Զրոյցը վարեց` ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
Ինքնութեան սահմանում(ներ)ը 21-ր դարուն, մանաւանդ աշխարհասփիւռ հայերուս համար, բարդ ձեռնարկութիւն մըն է` ըլլայ գիտական թէ գրական ոլորտներուն մէջ: Լիբանանահայ հեղինակ եւ բեմադրիչ Վաչէ Պուլղուրճեան կը յանդգնի ինքնութեան որոնման հարցը բարձրացնել գեղարուեստական մակարդակի` իր մրցանակակիր «Ռապիհ» ժապաւէնին միջոցով:
Մայիս 2016-ին, տիրանալէ ետք Քաննի «Քննադատներու շաբթուան» փառատօնի «Հանդիսատեսներու ընտրութեան» մրցանակին, «Ռապիհ» կը սկսի իր ճամբորդութեան` այս ամիս հասնելու համար իր ծննդավայր Լիբանանը:
Այս եւ ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի հիմնադրութեան 30-ամեակին նուիրուած ցուցադրութեան առիթով «Ազդակ» զրուցեց «Ռապիհ»-ի հեղինակ ու բեմադրիչ Վաչէ Պուլղուրճեանին հետ:
«Ռապիհ»-ի ինքնութեան որոնումը բոլորիս ինքնութեան որոնումն է
«Նիւթը ծնունդ առաւ տարբեր հարցադրումներու իբրեւ հետեւանք: Կ’ուզէի գիտնալ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ինքնութիւն հասկացողութիւնը անձի մը համար, որ իր անկարողութեան պատճառով, այս պարագային հերոսին կոյր ըլլալուն, իր ինքնութիւնը հիմնած է ուրիշներու վկայութիւններուն կամ պատմութիւններուն վրայ:
Ամփոփելու համար շարժապատկերին պատումը, ըսեմ, որ «Ռապիհ» ժապաւէնին մէջ ոճիր մը տեղի ունեցած է եւ մինչեւ օրս չէ լուծուած: Թէեւ ոչ ոք գիտէ ոճիրին դրդապատճառներն ու էութիւնը, բայց փաստօրէն մարդոց կեանքերուն մէջ դժբախտութիւններ յառաջացուցած է այդ մէկը: Հոս ժապաւէնին հերոս` կոյր Ռապիհը, այս ոճիրն ու այլ մանրամասնութիւններ կը սկսի յայտնաբերել, երբ անցագիր ստանալու համար դիմում կը ներկայացնէ, սակայն երեւան կու գայ, որ իր ինքնութեան փաստաթուղթերը անկանոն են: Ասկէ մեկնելով, առաջին անգամն ըլլալով Ռապիհ իր անցեալին մասին կը գիտնայ եւ առաջին անգամն ըլլալով դուրս կ՛ելլէ իր ընտանիքէն, գիւղէն եւ իրականութեան փնտռտուքի կը լծուի: Իր ճամբորդութեան ընթացքին Ռապիհ կը յայտնաբերէ նաեւ երկրին իրականութիւնը, որ հիմնուած է լիբանանեան պատերազմին վրայ: Այս պատերազմն ալ մինչեւ այսօր պղտոր է Լիբանանի պատմութեան համար, այսինքն, թէեւ անիկա Լիբանանի մօտիկ պատմութեան մէջ ամէնէն կարեւոր իրադարձութիւններէն մէկն է, որուն հետեւանքները մինչեւ այսօր կը կրէ ժողովուրդը թէ՛ տնտեսական, թէ՛ հոգեկան, եւ թէ ֆիզիքական մակարդակի վրայ, բայց տակաւին չէ հասած եզրայանգումի եւ ոչ ալ կարելի է սերտելու դէպքերը: Այս պատմութիւնը, այսինքն Ռապիհի ինքնութեան որոնումը, խորքին մէջ ամբողջ ժողովուրդի մը որոնումն է եւ շարժապատկերին ընթացքին կամաց-կամաց մէջտեղ կու գան այդ բոլորը, երբ Ռապիհ զանազան պատմութիւններ կը լսէ այս առնչութեամբ:
