Friday May 24, 2013

Ի՞ՆՉ Կ՛ԸՍԵՆ ԱՍՏՂԵՐԸ

By adminx - Thu Oct 20, 5:15 am

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Տան մէջ փակուած մի՛ մնաք: Դուրս ելէք օդափոխութեան: Օրը յարմար է:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ընտանիքը ծանր կը կշռէ ձեր ուսերուն, բայց դուք ալ հանգիստի պէտք ունիք: Այս կէտը հասկցուցէք բոլորին:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեզի պիտի առաջարկուի լաւ պաշտօն մը: Շատ մի՛ մտածէք եւ ընդունեցէք:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Անօգուտ գնումներ մի՛ կատարէք, որպէսզի չվնասէք ձեր պիւտճէին:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Եռանդուն էք, ձեր եռանդը օգտագործեցէք արդիւնաւէտ աշխատանքի համար:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Եթէ խնդիրներ ծագին, պիտի կարենաք շուտով լուծումներ գտնել: Իմաստութեամբ աշխատեցէք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Հաւատարիմ էք ձեր բարեկամներուն: Անոնք պիտի գիտակցին ձեր հաւատարմութեան ու երախտապարտ պիտի ըլլան:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Աշխատանքի մէջ ամէն բան դանդաղ կ՛ընթանայ: Մի մտահոգուիք, անցողակի է:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ճամբորդելու ձեր ծրագիրը պիտի իրականանայ: Պատրաստուեցէք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Հաստատ կը մնաք ձեր դիրքին վրայ: Ասիկա որոշ առաւելութիւն է եւ օգտակար:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Համաձայնագիր մը ստորագրելու պատրաստ եղէք, բայց նոյն ատեն լաւ մտածեցէք:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Քիչ առ քիչ պիտի փոխէք ձեր յոռի բնաւորութիւնը: Այսպիսով աւելի լաւ յարաբերութիւն պիտի մշակէք ձեր շուրջիններուն հետ:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement