ԻՐ ՏՈՒԱԾ ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍԻՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ. «ԼԱՒ ԱՐԴԻՒՆՔԸ ԼԱՒ ԽԱՂԻ ՇՆՈՐՀԻՒ Է» ԸՍԱՒ ՎԱՐԴԱՆ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
By adminx - Wed Oct 19, 7:04 am
- 0 Comments
- 5 views
- Tweet
Email
Print
Երէկ` երեքշաբթի, 18 հոկտեմբերին, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի կեդրոնատեղիին մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին ամփոփելով Հայաստանի հաւաքականին ներկայացումները` Եւրօ-2012-ի զտումի մրցաշարքին, իր գոհունակութիւնը յայտնեց խումբին արձանագրած արդիւնքներուն համար:
«Գոհունակութեամբ կու գամ ըսելու, որ մեր լաւ արդիւնքները արձանագրեցինք մեր մարզիկներուն ցուցաբերած լաւ խաղարկութեան շնորհիւ: Փորձառու մարզիկներ Սարգիս Յովսէփեանի եւ Ռոման Պերեզովսքիի ներկայութեան, խումբին երիտասարդ մարզիկները հետզհետէ յաջողեցան տպաւորիչ արդիւնքներ ձեռք ձգել: Իսկ ինչ կը վերաբերի Այիրի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, ատոր մասին խօսիլը նոյնիսկ աւելորդ կը նկատուի: Մեր դիմաց ունինք 2014-ի Մոնտիալը, որուն համար մեր պատրաստութիւնները պիտի տեսնենք փետրուար 2012-էն սկսեալ: Փետրուարին պիտի կատարենք ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը, մայիսին` երկու, իսկ օգոստոսին` մէկ մրցում: Վերջապէս, վերջին բաժինով կու գամ շնորհակալութիւն յայտնելու ազգային խումբին մարզչական պատասխանատուներուն, ինչպէս նաեւ մարզիկներուն, որոնք իւրաքանչիւր մրցումի ընթացքին աւելիով կ՛ապացուցեն, որ մեծ նուիրումով կու գան հաւաքական եւ կու տան իրենց առաւելագոյնը», ըսաւ Մինասեան:
- 0 Comments
- 5 views
- Tweet
Email
Print