«Կեանքիս առաջին 15 տարիները միշտ ալ պատերազմի մէջ անցուցած եմ: Նոյնիսկ, երբ Լիբանանէն մեկնած ենք, թափառական կեանք մը ապրած ենք` մէկ երկրէն միւսը ճամբորդելով: Ամբողջ կեանքիս ընթացքին ուզած եմ հասկնալ, թէ ի՛նչ է այս պատերազմը եւ ի՛նչ դժբախտութիւններ յառաջացուցած է մեր կեանքերուն մէջ: Ուզած եմ գիտնալ, թէ ի՛նչ եղաւ, եւ ինչո՛ւ եղաւ այս պատերազմը, որովհետեւ այն ատեն ոչ մէկ բան յստակ էր – հիմա ալ յստակ չէ: Յետոյ անդրադարձայ, որ շատ մը լիբանանցիներու վիճակը նոյնն էր, եւ պատերազէն բխած բարդոյթները, հոգեվիճակները ամբողջ երկրին վրայ ազդած էին»:
Ռապիհին ֆիզիքական կուրութիւնը` ընդդէմ մտային
կամ հոգեւոր տեսողական կարողութեան
«Ժապաւէնի հերոսին կոյր ըլլալը յատկանշական էր քանի մը պատճառներով: Նախ` պատմութեան ընթացքին համար, քանի որ իր ինքնութեան փաստաթուղթը չտեսնելուն պատճառով էր, որ Ռապիհ չէր գիտեր ատոր անկանոն ըլլալը, նաեւ այն պատճառով, որ` կոյր ըլլալով, Ռապիհ աւելի շատ կախեալ է իր ընտանիքէն, մօրմէն եւ իր լսածներն ու իր ամբողջ ինքնութիւնը հիմնած է անոնց մատուցած ճշմարտութիւններուն վրայ: Անկիւնադարձային դէպքէն ետք Ռապիհ ձեւով մը կը դադրի այս բոլորէն կախեալ ըլլալէ եւ կը բռնէ ինքզինք եւ իր պատմութիւնները յայտնաբերելու ուղին:
«Եթէ ժապաւէնին սկիզբը անոր նպատակը անցագիր ունենալն ու Եւրոպա ճամբորդելն էր, անկէ ետք հերոսին նպատակը կը դառնայ իր ինքնութիւնը գտնել, իր երկիրը յայտնաբերել: Այսպիսով Ռապիհին ճամբորդութիւնը դէպի իր ներքին աշխարհը ուղղուած կ’ըլլայ, որքան որ դէպի արտաքին աշխարհ:
«Հերոսին կոյր ըլլալը կարեւոր էր նաեւ այն պատճառով, որ, իր աչազրկութեամբ հանդերձ, ան միակն էր որ յստակութիւն կը փնտռէր: Երբ ժապաւէնը դիտենք կը հասկնանք, որ Ռապիհ ֆիզիքապէս չի կրնար տեսնել, մինչ շատեր մտովին կամ հոգեպէս չեն կրնար կամ չեն ուզեր տեսնել: Այլ խօսքով, պատերազմին աւերը բոլորին կեանքին մէջ ներթափանցած է տարբեր ձեւերով եւ փախուստ չկայ անկէ:
Պարաքաթ Ժապպուր` աննախընթաց տաղանդաւորը
