերը կը պատկերացնեն հայրենի բնութեան տեսարաններ, մեծ մասամբ` Սեւանայ լիճը, Լոռին, Ստեփանաւանը, Փամբակի եւ այլ տեղերու կանաչաւէտ սարերը, քարքարոտ ճամբաները: խոր ձորերը, դաշտերը, Արագած լեռը, Երեւանը եւ, վերջապէս, Սեւ ծովը, որոնք իրենց ինքնատպութեամբ եւ գունագեղութեամբ կը գրաւեն դիտողին ուշադրութիւնը:
Ինքնուս նկարիչը կը սիրէ ընդգծել բնութեան առարկաները` ծառ, քար եւ այլն, իրենց բնական գիծերով, տեսակ մը բարեխիղճ վերարտադրութիւն, անշուշտ ասոնց մէջ դնելով վեհութիւն եւ հանդիսաւորութիւն, որոնք աւելի բովանդակալից եւ ներգործօն կը դարձնեն իր նկարները: Այդպիսիներէն են, օրինակ, «Լոռու ձորում», «Սեւան» նկարները: Շատ քնքուշ, մեղմ եւ վիպապաշտական շունչով նկարուած է «Հրազդանի ափին» իւղանկարը, որ կարգ մը ուրիշ նկարներու հետ քանի մը անգամ ներկայացուած է ցուցահանդէսներու մէջ:
Յ. Աթոյեան նկարած է նաեւ նաթիւր-մորթներ, որոնք աչքի կը զարնեն իրենց նմանութեամբ եւ արտայայտուելու կարողութեամբ: Նկարիչ Աթոյեան նկարած է նաեւ կենցաղային նիւթերով նկարներ, «Աղջկատես», «Հարսանիք», «Կոխ», որոնք կը պատկերացնեն շիրակցիներու կենցաղը եւ սովորութիւնները:
Իր այդ գործերուն մէջ, եւ յատկապէս բնանկարներուն մէջ, ի յայտ կը բերէ նկարիչի անհատականութիւն, իւրայատուկ «ոճ»:
Աւելի քան երեսուն տարուան մանկավարժական եւ դասախօսական գործունէութեան ընթացքին հասցուցած է բնագէտներու, թուաբանագէտներու եւ ճարտարագէտներու կարեւոր հոյլ մը, որոնք այժմ հանրօգուտ գործերու լծուած են զանազան ասպարէզներու մէջ:
Յարութիւն Աթոյեան միաժամանակ գտած է աւելի քան 18 գիտական յօդուածներ` բնագիտութեան եւ ելեկտրոնիքի զանազան խնդիրներուն վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ գրած է գիրքեր, որոնցմէ առանձնապէս հետաքրքրական են «Արտաքին գործօնների ազդեցութեան տակ որոշակի էֆեկթների մասին, որոնք առաջանում են ուժեղ ելեկտրոլիտներում» եւ «Մի քանի սենթետիկ կիսահաղորդիչների ստացման եւ հետազօտման եղանակների մասին» ուսումնասիրութիւնները: Կարդացած է զեկուցումներ գիտական խորհրդաժողովներու կամ նիստերու մէջ, որոնցմէ ամէնէն ուշագրաւը համադրական (սենթեթիկ) կիսահաղորդիչներու ուսումնասիրութեան բնագաւառին մէջ իր կատարած հետազօտութեան արդիւնքներու մասին կարդացածն է` Մոսկուայի միջազգային առաջին գիտական խորհրդաժողովին մէջ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ
ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԸ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ
ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ ՍՈՒՐԷՆ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ
ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻ ԱՆԴԱՄ
Լիբանանի սկաուտական շարժումի վերին մարմինի ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ անցեալ 5 հոկտեմբեր 1961-ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ, հովանաւորութեամբ կրթական նախարարութեան ներկայացուցիչին եւ, յետ երկարատեւ քննութեանց, կառավարութեան կողմէ վաւերացուած 15 միութեանց պատգամաւորներուն:
ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շարժումը միակ հայ կազմակերպութիւնն է, որ մաս կը կազմէ սկաուտական այս մեծ եղբայրակցութեան, մասնակցութիւն մը, որ ապահովելու համար ՀՄԸՄ-ի սկաուտական խումբերը, Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Այնճարի, Զահլէի եւ Թրիփոլիի մէջ, անհրաժեշտ աշխատանքը եւ ծրագիր կանոնագրի պայմանները կէտ առ կէտ գործադրեցին:
Յոյս ունինք, որ նորընտիր Ֆետերասիոնի հսկողութեամբ սկաուտութիւնը իր կոչումին համապատասխան բարձրութեան մը կը հասնի եւ տարիներէ ի վեր շարունակուող անկազմակերպ վիճակը տեղ կու տայ տիպար սկաուտական խումբերու գործունէութեան:
Ստորեւ կու տանք Ֆետերասիոնի կազմը.
Հիքմեթ Նասիֆ` նախագահ, տոքթ. Ֆարիտ Քարամ` փոխնախագահ, Ապտել Վահապ Ռիֆայի` միջազգային կեդրոնի ներկայացուցիչ, Հիւսէյն Մագգի` ատենադպիր, Անթուան Խուրի` գանձապահ, Ֆատել Մուգատտեմ` հաշուապահ, Ժորժ Խայրալլա` գոյքապահ, Ժոզեֆ Պուսթանի, Հասան Խալիլ, Ահմետ Ֆայետ եւ Սուրէն Մուրատեան խորհրդականներ:
- 0 Comments
- 6 views
- Tweet
Email
Print