«Այս ժապաւէնի առաջին սեւագրութիւնը աւարտեցի 2011-ի վերջաւորութեան, եւ 2012-ին արդէն մենք սկսանք կոյր հերոսը գտնելու աշխատանքին: Առաջին իսկ օրէն ինծի համար պարզ էր, որ միայն կոյր մը կրնար լաւապէս մարմնաւորել այս պատումը: Կոյրի դերով իսկական կոյրի մը հանդէս գալը երբեք չէ պատահած շարժապատկերի պատմութեան մէջ, գոնէ որքան որ ես տեղեակ եմ: Այս մէկը մեծ մարտահրաւէր մըն էր, քանի որ նախ ե՛ս պէտք էր սորվէի կուրութեան մասին եւ արժեւորէի ժապաւէնին մէջ կոյրի մը մասնակցութեան կարելիութիւնները: Աշխատանքին բերումով ծանօթացայ բազմաթիւ կոյրերու, որոնք, ի զարմանս ինծի, բոլորն ալ շարժապատկերը կը սիրէին եւ իրենց լսողութեան շնորհիւ կը հասկնային ժապաւէնը:
«Երբ Պարաքաթ Ժապպուրին ծանօթացայ, զմայլեցայ: Ան գերազանց երաժիշտ մըն է, որ 12 երաժշտական գործիք կը նուագէ, ինչպէս նաեւ տարբեր ոճի երգեր, երաժշտութիւն կը մեկնաբանէ: Անշուշտ ուրախացաւ, երբ զինք տեղեկացուցի այս ծրագիրին մասին, բայց վախ ունէր, ինչ որ բնական է, որովհետեւ Պարաքաթ Ժապպուր մասնագիտացած դերասան մը չէ: Անոր հետ աշխատեցայ եւ մարզեցի 2012-էն 2015: Այս երեք տարուան ընթացքին միասին աշխատեցանք, եւ ես աւելի ծանօթացայ իրեն, իր ընտանիքին եւ անշուշտ շատ բաներ սորվեցայ իրմէ:
Ոմանք հաւատք չունէին այս գործին նկատմամբ, քանի որ երկար ժամանակի եւ կանոնաւոր ու կարգապահ ճիգի կը կարօտի, բայց բազմատաղանդ Պարաքաթ Ժապպուր փաստեց, որ բարձր կարողութիւններով տէր անձ մըն է: Իսկապէս ափսոս պիտի ըլլար նման տաղանդ մը զրկել այս առիթէն:
«Երբ 2015-ին նկարահանումի պահը եկաւ, Պարաքաթ Ժապպուր ո՛չ միայն իր տողերը եւ դերը լաւ գիտէր, այլ բոլոր միւս դերասաններուն տողերը գիտէր, եւ երբ անոնք մոռնային, ի՛նք կը յիշեցնէր: Նման կարողութիւններով օժտուած հոյակապ անձ մըն է ան»:
«Ռապիհ»-ի քուլիսներուն ետին
«Գործը տարիներ տեւեց: Ինչպէս նշեցի, 2011-ին աւարտեցի առաջին սեւագրութիւնս եւ 2012-ին սկսայ դերասանները գտնելու, նկարիչ խումբը կազմելու, ինչպէս նաեւ ֆոնտեր ապահովելու աշխատանքին: Ըսեմ, որ շարժանկարչութիւնը ստանձնեց Ճիմի Լի Ֆիլընը, զոր կը ճանչնամ Նիւ Եորք համալսարանի տարիներէս, եւ միասնաբար շարժանկարչութեան ցանկը պատրաստեցինք:
«Բնականաբար 2012-ի Վաչէ Պուլղուրճեանը 2017-ի Վաչէ Պուլղուրճեանը չէ, աշխատանքն ու գործունէութեանս ցանկին մէջ աւելցած նախաձեռնութիւնները փոփոխութիւններ յառաջացուցած են: Բազմաթիւ ձեւեր կան շարժապատկերի ծրագիր մը իրականացնելու, բայց ամէնէն լաւ գործը կը կատարուի, երբ կը սկսիս նկարահանման աշխատանքին, այսինքն` գետնի վրայ: Որքան աշխատանքը երկարի, այդքան վերաքաղի կը կարօտի գործը, ուրեմն մինչեւ վերջին օր փոփոխութիւններ գոյութիւն ունին: Ամէն օր կը ծագի նոր ներշնչում մը, նոր գաղափար մը, զոր կրնաս ներառել աշխատանքիդ մէջ: Շատ լուրջ գործ մըն է ասիկա, եւ ես լրջօրէն կը մօտենամ աշխատանքիս, քանի որ պատասխանատուութիւն է: Անոնք, որոնք հետդ կը գործակցին եւ անոնք, որոնք ֆոնտեր կը տրամադրեն գործին իրականացման համար կը վստահին քեզի, եւ դուն ալ պատասխանատու ես անոնց եւ աշխատանքիդ առջեւ: Նաեւ պատասխանատու ես հանրութեան առջեւ, հանդիսատեսին առջեւ: Այսքան յոգնութիւն եւ զոհողութիւն դիւրութեամբ չի կատարուիր, եւ անոր համար կը նախընտրեմ ժամանակս առնել, բայց իմաստալից ու արժէքաւոր գործ մը մէջտեղ բերել»:
«Ռապիհի»-ի արտացոլացումը Վաչէ Պուլղուրճեանի կեանքին մէջ
«Եթէ անձը գործը կը գրէ եւ կը բնորոշէ, միւս կողմէն գրուած գործը զինք ալ փոփոխութեան կ’ենթարկէ: Փոխազդեցիկ է նման աշխատանք մը: Ես ամէն օր, մինչեւ հիմա ալ, այս ծրագիրին հետ կ՛ապրէի,- շարժանկարիչին հետ, դերասաններուն հետ, երաժիշտին հետ, նկարահանման վայրերը գտնելու աշխատանքով եւ ատոր համար ալ միշտ գրելու ընթացքի մէջ էի, անդադար գրելու, օր մը չանցաւ առանց այս ծրագիրին վերաբերեալ աշխատանքի մը:
«Այս շարժապատկերին պատրաստութեան ատեն նկատեցի, որ «Ռապիհ»ը եռածալի մը առաջին բաժինն է: Եռածալը (triptych) արուեստին մէջ այն գործն է, որ կազմուած կ’ըլլայ երեք պատկերներէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը առանձինն պատկեր մը կը ներկայացնէ, իսկ երեքը միասնաբար, իրենց ամբողջութեան մէջ, մէկ այլ պատկեր մը: «Ռապիհ»-ն ալ կը նկարագրէ Լիբանանի իրավիճակը, եւ նպատակ ունիմ ապագային երկու այլ ժապաւէններով իրագործել եռածալ մը, որուն իւրաքանչիւրը պատմութիւն ունի եւ միեւնոյն ժամանակ կը ներկայացնէ այսօրուան լիբանանեան իրավիճակը»:
«Ռապիհ»-ի երաժշտութիւն` հիմնական դերակատարներէն
«Ինչպէս ըսի, Պարաքաթ Ժապպուր երաժիշտ է, եւ շարժապատկերին առանցքը երաժշտութիւնն է: Ասոր համար արուեստագէտ, յօրինող Սինթիա Զաւէնը, որ ժապաւէնի երաժշտութեան ստեղծագործն է, աշխատեցաւ դասաւորելու երաժշտութիւնը Պարաքաթ Ժապպուրին հետ: Ժապաւէնին երաժշտութիւնը կը հիմնուի դասական արաբական երաժշտութեան վրայ, որ այս երկրին արմատներէն կու գայ եւ դարերէ ի վեր կը նուագուի: Պարաքէթ Ժապպուրն ալ մասնագէտն է այս երաժշտութեան, եւ հոյակապ համագործակցութիւն մըն էր, որ տեղի ունեցաւ, երբ ան շուտ կ’ըմբռնէր իրմէ պահանջուածը: Երաժշտութիւնն ալ հիմնական դերակատարներէն մէկն է այս ժապաւէնին, որովհետեւ Ռապիհ ինքզինք երաժշտութեամբ եւ երաժշտութեան մէջ կը գտնէ: Այսինքն անձնաթուղթը կամ անցագիրը պարզապէս վաւերագիրներ են, բայց իսկական ինքնութիւնը մարդուն մէջն է. Ռապիհին պարագային` իր երաժշտութեան մէջ:
«Նաեւ ըսեմ, որ այն երաժշտութիւնը, զոր կը լսենք ժապաւէնին մէջ, ըլլայ թարապ, ըլլայ մաուուալ, տեսակ-տեսակ մաքամներ եւ այլն, բոլորը իրենց պատմութիւնը ունին. անոնք անցեալին գերիներու երգեր էին եւ անոնց ապրումներուն կը վերաբերէին: Անշուշտ ժամանակի բերումով ատիկա մշակոյթին մաս կազմած է, եւ երաժիշտներ սկսած են տարբեր ձեւերով մեկնաբանել, բայց բառերը նոյնը պահելով: Այս երաժշտութիւնները ժապաւէնին մէջ կ՛արտացոլացնեն Ռապիհին ապրումները:Երաժշտութեամբ է, որ Ռապիհ կը հասկնայ իւրաքանչիւր երգի իմաստը, քանի որ այդ բոլորը իրեն ալ կ՛առնչուի: Այս ձեւով երաժշտութիւնը պատահական չէ ժապաւէնին մէջ, ինչպէս նաեւ ոչինչ պատահական է: Իւրաքանչիւր տող, իւրաքանչիւր ձայնանիշ (նոթա), իւրաքանչիւր քայլափոխ, հագուստ, շպար այնքան լաւ մտածուած, ծրագրուած ու գրուած են, որ լիովին դառնան թեմային շուրջ»:
Մասնագէտ եւ ոչ մասնագէտ դերասաններով կ՛իրականանայ «Ռապիհ»-ը
«Ռապիհ» ժապաւէնը ունի մասնագէտ եւ ոչ մասնագէտ դերասաններ: Նիւթին հերոսը` Պարաքաթ Ժապպուրը, ոչ մասնագէտ դերասան է, ինչպէս ըսի նախապէս: Աշխատանքով բացայայտուեցան իր դերասանական կարողութիւնները, եւ ան լիովին կատարեց իրմէ պահանջուածը: Ատկէ բացի, մենք ունինք Թուֆիք Պարաքաթը, որ Պարաքաթ Ժապպուրին իսկական մօրեղբայրն է եւ ժապաւէնին մէջ ալ կը խաղայ Ռապիհի մօրեղբօր դերը: Ան ալ ոչ մասնագէտ դերասան մըն է, որուն հետ աշխատեցանք:
«Մասնագէտ դերասան է Ռապիհի մօր դերը ստանձնած հռչակաւոր Ժուլիա Քասսարը, որ իր դերին համար Տուպայի փառատօնին արժանացաւ լաւագոյն դերասանի մրցանակին: Ատկէ բացի` Ժորժ Տիէպը, Ատիպօ Պաշան, Ռէմոն Սաատ Ազարը, Միշէլ Ատապաշին եւ այլ դերասաններ արհեստավարժ են:
«Ռապիհ» ի վերջոյ կը հասնի Լիբանան
«Ինծի համար կարեւոր էր, որ ժապաւէնը իր ծննդավայրին մէջ ներկայացուէր: Մինչ այդ, ճիշդ տարի մը առաջ առաջին անգամ Քաննի «Քննադատներու շաբթուան» փառատօնին ընթացքին ցուցադրուելով, տիրացաւ «Հանդիսատեսներու ընտրութեան» մրցանակին: Նշեմ, որ «Ռապիհ»-ը առաջին լիբանանեան ժապաւէնն է, որ այս փառատօնին մասնակցութեան կ’արժանանայ: Քաննի այս փառատօնին կը դիմեն շուրջ 1200 ժապաւէններ, որոնցմէ կ’ընտրուին միայն եօթն: Շատ երջանիկ զգացի, երբ «Ռապիհ» ընտրուեցաւ, աւելի՛ն` երբ տիրացաւ մրցանակին:Ատկէ բացի, «Ռապիհ» մասնակցած է աւելի քան 80 փառատօններու եւ մինչեւ հիմա կը ներկայանայ տարբեր փառատօններու: Ինծի համար մեծ հպարտութիւն է Լիբանան ցուցադուիլը եւ կը կարծեմ ամէնէն կարեւոր տեղն է, ուր պէտք է ցուցադրուի»:
Տարբեր հանդիսատես, տարբեր ընկալումներ
«Թէեւ աւելի քան 80 փառատօններու մասնակցած է ժապաւէնը, սակայն անձնապէս բոլոր փառատօններուն ներկայ չեմ կրցած ըլլալ, բայց ուր որ ներկայ եղած եմ եւ ցուցադրութենէ ետք հարցումներու առիթ ունեցած ենք հանդիսատեսին հետ, հետաքրքրական հարցադրումներ մէջտեղ եկած են` յատուկ այդ մշակոյթին: Տարբեր են հանդիսատեսներուն պահանջները, ոմանց համար կարեւոր էր պատմութեան ընթացքը, ուրիշներու` գեղարուեստական արժէքը, ոմանց երաժշտութիւնը եւ այլն: Երկու հանդիսատես նոյն ձեւով չի տեսներ արուեստի գործ մը, բնականաբար: Հետաքրքրականը այն է, որ գործը զանազան հետաքրքրութիւններ կը գոհացնէ:
«Յատկանշական էր Հնդկաստանի հանդիսատեսին տպաւորութիւնները: Անոնք աւելի շատ կեդրոնացած էին ժապաւէնին հոգեւորականութեան վրայ եւ Ռապիհին մէջ տեսան Սըտարթան, բան մը որ ուրիշ ոչ մէկ հանդիսատես տեսած էր: Սըտարթան ալ Ռապիհին նման ճիշդ նոյն տարիքին, 24-ին, կը մեկնի իր պալատէն` ճշմարտութեան փնտռտուքներով: Իմ միտքիս մէջ կային նման զուգահեռներ անշուշտ. ինչպէս ըսի, իւրաքանչիւր քայլ ուսումնասիրած եմ եւ ջանք թափած եմ, որ պատմութեան ընթացքը հեզասահ ընթանայ եւ ոչ բռնազբօսիկ:
«Ներշնչումներս կու գան իրական կեանքէն եւ այդպէս ալ պէտք է ըլլայ: Շատ անգամ պարզ խօսակցութիւն մը շատ խորք կրնայ ունենալ: Հեղինակի մը ամէնէն կարեւոր պարտականութիւնն ալ շուրջը դիտելն է, որպէսզի կարենայ իր գործին մէջ լաւագոյնս արտացոլացնել այդ իրականութիւնները:
Վաչէ Պուլղուրճեան` «Ռապիհ»-ին մէջ
«Չի կրնար արուեստագէտը փախուստ տալ իր ստեղծագործութենէն եւ սեպել, որ գործ մը ինքզինք չի ներկայացներ: Ըսել կ’ուզեմ, որ, երբ արուեստագէտը ստեղծագործէ, այդ մէկը անպայման իր հայելին կ’ըլլայ, իր ապրումները, իր բնաւորութիւնը, իր ըսելիքներն ու հարցադրումները կը ներկայացուին հոն: Նոյնպէս եթէ ես որոշ հետաքրքրութիւն չունենայի ինքնութեանս գծով, պիտի չկարենայի իրականացնել այս գործը: Այսինքն ամբողջ կեանքիս ընթացքին օտարներու բացատրած եմ, որ լիբանանցի եմ, բայց նաեւ հայ եմ, որ Ամերիկա կը բնակի. շատերուն համար այս մէկը շատ բարդ բան մըն է: Ռապիհն ալ նոյնպէս ինքնութիւնը կը փնտռէ: Բայց ինքնութեան որոնումը նոր բան մը չէ, Միջերկրական շրջանի մէջ միշտ ալ այս բանը գոյութիւն ունեցած է եւ Հոմերոսի «Ոդիսական»-ը ատիկա լաւագոյնս կը ներկայացնէ: Գաղափարը, որ մարդ կը թափառի իր ինքնութեան որոնման համար, հինէն կու գայ:
«Նպատակս այս շարժանկարին մէջէն մարդկային փորձառութիւն մը ցոյց տալն էր եւ ոչ միայն լիբանանեան նեղ շրջանակի փորձառութիւն»:
Լիբանանեան շարժապատկերը
«Լիբանանեան շարժապատկերի բնագաւառը եթէ անցեալին տարին քանի մը ժապաւէն կ’արտադրէր, այս տարի մինչեւ օրս արտադրած է 15 հատ: Ասիկա շատ մեծ նշանակութիւն ունի այն իմաստով, որ ցոյց կու տայ ֆիլմարուեստի զարգացումը: Իւրաքանչիւր հեղինակ, բեմադրիչ իր ըսելիքը ունի, եւ շարժապատկերն ալ իր զանազան ճաշակները ունի: Որքան շատ ժապաւէններ պատրաստուին, այնքան երեւան կու գայ Լիբանանի դիմագիծը, որ խճանկարային է: Հակառակ անոր որ շատ դժուար գործ մըն է Լիբանանի մէջ ժապաւէնը արտադրութիւնը` տրուած ըլլալով, որ արուեստը չունի կառավարական օժանդակութիւն կամ նեցուկ կամ «Հոլիվուտ»-ի նման մեծ ընկերութիւններ, ատով հանդերձ կը շարունակուի գործը: Ուրեմն շատ գնահատելի աշխատանք կը տարուի: Մէկ բան կ’ուզեմ ըսել այս գծով` հեղինակներուն եւ բեմադրիչներուն նպատակը իրականութիւնը ծաղրել չէ, ծաղրանկարներ պատրաստելու համար չէ ժապաւէնը, այլ հանրութեան հայելին ըլլալու համար է : Գոնէ իմ նպատակս եւ ինծի պէս այլ բեմադրիչներու նպատակը իմաստաւոր գործ մը մէջտեղ բերել է, որ կը յարգէ թէ՛ դերակատարները, թէ՛ պատմութիւնը, եւ թէ ալ հանդիսատեսը: Ես կը յարգեմ հանդիսատեսներս, որպէսզի կարենամ երկխօսութեան մէջ մտնել անոնց հետ: Իւրաքանչիւր հանդիսատես շարժապատկերի սրահ կը տանի իր անձնական երկխօսութիւնը, եւ ես ասոր առնչուած պարտաւորութիւն ունիմ` յարգելու եւ հարստացնելու զայն իմ խելացի եւ արժէքաւոր գործերովս»:
«Ռապիհ»-ի ցուցադրութիւնը` ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան»
ընկերաբժշկական կեդրոնին նուիրուած
«ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին հիմնադրութեան 30-ամեակին եւ ԼՕԽ-ի հանգանակութեան օրուան առթիւ «Ռապիհ» պիտի ներկայացուի «Պէյրութ սուքզ»-ի շարժապատկերի սրահին մէջ: Ասիկա շատ մեծ նշանակութիւն ունի ինծի համար, քանի որ թէ՛ մեծ մօրս, թէ ալ ծնողքիս համար, որոնք իրենց կեանքը նուիրած են ԼՕԽ-ին, այս միութիւնը յատուկ իմաստ ունի: Այս յատուկ ներկայացման, որուն ներկայ պիտի գտնուիմ ես, ամբողջ հասոյթը պիտի տրամադրուի ԼՕԽ-ի բարեսիրական աշխատանքներուն: Այլ միութիւններ ալ նման ցուցադրութիւններ ըրին, ինչ որ ինծի համար ուրախութիւն է:
«Այս բոլորը առիթ կը ստեղծեն մեր պատմութիւնները բաժնեկցելու իրարու հետ եւ յայտնաբերելու մեր հասարակ մարդկութիւնը, որ մեզի ուժ կու տայ յաղթահարելու մեր բոլոր դժուարութիւններն ու այլազանութիւնները: Այս դարուս շատ կարեւոր է ատիկա, եւ ես ալ «Ռապիհ»-ին միջոցով իմ համեստ ներդրումս կ’ունենամ այս մարդասիրական աշխատանքին մէջ»: